Փայլան «Սանասարեան տան» հարցով դիմեց թուրքիոյ մշակոյթի նախարարին

Հակառակ 2018-ին ապահովուած դատական նպաստաւոր որոշումին՝ Պոլսոյ հայկական «Սանասարեան տան» («Սանասարեան խան») սեփականութեան իրաւունքը հայութեան վերդարձնելու գծով, 2019-ին Թուրքիոյ վճռաբեկ դատարանը որոշած էր շէնքը «նուիրել» Թուրքիոյ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան:

Ermenihaber.am-ը կը կը հաղորդէ, թէ վերջերս թրքական մամուլին մէջ շրջանառուող լուրերուն համաձայն՝ հայկական պատմական այդ կառոյցը շուտով պիտի շահագործուի իբրեւ 5 աստղանի պանդոկ: Կը նշուի, որ շէնքին վերականգնման համար յայտարարուած մրցոյթը շահած կազմակերպութիւնը շէնքը 35 տարիով օգտագործելու իրաւունք ստացած է։

Այս հարցին անդրադառնալով, Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանին միջոցաւ հարցումներ յղեց Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին, յստակացումներ պահանջելով։

Փայլան նշեց, որ «Սանասարեան տուն»ը վարձակալութեան յանձնելը կը վիրաւորէ հանրային խիղճը եւ կ’անտեսէ դատական գործընթացները:

 

Ստորեւ՝ Փայլանի հարցումները.

  1. Որովհետեւ տակաւին չէ աւարտած «Սանասարեան տան» կարգավիճակին վերաբերեալ դատական գործընթացը, ի՞նչ կարծիք ունիք զայն 35 տարիով վարձակալութեան յանձնելու որոշումին մասին:
  2. Կարիքաւոր հայ աշակերտներու ուսման համար կառուցուած եւ հայ համայնքին պատկանող գոյք մը պետութեան կողմէ վարձակալութեան յանձնելը չի՞ վիրաւորեր հանրութեան խիղճը:
  3. Կարեւոր մշակութային կառոյց հանդիսացող այս շէնքը ինչո՞ւ չի վերանորոգուիր պետութեան կողմէ:
  4. Արդեօք «Սանասարեան տուն»ը, իր կառուցման նպատակի տրամաբանութենէն ելլելով՝ պէտք չէ՞ վերադարձուի հայկական համայնքին:

 

Յիշեցնենք, որ «Սանասարեան տուն»ը կառուցուած է 1881-ին, կարինցի հայ վաճառական եւ բարերար Մկրտիչ Սանսարեանի կողմէ, նպատակ ունենալով Կարին գտնուող նոյնանուն դպրոցին համար եկամուտ ապահովել: Շէնքին կառավարման իրաւունքը յանձնուած է «Սանասարեան» հիմնարկին, իսկ հիմնարկին ղեկավարութիւնը՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին: Անգարա շէնքը բռնագրաւեց 1930-ականներու երկրորդ կիսուն եւ սկսաւ զայն օգտագործել իբրեւ ոստիկանութեան շէնք, իսկ այնուհետեւ հոն հաստատուեցաւ տնտեսական դատարանը: