ՀԱԼԷՊ.- Քեսապի մէջ «Գանձասար»ի աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ սուրիական բանակը, ազատագրելէ ետք Քեսապի մերձակայքի Զահի լեռնագագաթը՝ վերջերս ազատագրած է նաեւ Քեսապ-Լաթաքիա մայրուղիի բոլոր բլուրներն ու անտառները, որոնք կը գործածուէին ահաբեկիչներուն կողմէ՝ արձակազէններ տեղաւորելու կամ շրջանի բնակչութիւնը հրթիռակոծելու նպատակով։
Այսպիսով, բացուած է նաեւ Քեսապ-Լաթաքիա մայրուղին մինչեւ Քեսապի սահմանային անցքը։ Երեք տարի փակ մնալէ ետք, շաբաթավերջին կարգ մը հանրակառքեր, առաջին անգամ ըլլալով Լաթաքիայէն Քեսապ ուղղուելու համար գործածեցին այդ մայրուղին։
Սուրիական բանակը ներկայիս կը վերականգնէ մայրուղին՝ ականազերծելով եւ կպրապատելով զայն, մինչեւ պատշօնապէս ապահով տարածք յայտարարուիլը։ Արդարեւ, ականազերծումը ցարդ չէ ամբողջացած, իսկ մայրուղին տակաւին ապահով տարածք չէ յայտարարուած։ Քեսապի հայկական աղբիւրներու համաձայն՝ գիւղի բնակչութիւնը ներկայիս աւելի հանգիստ է, իսկ շրջանը զերծ է բուռն բախումներէ։