Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ լոյս տեսած է «Ուքրանիոյ Տարածքին Հայերու Տաճարային Ճարտարապետութիւնը» գիրքը:
Հետազօտող Մարիա Արսէնեանի մենագրութեան մէջ ուսումնասիրուած է աւելի քան 160 հայկական շինութիւն:
Հրատարակութիւնը կը բովանդակէ ուսումնասիրուած աղբիւրներու հսկայ քանակ (աւելի քան 450) եւ կ’ընդգրկէ 9-էն 19-րդ դարերու Ուքրանիոյ տարածքին հայկական եկեղեցիներու ճարտարապետութիւնը: Ան նաեւ կը բնութագրէ հայկական տաճարային ճարտարապետութեան առանձնայատկութիւնները, քանդակագործութիւնը, խորհրդանիշերն ու զարդանախշերը:
Հեղինակը կը պատմէ Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ շինութիւններու մասին, տեղեկատուութիւն կը տրամադրէ քարտէսներու, աղիւսակներու եւ լուսանկարներու մասին: Հայաստանի եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատմութիւնը գիրքին մէջ կարեւոր տեղ գտած է՝ ճարտարապետական առանձնայատկութիւններով:
Հասարակական գործիչ Ելենա Յովհաննիսեանի համաձայն, գիրքը մեծապէս կ’օժանդակէ ինչպէս Ուքրանիոյ հայկական Սփիւռքի հետազօտողներուն, այնպէս ալ` գործնական քայլերուն, օրինակ, ազգային-զբօսաշրջիկութեան ճամբաներու եւ նախագիծերու ստեղծման: