Երգիչ Գէորգ Դաւիթեան ծանօթ է որպէս օփերայի երգիչ եւ թէ որպէս ձայնամարզութեան ուսուցիչ. ան շատ ծանօթ անուն մը դարձած է հայ թէ թուրք արուեստի շրջանակներէ ներս, կարեւոր դերեր ստանձնելով պետական բեմերու վրայ եւ արձանագրելով մեծ յաջողութիւններ։ Գէորգ Դաւիթեանի արձանագրած այս յաջողութիւններուն գրաւականը դարձաւ այն մրցանակը, զոր ան ստացաւ վերջերս։ Այս մասին կը հաղորդէ «Մարմարա» օրաթերը։
Այսպէս, 19 Յունիսին, «Սեմիհա Պերկսոյ» օփերայի հիմնարկը կազմակերպեց մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին օփերայի երգիչ Գէորգ Դաւիթեանը պարգեւատրեց որպէս տարուան արական սեռի ամենալաւ արուեստագէտը։