Ֆրանսայի մէջ տապալած են թուրքերու հակահայկական նկրտումները

Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը մերժած է Հոլոքոսթի ժխտումը քրէականացնող օրէնքը հակասահմանադրական ճանչնալու հայցը: Տեղեկութիւնը «Արմենփրես»-­ի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած է Ֆրանսայի Ռոն­ալպի տարածաշրջանային պատգամաւոր Հիլտա Չոպոյեան: «Այդ օրէնքէն օգտուելով` թրքական կազմակերպութիւնները կը ցանկային Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը խնդրոյ առարկայ դարձնել Ֆրանսայի օրէնքով, ու ատիկա, փաստօրէն, չիրականացաւ»,- ըսած է­ Հիլտա Չոպոյեան:

Վերոնշեալ հայցի բաւարարման պարագային թրքական կազմակերպութիւնները կը ձգտէին հասնիլ 2001 թուականին Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի չեղեալ համարելուն:

Հարցին ի պատասխան, թէ արդեօք այս մերժումը որեւէ առումով ճանապարհ կը բանայ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ընդունելու համար`Հիլտա Չոպոյեան պատասխանած է. «Ոչ, քանի որ հրեաներու ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը հակասահմանադրական չճանչնալու պատճառաբանութեան մէջ յստակօրէն դրուած է այն իրողութիւնը, որ հրեաներու ցեղասպանութիւնը, ի տարբերութիւն Հայոց ցեղասպանութեան, միջազգային օրէնքի եւ ֆրանսական դատարանին կողմէ ճանչցուած է որպէս ցեղասպանութիւն: Այս տարբերութիւնն է, որ պէտք է յաղթահարել յաջորդող ամիսներուն: Իմ կարծիքով` շատ աւելի մանրակրկիտ գործունէութիւն կը պահանջէ սա: Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը պէտք է դրուի դատարանի առջեւ ու յաջորդուի այդ դատարանին կողմէ դատապարտումով»:

Անոր կարծիքով` հայկական կողմը կրնայ որոշակի պարագաներ գտնել ու ֆրանսական դատարաններուն մէջ յաջողութեան հասնիլ: «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացումը մերժուած է, որովհետեւ միջազգային դատարանին կողմէ ճանչցուած չէ, ցեղասպանութեան ուրացումը միայն նկատի կ’առնուի, եթէ միջազգային կամ ֆրանսական որեւէ դատարան զայն ցեղասպանութիւն որակէ»,- աւելցուցած է Հիլտա Չոպոյեան: