Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի Կիւլէնականներուն «Որս»-ը

Թուրքիոյ Քոնիա նահանգի հանրապետական դատախազութեան կողմէ կիւլէնականներու դէմ իրականացուող հետաքննութեան ծիրէն ներս՝ 70 զինուորականի վերաբերեալ կայացուած է ձերբակալման որոշում:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ իրաւապահները 34 նահանգի մէջ սկսած են համաժամանակեայ գործողութիւն:

Կը նշուի, որ իսլամ յայտնի քարոզիչ, ամերիկաբնակ միլիառատէր Ֆեթուլլահ Կիւլէնի հիմնադրած ու երկար տարիներ ղեկավարած կիւլէնական համայնքի անդամները բացայայտուած են նոյն կառոյցին հետ կապերուն համար նախապէս ձերբակալուած անձերու հարցաքննութիւններուն իբրեւ արդիւնք:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Կիւլէնը կը մեղադրեն 2016 Յուլիս 15-ին երկրին մէջ զինուորականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձը նախաձեռնելու մէջ: Թրքական իշխանութիւնները բազմաթիւ անգամ դիմած են ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան՝ կոչ ընելով Թուրքիոյ յանձնելու ԱՄՆ-ի Փենսիլուանիա նահանգին մէջ բնակող Կիւլէնը: ԱՄՆ-ի իշխանութիւններուն կողմէ այդ դիմումները չբաւարարելը թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ՝ վերջին ժամանակներուն՝ առկայ լարուածութեան պատճառներէն մէկն է: