Այսօրուան Թուրքիոյ Կեսարիա (Քայսերի) քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգուի: Ոգեկոչելով թրքական «Hürriyet» թերթը՝ Ermenihaber.am կը հաղորդէ, թէ Կեսարիոյ քաղաքապետարանը եկեղեցւոյ վերանորոգման համար պիտի յատկացնէ 3,5 միլիոն թրքական լիրա (մօտ 915 հազար տոլար): Կեսարիոյ քաղաքապետարանի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը յայտնած է, որ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան Կեսարիոյ շրջանի մշակութային յուշարձաններու պահպանութեան խորհուրդի արտօնութիւնը ստանալէ ետք, 2018-ի տարեսկիզբին պիտի աւարտեն եկեղեցւոյ վերականգման նախագիծը:
Այնուհետեւ պիտի սկսին վերանորոգման աշխատանքները, որ պիտի տեւէ 4,5 ամիս: Կը նախատեսուի վերակառուցել նաեւ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Կիւմուշեան դպրոցին շէնքը, զոր 1868 թուականին կառուցած են Դանիէլ եւ Յովհաննէս Կիւմուշեան եղբայրները: Կեդր. Անատոլիայի այս ամենահին եկեղեցին, որ կառուցուած է 1191 թուականին, հայերուն համար եղած է կարեւոր ուխտավայր:
Աղբիւրը նաեւ կ’անդրադառնայ հայերուն համար Կեսարիոյ նշանակութեան` յիշեցնելով, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը ծնած եւ մեծցած է հոն: Անոր առաջնորդութեամբ՝ հայոց թագաւոր Տրդատ 3-րդը 301 թուականին քրիստոնէութիւնը ընդունած է իբրեւ պետական կրօն, իսկ Սուրբ Գրիգորը ետ ուղարկած է Կեսարիա, ուր ան օծուած է Հայաստանի առաջին կաթողիկոս: