Հալէպը աղէտալի վիճակի մէջ

Հալէպի ապահովական վիճակը կը մնայ աղէտալի։ Կիրակի՝ 1 Մայիս 2016-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած են Սուլէյմանիէ շրջանը ։ Ըստ «Գանձասար»ի աղբիւրին, աւելի քան 15 հրթիռներ արձակուած են դէպի Սուլէյմանիէ, ուր շտապ օգնութեան ծառայողներ վիրաւորներ տեղափոխած են հիւանդանոց։

Հրթիռակոծուած են նաեւ Մոկամպօ, Խէլտիէ, Ազիզիէ, Սեյիտ Ալի, Ճապրիէ, Նոր Գիւղ, Թելէֆոն Հաուաի, Թըպ ալ Արապի շրջանները, հանրային պարտէզի շրջակայքն ու Նէյէլ պողոտան։

Արձանագրուած են բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ։

Հաւատադրժողական ահաբեկչութեան ծառայող բարբարոսներ թիրախ դարձուցած են խաղաղ բնակչութիւնը։

Աւարտին յիշենք, որ Կիրակի առաւօտեան տեղի ունեցած է օրեր առաջ Հալէպի հրթիռակոծման հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած եւ իր մահկանացուն կնքած Անի Աւագեանի յուղարկաւորութիւնը։