Երուսաղէմի մէջ Սուրբ Յարութեան տաճարը փակած է իր դռները հաւատացեալներու առջեւ` ի նշան բողոքի:
Երուսաղէմի միաբան Յովնան Պաղտասարեան ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է, որ Երուսաղէմի երեք իրաւատէր համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները ընթերցած են համատեղ յայտարարութիւնը:
Անոնք կը բողոքեն Երուսաղէմի քաղաքապետարանի, ինչպէս նաեւ Քնեսէթի որոշումներուն դէմ: Քաղաքապետարանը որոշած է, որ եկեղեցին պէտք է հարկեր վճարէ, որմէ տարիներ շարունակ ազատուած եղած են:
«Երուսաղէմի երեք իրաւատէր համայնքներու Հոգեւոր Պետերը, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքը, Յոյն Պատրիարքը եւ Ս. Երկրի Քուստոսը, ի նշան բողոքի փակեցին Ս. Յարութեան տաճարի դուռը եւ տաճարի մուտքի առջեւ ընթերցեցին երեքին կողմէ ստորագրուած յայտարարութիւնը:
«Անոնք կը բողոքեն Երուսաղէմի քաղաքապետարանի որոշումին դէմ, որով հրահանգուած է քրիստոնեայ համայնքներուն` հարկ վճարել քաղաքապետարանին, եկեղեցիներուն եւ վանքերուն համար, որմէ քրիստոնեայ համայնքները դարեր շարունակ ազատուած եղած են:
«Յայտարարութիւնը նաեւ կը բողոքէր Քնեսեթի մէջ առաջարկուած օրինագիծի մը դէմ, որով պետութեանը իրաւունք տրուած է բռնագրաւել եկեղեցապատկան այն կալուածները, որոնց վարձակալութիւնը կը տրուի անհատ ձեռներէցներու եւ չի վաւերացուիր Քնեսեթի կողմէ:
Տաճարը կը մնայ փակ մինչեւ Հոգեւոր Պետերը հանդէս գան նոր յայտարարութեամբ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: