Պոլսոյ հայկական եկեղեցւոյ մէջ Աթէշեանի դէմ բողոքած հաւատացեալը ձերբակալուած է

Պոլսոյ Ֆերիքէոյի հայկական եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ պատարագի ժամանակ, հաւատացեալներէն մէկը իր բողոքը յայտնած է Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի դէմ, որուն Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ՝ընդունին իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ: Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս»-ը:

Աթէշեանը, Բարեկենդանի պատարագը մատուցելու նպատակով, գացած է Ֆերիքէոյի եկեղեցի: Պատարագը սկսելէն ետք՝ հաւատացեալներու շարքին գտնուող սասունցի հայ մտաւորական Պեսսէ Քապաքը Աւետարանը ձեռքին ոտքի կանգնած եւ սկսած է բարձրաձայն «Տէր Ողորմեա» աղօթքը հնչեցնել:

Քապաքը դուրս դրուած է եկեղեցիէն: Ոստիկանները եկեղեցւոյ դրան մօտ զայն քիչ մը սպասեցնելէ ետք՝ նստեցուցած են իրենց մեքենան ու տարած ոստիկանական բաժանմունք:

Շուրջ մէկ ժամ այդտեղ պահելէ ետք՝ ան արձանագրութիւն ստորագրած է, որմէ ետք ազատ արձակուած:

Յիշեցնենք, որ Իսթանպուլի նահանգապետարանը, Փետրուար 5-ին, ուշացած պատասխանած էր պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ ամիսներ առաջ հայկական կողմին ուղարկած դիմումին` յայտնելով, որ չի ճանչնար Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքչեանը իբրեւ պատրիարքական տեղապահ: Իսթանպուլի փոխնահանգապետ Իսմայիլ Կիւլթեքինի կողմէ ստորագրուած նամակին մէջ նշուած է, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը դեռ ողջ է եւ հետեւաբար չկան անհրաժեշտ պայմաններ նոր պատրիարքի ընտրութեան համար: Նոյն յայտարարութեան մէջ կ՝ըսուէր, որ թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն ճանչնալ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը` իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ:

Այս յայտարարութենէն ետք՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Կրօնական ժողովը, Փետրուար 9-ին, որոշում կայացուցած է, որ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը պիտի շարունակէ պաշտօնավարել իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ: Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքչեանը, որ 2017 Մարտ 15-ին Հոգեւոր խորհուրդին կողմէ ընտրուած էր պատրիարքական տեղապահի պաշտօնին, հրաժարական ներկայացուցած է: