Սեւան Նշանեան. «Թուրքիոյ  մէջ 1914 թուականի իրավիճակն է, վերջն ալ 1918–ի պէս պիտի ըլլայ»

Պոլսահայ յայտնի լեզուաբան Սեւան Նշանեան Twitter–ի իր էջին մէջ Թուրքիոյ այսօրուան վիճակի մասին գրառում կատարած է. «Թուրքիոյ մէջ վիճակը 1914-ի իրավիճակն է, վերջն ալ 1918–ի պէս պիտի ըլլայ:  Յուսով եմ, որ այս անգամ հանդուրժողականութիւն չեն ցուցաբերեր»:

Նշենք, որ 1914–ը Առաջին համաշխարհային պատերազմը սկսելու տարին էր: Թուրքիան միացաւ պատերազմին: Իսկ 1918–ին պատերազմը աւարտեցաւ, Օսմանեան կայսրութիւնը անձնատուր եղաւ, եւ տարածքները բաժանուեցան յաղթող երկիրներու միջեւ: Սակայն յետագային, պոլշեւիկներու օգնութեամբ, Մուսթաֆայ Քեմալը կրցաւ փլատակներու տակէն ստեղծել Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը:

Սեւան Նշանեանի գրառումը այն մասին է, որ այս անգամ որեւէ պետութիւն հանդուրժողականութիւն պիտի չցուցաբերէ, եւ Թուրքիան այս տեքսով այլեւս պիտի չըլլայ: