Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի ղեկավարութիւնը Ներկայացուցիչներու տան գործընկերներուն կոչ ուղղած է` միանալու իրենց եւ ճնշում բանեցնելու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վրայ, որպէսզի վերջինս մերժէ թրքական կողմի ճնշումներն ու այս ապրիլի 24-ին յաւուր պատշաճի յիշատակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Նախագահ Թրամփին ուղղուած նամակին մէջ Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնէ, Ճեքի Սփայըր, Տէյվիտ Թրոթ եւ Տէյվիտ Վալատաօ, ինչպէս նաեւ փոխնախագահներ Կուս Պիլիրաքիս եւ Ատամ Շիֆ բացատրած են, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ մնալ կարեւոր յուշարար, որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները պէտք չէ մնան առանց ճանաչման եւ դատապարտման:
«Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալով` մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք վերապրածներուն հաստատակամութեան եւ վճռականութեան, ինչպէս նաեւ հայկական ծագում ունեցող այն ամերիկացիներուն, որոնք կը շարունակեն մինչեւ օրս հզօրացնել մեր երկիրը: Մեր պարտքն է ազնուօրէն ճանչնալ 1,5 միլիոն հայերու կոտորածները իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն», նշած են անոնք` յորդորելով ապրիլ 24-ը սահմանել իբրեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր: