Շնորհակալութիւն Միացեալ Նահանգներ։ Այո´, շնորհակալութիւն։
Այս էր խորհուրդը այն «ուխտագնացութեան», որ կազմակերպած էր Նիւ Ճըրզիի Ս. Թովմաս Եկեղեցին։ Երթալ ու խոնարհիլ այն գաղթական հայերու անուններու արձանագրութեան առաջ, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք անցան Նիւ Եորքի նշանաւոր առաջին գաղթավայրէն` Էլլիս Այլընտէն դէպի Նոր Աշխարհ։ Խարբերդցին, տիգրանակերտցին, վանեցին, մշեցին ու կիլիկեցին եկան գտնելու ջարդերէն ազատած իրենց հարազատներ ու հաստատուեցան Պոստոն, Նիւ Ճըրզի, Փրաւիտենս, Նիւ Եորք ու Ուստըր։
Անորոշ ապագայի մը հեռանկարով, սակայն տոկալու ու ամէն դժուարութիւն յաղթահարելու վճռակամութեամբ շինեցին իրենց նոր տունը ու կազմեցին իրենց հայկական բոյնը գոնէ Ատլանտեանի այս ափերուն վրայ։
Էլլիս Այլընտի այգիին պատերուն վրայ արձանագրուած են այս գաղթավայրէն անցած իւրաքանչիւրին անունն ու մականունը` հայ թէ օտար (իրլանտացի, իտալացի, գերմանացի …)։ Հո´ն են վարդանեաններն ու սահակեանները, գրիգորեանները, ու դեռ հո´ն են բենիամինն ու ազնիւը, գոհարն ու աղաւնին … այսպէս հազարաւոր հայու անուններ կը մնան արձանագրուած երկաթեայ այդ պատերուն վրայ անջնջելիօրէն։ Հո´ն Ազատութեան Արձանին դիմաց անոնք կը մնան մեր առաջին ամերիկահայերը, որոնք եկան այս երկիրը ու պատուով, ճակտի քրտինքով շահեցան իրենց օրապահիկը եւ պահեցին հայ ընտանիք։ Անոնք են որ այս երկրի ամէն հայ աւանի մէջ բարձրացուցին մեր հաւատքի տաճարները, որպէսզի իրենց հայ Աստուծոյ հետ անոնք խօսին հայերէն, անոնք են որ հրատարակեցին մեր հայ թերթերը, որպէսզի չմոռնան իրենց մայրենի լեզուն, թերթերը եղան անոնց հայ դպրոցը։ Ու շահած իրենց վաստակէն կրցան հասնիլ ամէն հանգանակութեան Միջին Արեւելքի հայ որբերուն ու նաեւ` Կիլիկիոյ ազատագրական պայքարին ու անկախացած Հայաստանին։
… Այսպէս ալ ծնունդ առաւ ամերիկահայ գաղութը, որ եղաւ օրհնութիւն մը Խորհրդային Հայաստանին, մեր Մայր Եկեղեցիին ու Սփիւռքի ազգապահպանման ճիգերուն։ Անոնցմէ ծնան մեր բարերարները, որոնք ամէնուրեք բարձրացուցին մեր կրթական օճախներն ու ազգային հաստատութիւնները։
Վերջապէս, Ցեղասպանութեան դարադարձի այս օրերուն, այս բոլոր գաղթական հայերուն համար կ’արժէր տալ յարգանքի մասնաւոր արտայայտութիւն մը։ Եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը 100 ծխականներով ու հայ դպրոցի ուսանողներով, Շաբաթ Ապրիլ 25ին խումբը առաջնորդեց դէպի Էլլիս Այլընտ, ուր դիմաւորուեցաւ այգիին հերթապահներէն` հայազգի Ճէյն Աբրահամեանին կողմէ, որ ինք եւս առաջին գաղթականներու ծնողքէ սերած երրորդ սերունդի հայուհի մըն է։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը Բաբգէն Ծ. Վրդ. Անուշեան իմաստալից ու հայրենասիրական խօսք ուղղեց՝ յայտնելով շնորհակալութիւն Միացեալ Նահանգներու պետութեան ու ժողովուրդին, ըսելով թէ հայը եւս իր արդար քրտինքը խառնած է այս մեծ երկրին յառաջդիմութեան ու կառուցման ծանր աշխատանքին մէջ։
Այնուհետեւ, ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհ դարձած ծխականներու հարազատներուն, կարդացուեցան անոնց անունները եւ ներկաները մէկական մանիշակագոյն ծաղիկ դրին պատին առաջ։ Յուզիչ էր տեսարանը … դեռ պիտի յիշենք զանոնք, անպայմանօրէն։
Ներկաները անցան արձանագրութիւններու պատերուն առջեւէն, հարազատներ գտնելու ցանկութեամբ։ Մանաւանդ պատանիներ արագօրէն ու յափշտակութեամբ կու տային հայու անուններ … Մանուկեան, Տիքիճեան, Նուրիկեան, Յովսէփեան, Գարակէօզեան, Չանգալեան, Հրաչ Երուանդ … ծանօթ ազգայիններ. հայոց մեծ անուններ։
Միայն շնորհակալ պէտք ենք ըլլալ կազմակերպիչներուն` Սերայտարեան ընտանիքին, որ այս իւրայատուկ, մնացեալ բոլոր տեղի ունեցող ձեռնարկներէն տարբեր, այս նախաձեռնութեան համար:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ