ԷՐԻՔ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ «ՆԵՄԵՍԻՍ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ» ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

ԹՄՄ Մհեր Մկրտչեան Թատերախումբի «Ոտքի´ Դատարանն է …» ներկայացումէն անմիջապէս ետք, Ապրիլ 22, 2015ին տեղի ունեցաւ ամերիկահայ գրող, դերասան, թատերագիր Էրիք Պօղոսեանի վերջերս լոյս ընծայած «Նեմեսիս Գործողութիւն» գիրքին շնորհանդէսը, Նիւ Եորքի ՀԲԸՄի գրասենեակին սրահին մէջ։ Հանդիսութեան կազմակերպումին իրենց օժանդակութիւնը բերած էին Հ.Բ.Ը.Միութիւնը, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, Նիւ Եորքի Համազգայինը, Առաջնորդարանի Գրիգոր եւ Գլարա Զօհրապ Տեղեկատուութեան Կեդրոնը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բարեգործականի պաշտօնակազմէն Շարիս Պօղոսեան, որ իր խօսքի աւարտէն ետք բեմ հրաւիրեց հեղինակը։ Ան իր դերասանական տաղանդով, համեմուած կերպով ներկայացուց իր գիրքը։ Շահան Նաթալիի նախաձեռնութեամբ, Ցեղասպանութենէն ետք, ափ մը հայրենասէր վրիժառու տղաք ձեռնարկեցին Իթթիհատական այդ բորենիներու վախճանը։ Հակառակ որ Պոլսոյ մէջ զինուորական ատեանը զանոնք դատապարտած էր որպէս մարդասպաններ, սակայն անոնք փախուստ տուած ու ապաստանած էին զանազան երկիրներ. անոնց կարգին էր Թալաաթ Փաշան, որ որպէս թուրք վաճառական՝ ծածուկ կերպով ապաստան գտած էր Պերլին, մայրաքաղաքը իր երբեմնի դաշնակիցին` գերմանացի Վիլհելմ կայսեր։
Այս գործողութիւնը, թէեւ հայերէն լեզուով անգամ, պէ´տք եղած մանրամասնութիւններով ու հարազատութեամբ չէ տրուած ամբողջութեամբ նման քաղաքական ազգային հարցերով հետաքրքրուող հայախօս ընթերցողներուն, սակայն Էրիք Պօղոսեան 375 էջերու մէջ գիտական ուսումնասիրութեան առարկայ դարձուցած է զայն։ Գիրքը հրատարակութիւնն է Նիւ Եորքի Little, Brown and Company հրատարակչատան։ Հեղինակը իր այս երկասիրութիւնը կը նուիրէ իր մեծ ծնողաց` Ռոզին, Լիւսիին, Գարեգինին եւ Մկրտիչին, որոնք ցեղասպանութենէն ճողոպրած հասած են Միացեալ Նահանգներ ու հաստատուած Պոստոն, ուր կը բնակի հեղինակը։
Պօղոսեան կրցած է նաեւ քաղաքական ժամանակաշրջանը նկարագրել ամփոփ գիծերու մէջ, ընթերցողին տալու դիւրութիւններ հասկնալու այդ բարդ իրավիճակը։Այնուհետեւ ծանրացած է Թեհլիրեանի դատավարութեան վրայ Թալաաթի սպանութեան խնդրով։Կայ նաեւ հատուածներ Միսաք Թորլաքեանի, Արշաւիր Շիրակեանի եւ այլոց մասին։
Տուած է աղբիւրներու բաժին մը, որ այս նիւթերով հետաքրքրուող այլ պատմաբաններուն համար պիտի ծառայէ որպէս կարեւոր սկզբնաղբիւր։
Էրիք Պօղոսեան քանիցս կը խոստովանի թէ Արամ Արքուն ունեցած է մեծ ներդրում այս գրքին խմբագրական աշխատանքին հետ կապուած։
Ներկայ էր նաեւ ՀՀ ՄԱԿ-ի մօտ մշտական ներկայացուցչութեան դեսպան Զօհրապ Մնացականեան, որ իր խօսքով կը կատարէ կարգ մը նկատողութիւններ եւ ճշդումներ կապուած հեղինակին խօսքերուն, որոնք աղերս ունէին Հայաստանի ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական կեանքին զարգացման հետ։Հարցեր, որոնք կապ չունէին երբե´ք այս հրատարակութեան հետ։
Ներկաները առիթ կ’ունենան հարցումներ ուղղելու։ Այնուհետեւ Պօղոսեան կը մակագրէ իր գիրքերը։