Նիւ Եորքահայութիւնը Ոտքի´ Դիմաւորեց Թէհլիրեանի Դատավարութիւնը …

Աննախընթաց թատերական ելոյթ մըն էր որ ներկայացուեցաւ Ապրիլ 12, 2015-ին, Ցեղասպանութեան Դարադարձին նուիրուած։  Շաբաթներ առաջ սրահին բոլոր տոմսերը վաճառուած էին եւ հանդիսատեսը անհամբեր կը սպասէր հայրենի թատերագիր Պերճ Զէյթունցեանի «Դատարանն է, Ոտքի´ …» ներկայացման։  Պռոտուէյի յայտնի «Սիմֆընի Ըսփէյս» թատերասրահը ժամադրավայրն էր պահանջատէր հայութեան։  Այս թատերախաղը պիտի գար մշակութային որակ մը աւելցնելու այս առթիւ տեղի ունեցող այլ յայտագիրներուն վրայ։
Թատերախաղը որքան ալ պատմութիւնն էր Պերլինի մէջ Մարտ 21, 1921ին Թալլաթի սպանութեան` նեմեսիս Սողոմոն Թէհլիրեանի կողմէ, է´ր նաեւ` Մեծ Եղեռնի տարիներու իրա´ւ պատմութիւնը մեր ողբերգութեան։  Հանդիսատեսին համար պատմութեան դաս մըն է վերջապէս, արթնցնելու համար, մանաւա´նդ երիտասարդութեան մօտ ազգային գիտակցութիւնը եւ պահանջատիրութեան ոգին։  Եւ ԹՄՄ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբը այս կրցաւ յաջողութեամբ կատարել, ու արդէն ինչպէս թատերական յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Վարդիվառեան իր խօսքին մէջ կը գրէ. «Միջազգային այս կարեւոր ոստանի սրտին վրայ մկրտչեանականներ կը շարունակեն թատրոնի առաքելութիւնը փոխանցելու նոր սերունդին թէ տակաւին կը մնան պահանջատէրը մեր իրաւունքներուն, մանաւա´նդ պատմական Հայաստանին։  Վերջապէս թատրոնը քաղաքական բեմ է»։
Այս առթիւ յատկապէս Փարիզէն հրաւիրուած էր տաղանդաւոր թատերական գործիչ Ժիրայր Բաբազեանը բեմադրելու այս դժուարին թատերախաղը։  Հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութիւններուն, Ժիրայր քանիցս եկաւ Նիւ Եորք ու անձամբ ղեկավարեց թատերախաղին հետ կապուած բոլոր աշխատանքները։  Թատերախումբին մնայուն անդամներուն վրայ եկան միանալ նորեր ամբողջացնելու համար երեսունի մօտ կազմը։  Բացի դերակատարներէն քսանի մօտ թեքնիք աշխատողներ մաս կազմեցին այս ներկայացման իրագործման։  Պէտք է նշենք նաեւ որ Բաբազեան Զէյթունցեանի այս թատերախաղը վերամշակելով աւելի մատչելի դարձուցած էր հանդիսատեսին համար, մանաւարդ` աւելցնելով տպաւորիչ խաղավերջ մը։
Թէհլիրեանի գլխաւոր դերով հանդէս եկաւ Յարութ Պարսումեան։  Ան յուզեց ներկաները եւ մանաւանդ ներկայացման աւարտին իր մենախօսութեամբ ներկայացուց հայու տառապանքը Տէր Զօրի անապատներէն մինչեւ մեր մտաւորականութեան նահատակութիւնը։  Սրահին մէջ չկար հանդիսատես մը որ այդ պահուն կարենար զսպել իր մարդկային թէ ազգային զգացումները. անոնք հաւաքաբար ողբացին մեր ողբերգութիւնը …։
Թալաաթի դերով Գառնիկ Ներսէսեան կրցաւ լաւագոյնս մարմնաւորել նկարագիրը այդ թիւ մէկ բորենիին, որ Իթթիհատական իր ընկերներուն հետ ծրագրած ու իրագործած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը։  Կրցաւ տալ ժամանակաշրջանի Բան Թուրանական թրքական մթնոլորտը եւ այդ ծրագրին մշակման համար առնուած բոլոր դաւադրութիւնները։
Պերլինի դատավարութեան ընթացքը եւ անոր ընդմէջէն օտար հայասէր դիւանագէտներու թէ մտաւորականներու վկայութիւնները կրնան ծառայել այսօր ալ Եւրոպայի այն քար լռութեան, որ տակաւին կը շարունակուի կարգ մը երկիրներէ ներս։  Անոնցմէ յիշել Հենրի Մորկընթաուը (Արմենակ Գրուշեան), Տոքթ. Մարթին Նիփակը (Րոյ Պահեան), Տոքթ. Եոհաննէս Լէփսիուսը ( Յ. Վարդիվառեան), Օթթօ Լայմըն ֆոն Սենտըրզը (Սարգիս Փիլավճեան։  Իսկ դատական ատեանի նախագահը (Յարութ Չաթմաճեան), դատախազը (Շմաւոն Ադամեան) ու պաշտպան փաստաբանները (Միսաք Պօղոսեան ու Ռաֆֆի Կիւլպէնկ) լաւագոյնս տուին դատական հարցաքննութեան ընթացքը դարձնելու համոզիչ։  Անոնք բեմական տարիներու իրենց փորձառութեամբ իրենք իրենց գերազանցեցին ։  Գեղեցիկ բեմական նկարագիրներ ստեղծեցին թատերախումբին զոյգ ամենատարէց անդամները` արմենականներու օրրան` Վան ծնած 90ամեայ Յովհաննէս Գարթալեանը` Նազիմ պէյի դերով եւ 80ամեայ Խաչիկ Սարըմինասեանը` հայ քահանայի դերով։
Իգական սեռէն «հոգիներ»ու հարուստ տեսարաններ անցեալը ներկային շաղկապեցին բեմական փայլուն յղացումներով` Արփի Չանքարը, Թալին Պահեանն ու Լինա Կիւրոյեան։  Իսկ Թալաաթի կնոջ դերը ստանձնած էր Թալին Գարակիւլլէեան, որ ինք եւս թատերախումբին փորձառու դերասանուհիներէն մին է։  Զոյգ դերերով` Տիկին Տիթմանի եւ Սողոմոնի մօր կերպարով ներկայացաւ Էլիզապէթ Աքեան, որ հակառակ Ամերիկա ծնած ըլլալուն փայլուն ներկայացուց իր կերպարները։  Կային նաեւ այլ դերակատարներ` Դալար Զոքեան, Ալան Մարթայեան, Սեւակ Մխիթարեան, Գայլ Թորոսեան եւ Կարօ Շամմամեան, թէեւ կարճ կամ անխօս դերերով բայց նոյնքան տպաւորիչ։
Լոյսերու, ձայնային ու լսատեսողական ձեւաւորման եւ կահաւորման համար բեմադրիչը ամէն ջանք թափած էր հասնելու կատարելագործման։  Ժամանակակից գործիքներու եւ գերարդիական համակարգիչներու բոլոր միջոցները, որոնք միջազգային բեմերու վրայ կ’իրագործուին, կիրառուած էին այս ներկայացման մէջ, թատերախաղը դարձնելով հաղորդական հանդիսատեսներուն համար։  Մինչ այդ, առաջին անգամ ըլլալով ամերիկահայ բեմին վրայ երեւցաւ ամբողջ խաղին անգլերէն թարգմանութիւնը, որ լուսարձակուեցաւ ամենայն բծախնդրութեամբ։
Յիշատակելի է աշխատանքը այս ներկայացման գործադիր վարիչին` Մարի Զօքեանին, լուսատեսողական ստեղծագործին` Գէորգ Մուրատին, փոխ բեմադրիչին` Յարութ Չաթմաճեանին, որ բեմադրիչին բացակայութեան հսկեց փորձերուն, երաժշտութեան ստեղծագործողին` Յարութ Պարսումեանին, բեմադրիչի օգնականին` Էլէն Մինասեանին,։  Զէյթունցեանի «Դատարանն է, ոտքի´ …» թատերախաղին արեւմտահայերէնի վերածումը հմտօրէն կատարեց Պայծիկ Գալայճեան, իսկ անգլերէն թարգմանութիւնը` Անահիտ Քիւրտեան։  Անպայմանօրէն պէտք է յիշատակել անունները Հրաչ Զօքեանի, Հայկ եւ Անուշ Կիւլեաններու, Հայկ եւ Սրբուհի Վարդիվառեաններու, առանց որոնց դժուար թէ կարելի ըլլար բեմական թեքնիք աշխատանքները իրագործել։ Անգնահատելի է Արմինէ Մինասեանի արհեստավարժ ներդրումը որպէս դիմայարդար։
Պէտք է գնահատել թատերախումբին վարչութեան ամբողջական կազմը, որ անվախօրէն նախաձեռնեց այս թատերախաղին ներկայացումը։  Այս ամբողջական գործին ընդհանուր պատասխանատուն էր Յակոբ Վարդիվառեան։
Պատրաստուած էր որակաւոր եւ պահուելու արժանի գրքոյկ մը, ուր լայն տեղ տրուած էր 1915-1922 տարիներու ազգային ողբերգութեան, նեմեսիսի գործողութեան եւ անոր առաջնորդին` Շահան Նաթալիին։  Գունատիպ, հարուստ տպագրութեամբ սքանչելի հրատարակութիւն մը։
Անկասկած, այս ներկայացմամբ, անգամ մը եւս Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը եկաւ ապացուցանելու թէ կը մնայ ամենայանդուգն, խիզախ եւ նախաձեռնող մշակութային միութիւնը Մեծագոյն Նիւ Եորքի մէջ, կազմակերպելով ամերիկեան արուեստի չափանիշերու հասնող մշակութային լուրջ ձեռնարկներ, մի´շտ ալ արժանանալով խստապահանջ նիւ եորքահայութեան համակրութեան ու գնահատանքին։
Հայաստանի Հանրապետութեան Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տիգրան Սարգսեան ու իր տիկինը մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն այս առթիւ մասնաւոր եկան ներկայ գտնուելու այս ներկայացման։  Ներկայ էին նաեւ ՀՀ ՄԱԿ-ի մօտ մշտական ներկայացուցչութեան դիւանագէտները, հոգեւոր դասը առաջնորդութեամբ` Եղիշէ Արք. Կիզիրեանի, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, ՌԱԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի տեղական մասնաճիւղերու վարչականներ, ինչպէս նաեւ` ազգային բարերարներ։  Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան թէեւ կը բացակայէր Վատիկան գտնուելով, սակայն յղած էր իր հայրական խօսքը։
Անկասկած այս ներկայացումը պիտի մնայ արձանագրուած նիւ եորքահայութեան այլապէս հարուստ տարեգրութեան մէջ որպէս եզակի թատերական ելոյթ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան դարադարձին։
… Ու նիւ եորքահայութիւնը ոտքի´ ողջունեց Թէհլիրեանի դատավարութիւնը, երկա~ր, շա´տ երկար ծափահարութիւններով։
Ապրի´ն Մկրտչեանականները, որոնք խոնարհեցան Թէհլիրեանի յիշատակին առջեւ եւ որոնք արթնցուցին պահանջատիրութեան ոգին հանդիսատեսին մօտ։

ԱՐՓԻԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ