Սպիտակի երկրաշարժի մասին պատմող ռուս բեմադրիչ Ալեքսանտր Քոթի «Սպիտակ» ֆիլմը, որ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած եւ ընդգրկուած է 2019-ի «Օսքար»-ի լաւագոյն օտար շարժապատկերներու թեկնածուներու նախնական ցանկին մէջ, պիտի ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, կը գրէ “Փանորամա”-ն։
«Թասս» լրատու գործակալութեան այս տեղեկութիւնը փոխանցած բեմադրիչը նշեց, թէ ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Ուաշինկթընի, Մայամիի, Լոս Անճելըսի եւ Նիւ Եորքի մէջ:
«Ինչ կը վերաբերի «Օսքար»ի թեկնածու հաւանականութեանց, կը կարծեմ, որ լաւ են, ինչպէս բոլոր ֆիլմերու պարագային, բայց այդքան ալ մեծ չեն: Մեր ֆիլմը չցուցադրուեցաւ Քանի եւ Պերլինի նման հեղինակաւոր փառատօններուն մէջ եւ այդ պատճառով յաղթանակի ակնկալիք չունիմ, բայց նոյն ժամանակ Հայաստանի կողմէ «Օսքար»-ի ներկայացնելը, մեծ քայլ է»,- ըսաւ ան:
«Օսքար»-ի թեկնածուները յայտնի պիտի դառնան 22 Յունուար 2019-ին, իսկ անոր 91-րդ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 24-ին:
Հայ-ռուսական համատեղ արտադրութիւն հանդիսացող «Սպիտակ» ֆիլմը 1988-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին մասին է: Անիկա պատրաստուած է երկրաշարժի 30րդ տարելիցին առիթով, Խրիմի եւ Հայաստանի մէջ:
Ֆիլմին հերոսը՝ Գոռը, հեռացած էր Հայաստանէն աւելի լաւ կեանքի փնտռելու: Երկրաշարժէն ետք, ան Մոսկուայէն կը վերադառնայ հայրենիք՝ գտնելու իր տունը եւ ընտանիքը, սակայն, արդէն ուշ էր եւ աղէտը ամէն ինչ ոչնչացուցած էր: Աղէտի վայրին մէջ Գոռ կը հանդիպի զանազան կերպարներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր անձնական ողբերգութիւնը ունի: Տեղացիները կը փորձեն գտնել իրենց սիրելիները՝ ողջ կամ մահացած, իսկ բժիշկները կը փորձեն օգնել փրկուածներուն, օր ու գիշեր աշխատելով, հակառակ դեղերու պակասին: Զինուորները եւ կամաւորները՝ վտանգելով իրենց կեանքը, կը մաքրեն փլատակները, իսկ Գոռ կը շարունակէ փնտռել կինը եւ զաւակը, որոնք տակաւին ողջ էին, բայց փլատակներու տակ:
Բեմագրութեան հեղինակը Մարինա Սոչինսքայան է, իսկ երաժշտութեանը՝ Սերժ Թանգեան: