Դոկտ. Մերի Փափազեան նշանակուած է Սան Հոզէի համալսարանի նախագահ

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հոգաբարձութիւնը Յունուար 27-ին համալսարանի Սան Հոզէի մասնաճիւղին նախագահ նշանակած է դոկտ. Մերի Ա. Փափազեանը, որ աւելի քան 25 տարիներու փորձառութիւն ունի կրթական եւ վարչական մարզերէն ներս։ Ան ներկայիս Հարաւային Քընեքթիքեթի նահանգային համալսարանի նախագահն է։

Դոկտ. Մերի Փափազեան այդ համալսարանին 29-րդ նախագահը պիտի ըլլայ եւ երրորդ կին նախագահը, մասնաճիւղին 159 տարիներու պատմութեան մէջ։

«Ինծի համար պատիւ մըն է այս նշանակումը համալսարանի մը կողմէ, որ արդէն իսկ կրթական նորարարութեանց եւ կատարելագործումի երկար պատմութիւն ունի», յայտարարած է Փափազեան։

«Փափազեան լայնածաւալ փորձառութիւն ունի ակադեմական եւ ղեկավարման մարզերէն ներս եւ ցոյց տուած է, որ համալսարանական, կազմակերպական եւ քաղաքական ղեկավարներու միջեւ սերտ կապեր ստեղծելու եւ այդ կապերը բարձրագոյն ուսման ի սպաս դնելու յատուկ ձիրք ունի։ Ան իր գործերով նաեւ ցոյց տուած է, թէ իր գլխաւոր նպատակն է ուսանողներուն տրամադրել կրթական լաւագոյն փորձառութիւն», յայտարարած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հոգաբարձութեան անդամ Ռեպեքա Իսըն։ Փափազեան 2012-ին ստանձնած էր 11,000 ուսանողներ եւ 210 միլիոն տոլարի ամավարկ ունեցող Հարաւային Քընեքթիքեթի նահանգային համալսարանի նախագահի պաշտօնը՝ յատկանշական իրագործումներ կատարելով եւ համալսարանական ուսումը կարելի դարձնելով աւելի մեծ թիւով ուսանողներու, միաժամանակ զգալիօրէն ընդարձակելով համալսարանի մասնագիտութիւնները եւ ծրագիրները։

Ան նախապէս եղած է Նիւ Եորքի համալսարանի «Լիհմըն» քոլեճի փոխնախագահ եւ պատասխանատու պաշտօններ վարած է ու դասախօսած շարք մը այլ համալսարաններու մէջ։

Մերի Փափազեան իր պսակաւոր արուեստից, մագիստրոսի եւ դոկտորայի վկայականները ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA)՝ մասնագիտանալով Անգլիական գրականութեան մէջ: Ան հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ եւ գիրքեր: Մերի զաւակն է Յակոբ եւ Մերիլին Արշակունիներուն, եւ կինը՝ Տենիս Փափազեանի: