Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տիթրոյթի մասնաճիւղի հերթական միջոցառումը տեղի ունեցաւ, Շաբաթ, 4 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանի գրադարանին մէջ:
Այս ձեռնարկը խորհրդանշական իմաստ ունէր Տիթրոյթի Թէքէեանականներուն համար: Անոնք նախաձեռներ էին ներկայացնելու իրենց երկարամեայ ղեկավար, մտաւորական եւ ազգային գործիչ Երուանդ Ազատեանի վերջին հրատարակութիւնը՝ «Ժամանակի եւ Ժամանակակիցներու Հետ» գիրքը:
Ընդհանրապէս Ազատեանն ինք կ’ըլլար ուրիշներուն գիրքերը վերլուծողը՝ գրական-գեղարուեստական, երաժշտական ու մշակութային ձեռնարկներու նախաձեռնողը: Տիթրոյթի գաղութը լաւ յիշողութիւններ ունի յատկապէս հանգուցեալ բարերար Ալեք Մանուկեանի օրերու Ազատեանի Հ.Բ.Ը.Մ.եան արդիւնաւէտ գործունէութենէն: Աւելին, անցեալի Սփիւռքահայ մտաւորականներ, ուսուցիչներ եւ ազգային գործիչներ, Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի նիւթական օժանդակութեամբ, որուն ատենապետութիւնը կը վարէր Ազատեան, հնարաւորութիւն կ’ունենային հրատարակելու իրենց աշխատութիւնները: Սակայն Ազատեանի այս կարգի վարչական թէ կուսակցական պարտականութիւնները, նաեւ խմբագրական ու քաղաքագիտական յօդուածները ինչքան ալ այժմէական էին եւ են, կը խլէին այն ժամանակը, որ ան պիտի տրամադրէր գրականագիտութեան: Իսկ Սփիւռքի մէջ երէկ եւ յատկապէս այսօր, մատներու վրայ կը հաշուըուին այմ մտաւորականները, որոնք տակաւին խիզախութիւնը ունին զբաղելու գրաքննադատութեամբ:
ԹՄՄ-ի Տիթրոյթի վարչութեան ատենապետուհի Տայանա Ալեքսանեանի բացման ու բարի գալուստի խօսքէն ետք հանդիսավար Սեպուհ Աւետիքեան ներկայացուց առաջին բանախօսը, գաղութիս սիրուած հոգեւորական, Կաթողիկէ հայ համայնքի հովիւ, գրականագէտ Հայր Անտոն Ադամեանը: Հայր Անտոն հայ գրականութեան մասնագէտ է: Ան քանիցս դասախօսած էր Տիթրոյթի թէ այլ գաղութներէն ներս ներկայացնելով ու վերլուծելով Պետրոս Դուրեանի, Դանիէլ Վարուժանի, Պարոյր Սեւակի եւ այլ գրողներու գործերը: Ան նաեւ այն քաջ հովիւներէն էր, որ 2001-2007 թուականներուն առաջնորդած էր Իրաքի Հայ Կաթողիկէ համայնքը:
Հայր Անտոն իրեն յատուկ ճարտասանութեամբ վերլուծեց Ազատեանի գրականագիտական անցած ուղին իր գրութիւններուն ընդմէջէն: Ան եւս ափսոսանք յայտնեց, որ Ազատեանի նման հմուտ գրաքննադատը, ազգային խիստ յագեցած գործունէութեան հետեւանքով հնարաւորութիւն չէ ունեցած աւելին արտադրելու:
Հայր Անտոն անդրադարձ կատարեց գիրքին մէջ տեղ գտած գրական թէ ազգային դէմքերուն, Ազատեանի անոնց հանդէպ ունեցած վերաբերմունքին, նաեւ՝ գնահատումին: Հայր Անտոն ինչպէս եւ սպասելի էր երկար անդրադարձաւ Վահան Թէքէեանի գործերու Ազատեանի խորաթափանց վերլուծումներուն: Անոնցմէ առաջինը «Վահան Թէքեեան. Ինչ որ տուաւ ուրիշին» խորագրով յօդուածը լոյս տեսած էր 1960-ին: Իսկ 2012-ին Երեւանի մէջ լոյս տեսած Թէքէեանի բանաստեղծութիւններու հրատարակութեան առիթով գրուած Ազատեանի ընդարձակ վերլուծականին մէջ կարծէք ան ընդհանուր յայտարարի կը բերէր տարիներու ընթացքին Թէքէեանի գործերուն նուիրուած իր դիտարկումները: Ազատեանի խօսքերով այդ «ազնուականբանաստեղծին եւ բանաստեղծութեան ազնուականին» Հայրենիքի մէջ ըստ արժանւոյն գնահատուած չըլլալը հանգիստ չէ տուած գրականագէտ Ազատեանին:
Հայր Անտոն անդրադարձաւ նաեւ գիրքին մէջ տողանցող ազգային կուսակցական գործիչներ՝ Գերսամ Ահարոնեանին, Հայկաշէն Ուզունեանին, Բարունակ Թովմասեանին եւ այլոց, որոնց բոլորին կրտսեր ժամանակակիցն ու գործակիցը եղած էր Ազատեան:
Օրուան երկրորդ բանախօսը, անգլերէն լեզուով, Միշիկընի Էնն Արպըր համալսարանի երակարամեայ դասախօս, բանասէր ու գրականագէտ փրօֆ. Գէորգ Պարտագճեանն էր:
Պարտագճեան անգամ մը եւս իր հմուտ վերլուծողի ու գրականագէտի յատկութիպւնները ի յայտ բերաւ անդրադարձ կատարելով Ազատեանի գրական նուրբ ճաշակին, անոր գրականագէտի հմտութեան եւ արուեստաբանի ունակութեան:
Կերպարուեստ, թատերգութիւն, համաշխարհային գրականութեան սեւեռումներ, այս բոլորը արտացոլուած են Ազատեանի գիրքին մէջ, որոնց մասին բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Պարտագճեան: Ազատեանին ծանօթ է թէ’ Պոլսահայ գրականութիւնը՝ Խրախունի, Զահրատ, թէ’ Սփիւռքահայ գրողները՝ Սիւրմէլեան, Կարիկ Պասմաճեան, Միքայէլ Կիւրճեան, Համաստեղ, Յակոբ Խաչիկեան, Վարուժան Պետիկեան, Զարեհ Մելքոնեան: Իսկ Ամերիկահայ գրողներու գործերուն Ազատեան ծանօթ է արդէն «ի պաշտօնէ» ապրելով Միացեալ Նահանգներ:
Պարտագճեան գնահատանքով անդրադարձաւ նաեւ գիրքին մէջ տեղ գտած նկարչութեան, երաժշտութեան ու թատրոնի մասին Ազատեանի յօդուածներուն, որոնք իրենց որակով բնաւ չէին զիջիր գրականագիտական իր վերլուծումներուն: Այս գիրքին մէջ ընդգրկուած էին Ազատեանի այդ բնոյթի միայն քանի մը յօդուածներ, ինչպէս գեղանկարիչներ Արշիլ Կորքի եւ Յակոբ Յակոբեան եւ երգահան Տիգրան Մանսուրեան: Պարտագճեան խոստովանեցաւ թէ կարելի չէր դասախօսութեան համար յատկացուած սահմանափակ ժամանակին մէջ ամբողջական ներկայացնել Ազատեանի հրապարակագրական թէ գրականագիտական աշխարհը: Ան Ազատեանին ներաշխարհն ու պրպտող միտքը առաւել հասկնալու համար խորհուրդ տուաւ ծայրէ ծայր կարդալ «Ժամանակի եւ ժամանակակիցներու Հետ» գիրքը:
Մանուկեան վարժարանի հայերէն լեզուի ուսուցիչներ Անահիտ եւ Տիգրան Թումանեաններ ընթերցումներ կատարեցին գիրքէն: Նաեւ ելոյթ ունեցաւ Միշիկըն հաստատուած հայրենի քանոնահար Նարինէ Ղամպարեան: Ապա փակման խօսքով հանդէս եկաւ գաղութիս Աւետարանական համայնքի երկարամեայ առաջնորդ, իր կարգին գիրքերու հեղինակ ու մտաւորական, Ազատեանի վաղեմի բարեկամ վերապատուելի Վահան Թութիկեան: Վերապատուելին հանրագիտարանային որակեց Ազատեանի գրականագիտական ու արուեստաբանական գիտելիքները: Ան մաղթեց որ Ազատեան կարողանայ աւելի ժամանակ տրամադրել գրականութեան, որովհետեւ Սփիւռքը ինչու չէ նաեւ Հայրենիքը կարիք ունին անաչառ գրաքննադատներու:
Փակման խօսքէն հետեւեցաւ աւանդական գինեձօնը, ուր գինիով «օծուեցաւ» Ազատեանի «Ժամանակի եւ Ժամանակակիցներու Հետ» յօդուածներու հաւաքածոն:
Երեկոն փակուեցաւ Երուանդ Ազատեանի շնորհակալական խօսքով ու հիւրասիրութեամբ:
Տիթրոյթ
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ