System of a Down ռոք-խումբի երգիչ, հասարակական գործիչ Սերժ Թանքեան Հայաստանին կոչ կ՛ընէ «հեռու մնալու» ամերիկեան Monsanto ընկերութենէն, որը բոյսերու biotechnology համաշխարհային առաջատար կը համարուի:
Թանքեան այսպէս արձագանգած է Երեւանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած Valmont եւ Monsanto ընկերութիւններու շնորհանդէսին: Ելոյթ ունենալով միջոցառման, ԱՊՀ-ի մէջ Monsanto-ի ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Զուեագինցեւը հաւաստիացուցած էր, որ ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ ծննդականօրէն փոխակերպուած (genetically modified) արտադրանք պիտի չզարգացնէ:
Իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ Թանքեան, մասնաւորապէս, նշած է.
«Monsanto-ն թունաւորած է մեր շրջակայ միջավայրը` մեծապէս նպաստելով մեղուներու ոչնչացման: Անոնց կողմէ մշակուած ծննդականօրէն փոխակերպուած մթերքները բնական սնունդի վերջը կը նախանշեն: Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ Monsanto-ն յայտնի է որպէս չարիքի ընկերութիւն` իր վարուելակերպին համար: Երբ ես Հայաստան կ՛այցելեմ եւ այնտեղ խնձոր կ՛ուտեմ, անիկա իրական է, խռթխռթան եւ համեղ, քանի որ կը հանդիսայ հազարաւոր տարիներու գիւղատնտեսական աշխատանքի արգասիք: Թող ամէն ինչ այդպէս ալ մնայ: Monsanto-ի «շնորհիւ» ես ԱՄՆ-ի մէջ նման խնձոր չեմ կրնար գտնել: Կը խնդրեմ տարածել այս գրառումս»: