Արդի ժամանակներու ախտանշանն է որ իւրաքանչիւր ծրագիր կամ առաքելութիւն որ պարտականութիւնն ունի պահպանելու հայկական ժառանգութիւնը հետզհետէ պիտի դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ ամէնէն լուրջն է հայ դպրոցի առաքելութիւնը:
Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը՝ քաջալերուած ազգային բարերար Արշակ Տիգրանեանի առաջադրութիւններէն եւ նուիրաբերումէն, 1981 թուականին հիմնեց Արշակ Տիգրանեան վարժարանը Հոլիվուտի մէջ, Գալիֆորնիա: Ժամանակի ընթացքին վարժարանը ընդարձակուելով վերածուեցաւ մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարան ընդգրկող ուսումնական հաստատութեան մը, ուր կրթական լուրջ ծրագիրի մը առընթեր կ’ընծայուէին հայագիտական ամբողջական ուսմանց դասաւանդութիւններ:
Այսօր աւելի քան 500 շրջանաւարտներ հպարտութեամբ կը վերյիշեն այն ուսումնառութիւնը, հոգածութիւնն ու ներշնչիչ մթնոլորտը զոր վարժարանը պարգեւած էր իրենց: Վարժարանը նոյնպէս սատար հանդիսացած էր անոնց, որպէսզի անոնք դառնան պատասխանատու քաղաքացիներ ու համայնքին ծառայող անհատներ:
Շնորհիւ խոհեմ հոգաբարձական կազմի աշխատանքներուն եւ նուիրեալ ու մասնագէտ դաստիարակներու նուիրումին-միացած ընտանիքներու սիրոյն ու հոգածութեան- վարժարանի պատմութիւնը վերածուեցաւ ուսումնական յաջող առաքելութեան մը:
Այսուհանդերձ, վերջին տարիներուն ընտանիքներու տեղափոխութիւնները վարժարանի շրջանակէն, միանալով հետզհետէ նուազող նիւթական հնարաւորութեանց, բացասական անդրադարձ մը ունեցան վարժարանի ուսումնական առաքելութեան վրայ: Համայն գաղութին ուղղուած հոգաբարձութեան կազմին կոչերը, ինչպէս նաեւ Թ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան սրտագին աշխատանքները անբաւարար մնացին շարունակելու վարժարանին գործունէութիւնն ու ակադեմական նուաճումները, այն մակարդակով զոր ծնողները կ’ակնկալէին հաստատութենէն:
Յետ խորհրդակցութեան վարժարանի հոգաբարձութեան եւ գաղութի յարգուած ղեկավարութեան հետ, Թ.Մ.Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, խոր սրտցաւութեամբ, Յունիս 30, 2015ին որոշեց փակել վարժարանը: Տիգրանեան Վարժարանի փակումը աննախընթաց երեւոյթ մը չէ սփիւռքի պայմաններուն ներքեւ, որոնք միեւնոյն ճակատագիրը պարտադրած են նաեւ արդէն այլ վարժարաններու:
Հաշուական գերագոյն պարտաւորութեան գիտակցութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անկ էր խոհեմօրէն պահպանել տասնամեակներու ընթացքին կատարած իր ներդրումները հաստատութեան մէջ:
Հետեւաբար կալուածական առեւտուրի մասնագէտներու խորհուրդով եւ գործակցութեամբ Հոլիվուտի 1200 Քահուենկա փողոցին վրայ գտնուող վարժարանի շէնքը վաճառուեցաւ շուկայական արժէքի առաւելագոյն գինով:
Տիգրանեան Վարժարանի փակումը չի նշանակեր վախճանը մեր կազմակերպութեան կրթական առաքելութեան: Շուտով կը կազմուի յատուկ յանձնախումբ մը, որուն պաշտօնը պիտի ըլլայ ուսումնասիրել հնարաւորութիւնները եւ յանձնարարութիւններ կատարել կրթական ծրագիրներու, որոնք հեռանկարներ կ’ընծայեն Հարաւային Գալիֆորնիոյ հայ համայնքներէն ներս: Միեւնոյն ժամանակ Թ.Մ.Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը հաւատարիմ իր առաքելութեան, պիտի շարունակէ հովանաւորել Թէքէեանի անունով գործող վարժարանները Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, միեւնոյն ատեն պահպանելով իր կրթական ու մշակութային ընթացիկ ծրագիրները:
Երախտապարտ շնորհակալութիւններ
Վերջին 34 տարիներու Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը իր մարդկային ու նիւթական հնարաւորութեանց առաւելագոյն մասը տրամադրած ըլլալով հանդերձ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի հիմնումին, զարգացման ու պահպանման՝ պարտք կը զգայ իր առաքելութեան այս ճակատագրական հանգրուանին իր երախտիքի սրտագին խօսքը ընծայել այն անհատներուն եւ կազմակերպութեանց, որոնք սատարեցին վարժարանի գոյութեան ու բարգաւաճման:
Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ունինք մասնաւորաբար հետեւեալներուն.-
– Տիգրանեան Վարժարանի հոգաբարձական կազմի անդամներուն, որոնք իրենց ուսերուն վրայ կրեցին վարժարանի առաջնորդութեան դերը, ինչպէս նաեւ անոր կառավաման առօրեայ բեռը:
– Անցեալ ու ներկայ վարչական կազմի եւ ուսուցչութեան անդամներուն, որոնք ապահովեցին վարժարանի կրթական բարձր մակարդակը եւ հպարտութիւն ներշնչեցին աշակերտներուն՝ իրենց ազգային ժառանգութեան նկատմամբ:
– Ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան վարժարանին եւ անվերապահ նեցոկ ընծայեցին անոր, վարժարանի բովանդակ պատմութեան ընթացքին:
– Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան ԼԹեմին, որ Առաջնորդներ Վաչէ Արք. Յովսէփեանի եւ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ղեկավարութեամբ, աներկբայ նեցուկ եւ հովանաւորութիւն տրամադրեցին վարժարանին:
– Բարերարներու այն շքեղ խումբին, որ օժանդակեց եւ վարժարանին տրամադրեց նիւթական աղբիւրներ, առանց որոնց հնարաւոր պիտի չըլլար պահպանել գոյութիւնը վարժարանին: Թ.Մ.Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, ընտանիքները, շրջանաւարտներն ու աշակերտները իրենց սիրտերուն մէջ պիտի պահեն նուիրաբերումներն ու յիշատակը բարերար Արշակ Տիգրանեանին, որուն ընտանիքի անդամները շարունակեցին բարերարութեան աւանդութիւնը մինչեւ վարժարանի վերջին օրը:
– Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Լինսի Հիմնարկութեան, Ճորճ Իկնէյշըն Հիմնարկութեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան, որոնք միանուագ կամ տարեկան յատկացումներով սատարեցին վարժարանի բարօրութեան:
Վերոյիշեալ անհատներն ու հիմնադրամները իրենց օժանդակութեամբ սատարեցին վարժարանին եւ կերտեցին անոր պատմութիւնը: Անոնք բոլորը արժանի են մեր սրտագին երախտիքին եւ խոր գնահատանքին:
Թէքէեան Մշակութային Միութեան
Կեդրոնական Վարչութիւն
Հոկտեմբեր 8, 2015-10-28 Պոստոն, Մեսեչուսեց