Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չէ բացառած, որ իր երկիրը որեւէ պահու կրնայ ընդհանրապէս դադրեցնել Չինաստանի հետ առեւտուրը:
«Դուք ինծի կը հարցնէք` արդեօք պատրաստ պիտի ըլլա՞մ բաժնել Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի տնտեսութիւնները ու առեւտուր չընել Չինաստանի հետ: Ատիկա շատ հետաքրքրական հարցում է, որովհետեւ մինչեւ հիմա մենք Չինաստանէն ոչինչ ստացած ենք, միայն գումարներ կորսնցուցած ենք», «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Թրամփ:
«Անոնք մեզի նկատմամբ սխալ վերաբերում ունին: Ես պիտի մտածեմ այդ մասին», աւելցուցած է նախագահը:
Թրամփ վերջերս յայտարարած էր, որ եթէ սպասուող նախագահական ընտրութեան մէջ իր մրցակից Ճօ Պայտընը յաղթանակ արձանագրէ, ապա Չինաստանը պիտի տիրէ Միացեալ Նահանգներուն, իսկ մարդիկ ստիպուած պիտի ըլլան չինարէն սորվիլ:
«Եթէ Պայտըն յաղթէ, Չինաստանը պիտի գրաւէ Միացեալ Նահանգները, իսկ ինծի հետ անոնք 67 տարուան մէջ ամէնէն վատ տարին ունեցած են, որովհետեւ ես զանոնք տուրքերով ծանրաբեռնած եմ. մենք տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ ստացած ենք Չինաստանէն, իսկ ատիկա մեծ ազդեցութիւն, բացասական ազդեցութիւն ունեցած է անոնց վրայ», նշած է Թրամփ: