ԱՄՆ Լոս Անճելոսի Քաղաքային խորհուրդի կողմէ առաջին անգամ հայ երգչուի՝ Լիլիթ Յովհաննիսեանը, պատուոգրի արժանացած է:
«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ պատուոգիրը երգչուհիին յանձնուած է իր Dream համաշխարհային շրջագայութեան շրջանգիծէն ներս Լոս Անճելոսը ընդգրկելու, փայլուն համերգ իրականացնելու, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթն ու երգարուեստը լաւագոյնս ներկայացնելու համար:
Պատուոգիրը յանձնուած է Լոս Աճելոսի Քաղաքային նիստի ընթացքին, այն վարած է խորհուրդի անդամ Մոնիքա Ռոտրիկէզը: Վերջինս նիստի մեկնարկին ներկաներուն ներկայացուցած է Լիլիթ Յովհաննիսեանի անցած ուղին, կենսագրութիւնը, ինչպէս նաեւ արուեստագիտուհիի յաջողութիւնները: Նիստին ներկայ եղած են Լոս Անճելոսի Քաղաքային խորհուրդի բոլոր անդամները, որոնք ստորագրած են պատուոգրի վրայ:
Արարողութիւնը ցուցադրուած է ամերիկեան հեռուստաընկերութիւններով եւ համացանցով:
Լիլիթ Յովհաննիսեանը շնորհակալութիւն յայտնած է խորհուրդին՝ նման բարձր պարգեւի համար՝ նշելով, որ Լոս Անճելոսը յատուկ տեղ ունի հայ համայնքի կեանքին մէջ:
«Շատ շնորհակալ եմ նման բարձր պարգեւի արժանացնելու համար: Ինծի համար մեծ խորհուրդ եւ նշանակութիւն ունի Լոս Անճելոսի քաղաքապետարանի կողմէ նման գնահատանքի արժանանալը: Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով 1,5 միլիոն հայ զոհուած է, հազարաւոր հայեր ալ երկրորդ հայրենիք փնտռած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Լոս Աճելոսն այն քաղաքներէն էր, որ հիւրընկալեր էր հայերը ցեղասպանութենէն ետք: Ես շնորհակալ եմ այս քաղաքին ոչ միայն այս պատուոգրի, այլ նաեւ իմ հայրենակիցներու նկատմամբ տարբեր ժամանակներու ընթացքին ցուցաբերած ջերմ վերաբերմունքի համար»,- արարողութեան ժամանակ նշած է Լիլիթ Յովհաննիսեանը:
Լիլիթ Յովհաննիսեանի Dream համաշխարհային շրջագայութիւնը ընթացքի մէջ է: Համերգները արդէն կայացած են Քուէյթի, Ֆրանսայի, Դանիայի, Շուէտի, Գերմանիոյ, Աւստրիաոյ, Չեխիոյ եւ այլ եւրոպական երկիրներու մէջ եւ մօտ օրէն տեղի պիտի ունենայ Մոնթրէալի մէջ, Կիրակի՝ 22 Սեպտեմբեր 2019-ին, THEATRE MARCELLIN CHAMPAGNAT սրահէն ներս. յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար՝ տեսնել համերգին յայտարարութիւնը թերթիս սոյն թիւին էջ 16-ի մէջ: