Կորսնցուցի Լաւագոյն Ընկերներէս Մէկը Եւս

Պետրոս Փիանտարեանի Մահուան Տխուր Առիթով

 

Մեր կեանքին ընթացքին, մանաւանդ երբ անցնող տարիներու թիւը կը հասնի բազմատասնեակներու, նոյն ժամանակ ալ կը բազմանայ թիւը այն անձերուն՝ որոնց հետ որպէս բարեկամներ, գործակիցներ եւ ընկերներ կը կապուինք սովորականէն աւելի արմատացած կապերով: Անոնց հետ անցուցած մեր փորձառութիւնները բազմացուցած , ճոխացուցած եւ այլազան պատահարներով ամրացուցած կըլլան այդ սերտ կապերը:

Պետրոս Փիանտարեանին հետ իմ առաջին ծանօթութիւնս եւ անկէ ետք տարիներու ընթացքին ունեցած գրեթէ անընդհատ կապս կ’երթայ ետ, աւելի քան եօթանասուն տարիներ, սկսելով Աղեքսանդրիոյ Տիգրան Երկաթ Մշակութային Միութեան բացառաբար ջերմ եւ հարազատ մեծ ընտանիքին մէջ ունեցած մեր գործունէութեան օրերէն: Այն ժամանակ ես գործօն էի որպէս Ուսանողական Միութեան ատենապետ, մինչ ինք արդէն իսկ Գլխաւոր Վարչութեան ամեայ աշխոյժ անդամներէն մէկն էր:

Իսկապէս բացառիկ եղան մեր տարիները Տիգրան Երկաթի շրջապատին մէջ: Այնտեղ է որ շատերս թրծուեցանք ազգային սկզբունքային հիմնաւորուած ծառայութեան նկատմամբ ստացած մեր գործնական դաստիարակութեամբ: Մասնաւորապէս այդ շրջանին էր որ ազգային եկեղեցական կեանքը խորապէս ցնցուեցաւ Անթիլիասի կողմէ ստեղծուած կործանարար՝  Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հերձուածին հետեւանքով: Տիգրան Երկաթը կորիզը դարձաւ Աղեքսանդրիոյ մէջ տարուած ի նպաստ Մայր Աթոռի պաշտպանութեան տենդոտ պայքարին: Պետրոսը ղեկավարներէն մէկն էր այդ անձնուրաց պայքարին եւ ես ալ երիտասարդ հետեւորդներէն մէկը:

Կեանքի ընթացքը բերաւ որ ես մեկնեցայ Ամերիկա ուսումս շարունակելու եւ ապա անցայ Գանատա: Իսկ Պետրոսը Աղեքսանդրիոյ Տիգրան Երկաթի նոր եւ գեղեցիկ կեդրոնի իրականացման աշխատանքները գլխաւորելէ ետք, ինք եւս կը փոխադրուէր Ամերիկա:

Ահա ուրեմն մեր ճամբաները կրկին մեզ առաջնորդեցին ազգային գործունէութեան ուղիով իրար հանդիպելու:

Պատահեցաւ որ ես գիտութեան եւ համալսարանի փրօֆէսէօրի պատասխանատու ասպարէզիս կողքին երթալով աւելի մխրճուեցայ ազգային կեանքի նոր եւ անվերջանալի մարտահրաւէրներուն մէջ պատասխանատուութիւններ վերցնելով: Արդէն իսկ ատենապետը դարձայ նախ Ռ.Ա.Կ.եան Արեւելեան շրջանային Վարչութեան, իսկ յետոյ եղայ ատենապետը անոր Կեդրոնական Վարչութեան: Իսկ Պետրոսը ստանձնած էր Ռ.Ա.Կ.-ի Վարիչ Քարտուղարի պատասխանատու պաշտօնը: Քանի մը տարի ետք երբ ես արդէն իսկ Հ.Բ.Ը.Մ.-եան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ էի իսկ յետոյ անոր փոխ նախագահը, Պետրոսը այս անգամ ինքն ալ միացած էր Հ.Բ.Ը.Միութեան անձնակազմին, եւ մնաց այնտեղ որպէս ամենավստահելի եւ նուիրուած անդամներէն մէկը ֆինանսական բաժնին մէջ:

Բանալի բառերը որ կը բնորոշեն Պետրոս Փիանտարեանը անոր բացառիկ պարկեշտութիւնը, սկզբունքային տոկունութիւնը, վստահելիութիւնը եւ աշխատասիրութիւնն են, որոնց շնորհիւ ան այնքան սիրուած եւ յարգուած եղաւ, որքան Ռ.Ա.Կ.-ի ղեկավարութեան կողմէ նոյնպէս ալ եւ աւելին՝ Հ.Բ.Ը.Մ-եան ղեկավարութեան բարձրագոյն մակարդակներէն: Այս վերջնոյն պարագային ան ծառայեց նոյն հաւատարմութեամբ եւ վստահելիութեամբ Բարեգործականի վերջին երեք նախագահներու շրջանին՝ սկսելով անփոխարինելի Ալեք Մանուկեանի շրջանէն:

Իսկ այս ամբողջ ընթացքին, քանի որ ես կը գտնուէի նոյնքան Ռ.Ա.Կ.-ին որքան Բարեգործականի Գերագոյն Ղեկավարութեան մէջ, մինչ ամենախրթին հարցերուն առիթով կանոնաւորապէս տարբեր, տարբեր առիթներով ի պաշտօնէ կը հանդիպէի Պետրոսին ամէն անգամ մեր երկուքին հանդիպումները ունէին այդ հարցերուն զուգահեռ եւ գրեթէ անկախ անոնցմէ ջերմութիւն մը եւ հարազատութիւն մը որուն արմատները միշտ կ’երթային ետ, մինչեւ Տիգրան Երկաթի անփոխարինելի օրերը: Պետրոսը ինձ համար բոլոր այդ տարիներուն ընթացքին պահեց համարեա մեծ եղբօր մը հարազատութիւնը:

Պետրոսին վերջին երազն էր այս օրերուն նշել իր եւ մեր սիրելի Տիգրան Երկաթին հիմնադրութեան 120-ամեակը: Գրեթէ երկու տարի ամէն ջանք ըրաւ որպէսզի մեծ խնամքով պատրաստուած Zoom յայտագիրով մը փառաւոր կերպով նշուէր այդ նշանակալից տարեդարձը որուն մէջ ուզեց որ ես ըլլամ գլխաւոր խօսք առնողը: Աւա՜ղ չ’իրականացաւ իր երազը սակայն պատրաստ է ամբողջ ծրագիրը: Կազմակերպիչները կը յուսամ թէ պիտի իրականացնեն Պետրոսին անաւարտ մնացած այդ երազը:

Պետրոսին կորուստով խոր ցաւով կորսնցուցի մեծ եղբօր մը համազօր լաւագոյն ընկերներէս մէկը եւս:

Աստուած լուսաւորէ իր տքնաջան ազնիւ հոգին:

 

Արշաւիր Կէօնճեան