Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով «Disney+» հարթակը որոշ զգուշացումներ հաղորդած է իր թարգմանիչներուն

Շուրջ 130 միլիոն օգտատէր ունեցող ամերիկեան «Disney+» թուային հարթակի ղեկավարութիւնը նախազգուշական նամակ ուղարկած է ենթագրերու թարգմանիչներու ելեկտրոնային հասցէներուն: Նամակին մէջ ներառուած են շարք մը նախազգուշացումներ՝ կապուած քաղաքական գործընթացներու հետ։ Անոնք մասնաւորապէս կ’առնչուին Հայոց Ցեղասպանութեան, իսլամի թեմաներուն, քրտական հարցին ու կիպրական խնդիրին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով gazeteduvar.com-ը։

Ընկերութիւնը թարգմանիչներէն պահանջած է Disney+-ի Թուրքիոյ պատասխանատուները անպայման տեղեակ պահել, եթէ տեսնեն, որ շարժանկար արտադրողները անդրադարձած են վերոյիշեալ թեմաներուն։

Թարգմանիչներէն նաեւ պահանջուած է ընկերութեան ղեկավար կազմը տեղեակ պահել, եթէ պարզուի, որ ֆիլմերուն մէջ շարժանկար արտադրողները Էրտողանը կը ներկայացնեն իբրեւ բռնապետ, ինչպէս նաեւ եթէ նկարահանումներուն մէջ ներգրաւուած են LGBTIQ+ համայնքի անդամներ։

Վերջին տարիներուն Թուրքիոյ Ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդը (RTÜK) թուային հարթակներուն կոչ կ՝ընէ արտօնագրեր ստանալու համար դիմել եւ Թուրքիոյ մէջ գրասենեակներ բանալ, հակառակ պարագային կը սպառնայ, որ վերջիններուս դէմ պատժամիջոցներ պիտի կիրառէ։

Թուային հարթակները, ներառեալ Netflix-ը եւ MUBI-ն, արձագանգած են այդ կոչին, հանրութեան լայն շրջանակները, սակայն, ատիկա կը համարեն գրաքննութեան դրսեւորում։