Հայ միջնադարեան մշակոյթի նմուշները՝ աշխարհի ամենայայտնի թանգարաններէն մէկուն մէջ

Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն թանգարանին մէջ, յաջորդ տարի պիտի բացուի մեծ ցուցահանդէս` նուիրուած հայ միջնադարեան մշակոյթին: Ցուցադրութեան շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենան Նոյեմբեր 30–ին, Քալիֆորնիոյ Հայկական թանգարանին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ armenianweekly-ն:

«Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն թանգարանէն դոկտոր Հելէն Էվանս պիտի պատմէ 2018 Սեպտեմբեր 21-էն մինչեւ 2019 Յունուար 13 սպասուող ցուցահանդէսին մասին, որ նուիրուած է հայ միջնադարեան մշակոյթին»,– նշուած է յօդուածին մէջ:

Հայերը շատ լաւ գիտեն, որ իրենց նախնիները ապրած են Արարատի լանջին, եւ որ իրենք են առաջին ազգը աշխարհի մէջ որ ընդունած են Քրիստոնէութիւնը։

Բայց աշխարհի մէջ ո՛չ միշտ կը պատկերացնեն այն հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը, որ ամփոփուած է հայ միջնադարեան արուեստին մէջ: Իսկ միջնադարուն հնագոյն ազգի ներկայացուցիչները մեծ դեր ունէին համաշխարհային առեւտուրին մէջ եւ տարածուած էին աշխարհի մէջ:

Դոկտոր Էվանսը պիտի պատմէ Հայաստանի քրիստոնէացման, Հայ միջնադարեան մշակոյթի զարգացման եւ համաշխարհային մշակոյթի վրայ հայկականի ազդեցութեան մասին:

Միւս շնորհանդէսը յայտնի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեանինն է:

Երբ ան յաջողեցաւ բուժուիլ դարու հիւանդութենէն` քաղցկեղէն, ան ինքզինք նուիրեց հայ մշակութային ժառանգութիւնը ժապաւէնին յանձնելու գործին:

Սպասուող ցուցադրութեան պաշտօնական լուսանկարիչը` Խաչերեանը, պիտի ներկայացնէ նաեւ իր նոր գիրքը` «Խաչքար»-ը:

Նշենք, որ Ամերիկայի Հայկական թանգարանին մէջ կը պահպանուին մշակոյթի գործեր, որոնք նուիրած են հայ ընտանիքները` աշխարհի տարբեր երկիրներէ: