ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընը առաջին անվտանգութեան հարցերով խորհրդականն է, որ 1997 թուականէն ի վեր կ’այցելէ Հայաստան: Այս մասին Հինգշաբթի՝ 25 Հոկտեմբեր 2018-ին, Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանատան մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած ինք` Ճոն Պոլթըն։
Ան նշած, որ այսօր հանդիպումներ ունեցած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ, մինչ այդ նաեւ հանդիպումներ ունեցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարին, Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին ու Ազգային անվտանգութեան քարտուղարին հետ:
«ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած ենք շուրջ մէկ ժամ քսան րոպէ տեւողութեամբ հանդիպում, որու ընթացքին նշեցի, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները Միացեալ Նախահգներու համար առաջնահերթ կարեւորութեան խնդիր է, անոնք մեզի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունին: Մենք պատրաստ ենք մեր աջակցութիւնը ունենալու Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման հարցով` որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ, ինչպէս նաեւ հնարաւոր այլ եղանակներով, քանզի այդ կարգաւորումը կը բխի ոչ միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շահերէն, այլեւ Միացեալ Նահանգներու շահերէն»,- ներկայացուց ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը:
«Խնդրի լուծումը բարդ է: Եթէ անիկա հեշտ ըլլար, արդէն վաղուց կարգաւորուած կ՛ըլլար: Ես իմ այցով չեմ եկած ազդարարելու ամերիկեան քաղաքականութեան փոփոխութիւն, կամ նոր լուծումներ առաջարկելու այս հարցով: Կողմերը պէտք է աշխատին իրարու հետ , եւ ի վերջոյ անոնք պէտք է կարենան գտնել լուծումը»,-«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` նշեց Պոլթըն` մէջբերելով մէկ այլ երկարատեւ հակամարտութեան հետ կապուած իր նախկին վերադասներէն` արտաքին գործող նախարար Ճիմ Պէյքըրի խօսքերը. «Երեւի ոչ ոք աւելի շատ խաղաղութիւն կ՛ուզէ, քան իրենք` կողմերը»:
Ան յայտնեց նաեւ, որ այսօր ունեցած հանդիումներու ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ Ռուսիոյ մէջ Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի օրերուն ունեցած քննարկումներուն, Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներուն, ընդհանուր տարածաշրջանային հարցերուն` կապուած նաեւ Սուրիոյ իրավիճակին:
«Հանդիպումներու ընթացքին կարեւորեցինք մեր երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական ոլորտ մէջ աշխուժութիւնը, ԱՄՆ-ի` ուղղակի ներդրումներու աւելացումը Հայաստանի մէջ»,- յաւելեց Ջոն Բոլթոնը:
Պոլթըն կը կարծէ, որ Հայաստանի մէջ կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն գործող վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի յաղթանակը լաւ հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու համար:
«Եթէ նման պատրաստակամութիւն ըլլայ, մենք պէտք է աշխատինք, որ Ատրպէյճանի կողմէ եւս նոյն կերպով ըլլայ արձագանգը»,-նշած է ան:
Ան նշած է, որ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին ան հարցուցած է, թէ որն է Փաշինեանի յաջողութեան գաղտնիքը, սակայն, ըստ Պոլթընի, Փաշինեան հրաժարած է գաղտնիքը բանալէն:
«Թերեւս ընտրութիւններէն ետք, այնուամենայնիւ, ըսէ մեզի», -կատակեց ան: