ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻՆ ՀԵՏ
– Տղա՛ք, երաժշտութիւնը կեանք կը փրկէ, սոլֆեճիոն անոր Ա,Բ,Գիﬓ է, –
Պրն. Համբարձում Պէրպէրեան, 1959 Հոկտեմբեր, Պէյրութ։
Այս խօսքը լսեցի, երբ ընդունուեցայ ՀԲԸՄ-ի Յովակիﬔան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանի նախապատրաստական (ՆԲ) դասարանը։ Ես՝ Պէյրութի հայահոծ հաﬔստ թաղերէն քաղաքի կեդրոնը գտնուող այս վարժարանը յայտնուեցայ։ Խոր երկիւղածութեամբ առաջին օրը շարուեցանք բակին մէջ։ Տնօրէն Պրն. Արա Թօփճեանը ինծի համար բաւական «բարդ» հայերէնով բաներ մը խօսեցաւ, ﬕայն կը յիշեմ երկար բառ մը՝ «առանձնաշնորհեալ»։ Քանի մը աﬕսէն եւ ապա յետագայ տարիներուն լիովին պիտի հասկնայի այդ բառին ամբողջ իմաստը։
Այո՛, առանձնաշնորհեալ էինք, որովհետեւ պիտի ունենայինք ուսուցիչներու փաղանգ մը, որուն շնորհիւ ﬔնք եղանք ինչ որ ենք այսօր։ Այդ ուսուցիչներէն էին Զարեհ Մելքոնեանը (հայերէն), Համբարձում Պէրպէրեանը (երգ- երաժշտութիւն), Տ. Գէորգ վարդապետ Կարպիսեան (գրաբար, դասական գրականութիւն), Երուանդ Քասունի (հայ գրականութիւն), Փօլ Կիրակոսեան (նկարչութիւն), Գերսամ Ահարոնեան (հայոց եւ ընդհանուր ազգաց պատմութիւն), Վահէ-Վահեան (հայ գրականութիւն) եւ այլ ուսուցիչներ գիտական ճիւղերու գծով։
Քանի մը դասերէ ետք ﬔնք արդէն գոց գիտէինք Պրն. Համբարձում Պէրպէրեանի եւ Սանթուրեան մականունով նաեւ ճանչցուած հարազատներու տանջալից ոդիսականը։ 1905-ին ծնած էր Կիլիկիոյ ﬕօրեայ մայրաքաղաք Ատանայի մէջ, գաղթ, աքսոր, հարազատներու կորուստ, որբանոց, վերադարձ Ատանա, կրկին տեղահանում, Պոլիս, Իզﬕր եւ ապա՝ Հալէպ ու Պէյրութ։ Մեզմէ շատերու համար անծանօթ չէր իր աստանդական կեանքը, որովհետեւ գրեթէ ամէն օր կը լսէինք ﬔր երէցներէն եւ Պէյրութի հիւղաւաններու բնակիչներէն։
Պրն. Հ. Պէրպէրեանէն սորվեցանք հայրենասիրական երգեր եւ սոլֆեճիօ։ Սիրեցինք այդ երգերն ու Բ. Պատերազմէն ետք վերականգնուող Խորհրդային Հայաստանի մէջ յօրինուած աշխատանքային երգերը, «գեղաքանդակ» Երեւանին նուիրուած երգեր, որոնք ﬔր կողմէ կ՚երգուէին ﬔծ ապրումով ու խանդավառութեամբ տօնակատարութիւններու եւ հանդէսներու ընթացքին։ Ափսոսացինք, երբ ան ﬔկնեցաւ ԱՄՆ-ի Պոսթոն քաղաքը, ուր եղաւ ԹՄՄ-ի հիﬓադիրը եւ ﬔծ զարկ տուաւ Արեւելեան ափի հայ երգ ու երաժշտութեան զգալի տարածման։
Այս տարի կը լրանայ ԱՄՆ-ի մէջ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիﬓադրութեան 55-աﬔակը։ Այս բարեբաստիկ առիթով Մեծագոյն Լոս Անճելըսի ԹՄՄ-ի երիտասարդ վարչութիւնը նախաձեռնած էր յոբելեանական տարեդարձը նուիրել իր ﬔծ երախտաւորին՝ Մաեստրօ Համբարձում Պէրպէրեանին։ Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 6-ին Իրանահայ Միութեան շքեղ սրահին մէջ՝ հովանաւորութեամբ Տ. Յոﬖան Արք. Տէրտէրեանի։ Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Տիար Կարէն Իսրայէլեանն ու տիկինը։ Հակիրճ խօսքով մը հանդէս գալով Հիւպատոսը իր շնորհակալական խօսքին մէջ շեշտեց մշակոյթի դերը եւ դրուտանքի խօսքեր ըսաւ կազմակերպողներիւն։
Հանդիսութիւնը յագեցած էր Հ. Պէրպէրեանի ստեղծագործութիւններու կատարուﬓերով՝ ﬔներգներ, ջութակ, որոնց կատարողները կը հանդիսանային Լոս Անճելըսի լաւագոյն երաժիշտներէն ոմանք, ինչպէս Անահիտ Ներսիսեան (ﬔներգ), Պերճ Քարազեան (թենոր), Անջելա Աﬕրեան (ջութակ), Հռիփսիմէ Ռշտունի (դաշնամուրի ընկերակցութիւն)։ Սրտառուչ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Հ. Պէրպէրեանի ամէնէն տարեց մտաւորական աշակերտը՝ Դոկտ. Տ. Զաւէն Աւագ քահանայ Արզումանեան (տեսերիզով)։ Կը մէջբերեմ հետեւեալ վկայութիւնը. «Պէրպէրեան իր կարեւոր նպաստը բերած է նաեւ հայ եկեղեցական երաժշտութեան, տարիներ շարունակ սորվեցնելով եւ ղեկավարելով Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնները, յատկապէս Անթիլիասի Դպրեվանքէն ներս»։
Հանդիսատեսներուն մէջ զգալի թիւ մը կը կազմէին Համբարձում Պէրպէրեանի սան-սանուհիներ ու երգչախումբերուն մասնակցած անդամ-անդամուհիներ։ Աշակերտներուն անունէն սրտառուչ ելոյթ ունեցաւ Պէյրութի ՀԲԸՄ Յովակիﬔան-Մանուկեան վարժարանի աշակերտներէն Տիգրան Էքիզեան, որ նախ իր անկեղծ շնորհակալութիւնները յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն՝ այս գեղեցիկ հանդիսութիւնը յղանալուն համար։
«Սիրելի եւ անմոռանալի ուսուցիչ,- ըսաւ ան,-ես եւ քու բազմաթիւ աշակերտներդ աշխարհասփիւռ, այսօր կ՚ուզենք փոխանցել ﬔր երախտաշատ զգացուﬓերը քեզի եւ քու սրբազան հոգիիդ, որ կեանք մը ամբողջ նուիրեցիր հայ երաժշտութեան, եւ ﬔր հոգիներուն մէջ ծաղկեցուցիր անմահ սէրը ﬔր պանծալի մշակոյթին, ﬔր աննման երգին եւ երաժշտութեան»։
Յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ ԹՄՄ-ի 55-աﬔակի կարկանդակը կտրելու արարողութիւնը՝ ձերամբ վաստակաւոր թէքէեանական Պրն. Բարսեղ Գարթալեանի, ապա բեմ հրաւիրուեցան Հ. Պէրպէրեանի սան-սանուհիները նկարով մը օրուան յիշատակը յաւերժացնելու համար։
Երաժշտութեան եւ երգի ﬔր անփոխարինելի ուսուցիչը երեւոյթ մըն էր Միջին Արեւելքի, բայց յատկապէս Լիբանանի մէջ, ուր 50-60-ական թուականներուն հայ մշակութային եւ երաժշտական կեանքը աննախընթաց վերելք մը ապրեցաւ՝ երգչախումբեր, նուագախումբեր, երգի-պարի համոյթներ, տօնահանդէսներ (Պաալպեք)՝ Պէյրութը վերածեր էին Արեւելքի Փարիզի, իսկ հայերուս պարագային՝ սփիւռքի Երեւանի։
Համբարձում Պէրպէրեան ոչ ﬕայն գլխաւոր դերակատարներէն մէկն էր այս ծաղկունքին, այլեւ հիﬓադիրներէն մէկը։ Իր ցուցաբերած վաստակին առ ի գնահատանք 1978-ին Երեւան հրաւիրուեցաւ եւ ընդունուեցաւ ﬔծ շուքով։
Այսօրուան պէս կը յիշեմ Երեւանի Ֆիլհարմոնիային մէջ Մաեստրոյի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած շքեղ հաﬔրգը, որուն իր ներկայութեամբ ﬔծ շուք կու տար Վազգէն Ա. Հայրապետը իր շքախումբով։ ֆիլհարմոնիայի նուագախումբը կատարեց Հ. Պէրպէրեանի ստեղծագործութիւնները, ﬔներգողներն էին «Հայաստանի Սոխակ» Գոհար Գասպարեանը («Կ՚անձրեւէ տղաս»), եւ անզուգական Լուսինէ Զաքարեան։
Պրն. Հ. Պէրպէրեանի հաﬔրգին ներկայ էին նաեւ ՀԲԸՄ-ի դպրոցներու շրջանաւարտներ (որոնց մէջ նաեւ ես), որոնք կ՚ուսանէին Երեւանի բարձրագոյն հաստատութիւններու մէջ։ Երբոր ﬔր պատուիրակութիւնը բեմ բարձրացաւ հսկայական ծաղկեփունջ մը նուիրելու, սիրելի ուսուցիչը յուզումով տալով ﬔր անունները եւ դառնալով հանդիսականներուն ըսաւ.
«Ասոնք իմ տղաքս են…»։
Քիչ կը պատահի, երբ ուսուցիչ աշակերտ սիրտէ սիրտ կապը կ՚ընկերակցի ﬔզի կեանքի ամբողջ ընթացքին, կը մոռցուին մանր-մունր դէպքերը եւ աւելի կ՚անուշնան հարազատ պահերը։ Պրն. Համբարձում Պէրպէրեան իմ նման շատերու կեանքին մէջ եղած է այդ անձերէն մէկը։ Փառք ու պատիւ իր փառաւոր վաստակին։
Անարդար պիտի ըլլայի եթէ ակնարկիս մէջ չդրուատէի կազմակերպիչներու նուիրուածութիւնն ու ցուցաբերած բծախնդրութիւնը։ Արդարեւ, այս կոկիկ յայտագիրը կը պարտինք երիտասարդ վարչականներու, որոնք իրենց արհեստավարժութեամբ անմոռանալի երեկոյ մը պարգեւեցին ﬔզի եւ դեռ պիտի պարգեւեն։ Յայտագիրը արագ եւ սահուն ընթացաւ շնորհիւ հաղորդավարներ Յասﬕկ Գարայեանի (վարչութեան անդամուհի) եւ Միհրան Թումաճանի (ատենադպիր) հեզասահ հանդիսավարութեան։ Այս փաստին իր փակման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Թեﬕս Առաջնորդ Տ. Յոﬖան Արք. Տէրտէրեան ըսելով. «Այսպիսի որակաւոր հանդիսութիւններով ﬔզ ճանչցնել կու տան ﬔր ﬔծերը…այսպիսով ﬔնք հաղորդ կը դառնանք պատմութեան եւ ﬔր ﬔծերու թողած արժէքներուն»։
Յիրաւի, Լոս Անճելըսի ԹՄՄ-ը ապահով ձեռքերու մէջ է։
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան
Լոս Անճելըս,14 Սեպտեմբեր 2024