ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԱՆՈՒԱՆԻ ՀԱՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ԱՐԱ ԿԻՒԼԵՐԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ

Յառաջիկայ օրերուն անուանի պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի լուսանկարներու ցուցահանդէսը պիտի բացուի Նիւ Եորքի մէջ: Թուրքիոյ նախագահականի նախաձեռնութեամբ եւ Արա Կիւլերի թանգարանի, արխիւի ու հետազօտական կեդրոնի հետ գործակցութեամբ կազմակերպուած ցուցահանդէսը Ապրիլին բացուած էր նաեւ Լոնտոնի մէջ, Մայիսին` Փարիզի մէջ, Յունիսին` Ճաբոնի մէջ:

Լոնտոնի եւ Փարիզի ցուցադրութիւններուն ընթացքին աշխարհահռչակ հայ լուսանկարիչի գործերուն անդրադարձած են այնպիսի առաջատար լրատուամիջոցներ, ինչպիսիք են «The Times»-ը, «Daily Mail»-ը, «Le Figaro»-ն: Արա Կիւլերի ստեղծագործութիւններու նիւեորքեան ցուցադրութիւնը արուեստասէրներու համար բաց պիտի ըլլայ 23 Սեպտեմբերէն մինչեւ 4 Հոկտեմբեր:
Ցուցահանդէսը հիմնականօրէն ընդգրկած էր լուսանկարիչին 1950-ականներու լուսանկարները: Այլ գործերու շարքին մէջ պիտի ցուցադրուին նաեւ Տաստին Հոֆմանի, Ֆետերիքօ Ֆելինիի, Փապլօ Փիքասոյի, Սալուատոր Տալիի, Պրիճիթ Պարտոյի, Սոֆի Լորէնի լուսանկարները:

Ցուցահանդէսին պիտի կազմակերպուի հանդիպում – քննարկում` «Միջմշակութային Երկխօսութիւն` Արա Կիւլերի Միջոցով» խորագիրով:

Նիւ Եորքէն վերջ Արա Կիւլերի լուսանկարները պիտի ցուցադրուին նաեւ Հռոմի մէջ, այնուհետեւ` Սոմալի մայրաքաղաք Մակատիշոյի մէջ գտնուող Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ: