Նիւ Եորքի մէջ հայկական մշակոյթն ու արուեստը ներկայացնող ցուցահանդէս պիտի կազմակերպուի

Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթէն» արուեստի թանգարանին մէջ, Սեպտեմբեր 22-ին, տեղի պիտի ունենայ 4-17-րդ դարերու հայկական մշակոյթն ու արուեստը ներկայացնող ցուցահանդէս: Այս մասին կը տեղեկացնեն Ամերիկայի հայկական թանգարանի մամուլի ծառայութենէն:

Ցուցահանդէսին ընթացքին պիտի ներկայացուին նաեւ Ամերիկայի հայկական թանգարանի հաւաքածուին ձեռագիրները: Անոնցմէ մէկը 18-րդ դարու է, որ ստեղծուած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: