Ուաշինկթընի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ կայացած է Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանական համերգը: Համերգի մենակատարն էր պոլսահայ նշանաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունին, իսկ վայրը պատահական չէր ընտրուած. Կոմիտաս վարդապետի կեանքի շատ կարեւոր շրջան կապուած եղած է Ֆրանսայի հետ: Կոմիտասը ոչ միայն մասնագիտական գործունէութիւն ունեցած է Ֆրանսայի մէջ, այլ նաեւ, ինչպէս յայտնի է, վախճանած է այնտեղ՝ երկար տարիներ տառապելով հիւանդանոցին մէջ:
Յոբելեանական համերգը կազմակերպած էր ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը՝ Ուաշինկթընի մէջ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ կանանց եկեղեցական խորհուրդի հետ համատեղ: Համերգի հասոյթը տրամադրուած է Վանաձորի տարեցներու տան: