«Ապրիլի ժողովը ճակատագրուած է վճռական հանգրուան մը հանդիսանալու կուսակցութեան պատմութեան մէջ: Փառաւոր անցեալ ու վաստակ ունեցող կազմակերպութիւն մը չի կրնար մնալ ներկայ պառակտեալ վիճակին մէջ» «Արեւելք»ին ըսաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Երուանդ Ազատեան: Ազատեանի կարծիքով յառաջիկայ ապրիլին Երեւանի մէջ կայացուելիք ՌԱԿ Վերականգնում Շարժումի գերագոյն ժողովը արդիւնք է «համընդհանուր պահանջքի մը», որովհետեւ «բոլոր շրջանակներէն ներս կուսակցութեան առողջ տարրին համբերութիւնը հատած է»: Գանատա բնակող Ազատեան, որ երկար տարիներ կարեւորագոյն պաշտօններ ստանձնած է ՌԱԿ-եան բարձրագոյն մարմիններուն մէջ. նաեւ ըսաւ, որ ՌԱԿ-ի Վերականգնում Շարժումի գերագոյն ժողով կայացնելու որոշումը առնուեցաւ ՌԱԿ «կեդրոն»ին հետ կայացած բանակցութիւններու ձախողութեան արդիւնքով եւ բացատրեց «Պատճա՞ռը թէ ինչո՛ւ ձախողեցան այդ բանակցութիւնները, կազմալուծեալ «կեդրոն»ի մնացորդացը այնպէս հաւատաց, որ եթէ «աւերակաց վրայ» ունեցած իր իշխանութենէն հրաժարի՝ լուրջ կառոյցի մը մէջ տեղ պիտի չունենայ: Հակառակ տրուած խոստումներուն՝ «ձի նստած մարդիկը չուզեցին վար իջնել իրենց ձիերէն», հակառակ որ շատ մը այլ «ձիաւորներ» արդէն զինաթափ եղած եւ հեռացած էին իրենցմէ»: Ազատեանի կարծիքով «Ամբողջ տասը տարիներ այս մարդիկ զբաղեցան ժխտական գործունէութեամբ, մէկուն անունը զեղչելով թերթին մէջ, ուրիշի մը պատկերը զանց առնելով, հասուն գրիչներուն արգիլելով արտայայտուիլ իրենց ենթակայ քանի մը օրկաններու էջերէն եւ կամ սարքելով հերթական «վտարումներ» եւ «կախակայումներ»: Իրենց համար կուսակցութիւնը սահմանուած է այդ տկարամիտ խաղերուն մէջ: Այդ տարրերը նոյնիսկ յօժար ըլլային միանալ զանգուածին եւ վերջ տալ պառակտումին՝ ուրիշ գործ չէին կրնար իրականացնել բացի անկէ, որ սորված են ընել անցեալին»: Երուանդ Ազատեան նաեւ բացայայտեց, որ «տեղի ունեցած բանակցութիւնները կայացան հայրենի քաղաքական եւ հոգեւոր իշխանութեանց ցանկութեամբ եւ թելադրութեամբ, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ գլխաւոր կազմակերպութեանց առաջնորդներուն միջամտութեամբ: Պատասխանելով «Արեւելք»ի այն հարցին թէ, ի՞նչ ծրագիրներ եւ օրակարգեր պիտի ըլլան ՌԱԿ Վերականգնումի Ժողովին կողմէ ընտրուած Կեդրոնական Վարչութեան սեղանին, Ազատեան ըսաւ «վիթխարի աշխատանք եւ ծրագրում կը պահանջէ վերականգնելու եւ գործօն դարձնելու ՌԱԿ-ի կառոյցը: Կուսակցութեան սեփականութեան մենաշնորհը ունենալ կարծողները այնպիսի քայքայում յառաջացուցած են, որ մեր մարտահրաւէրները կը դարձնեն հսկայական: Այս մարդիկը ՌԱԿ-ը անյայտացուցին ազգային-գաղափարական հրապարակէն»: Ազատեան, խօսելով ՌԱԿ Վերականգնում Շարժումի պատասխանատու կազմին մասին, յայտնեց, թէ «ՌԱԿ վերականգնումի շարժումը կը գլխաւորեն 40-50 տարիներ ամբողջ կուսակցութեան արժանապատիւ պատմութիւնը կերտող ղեկավարները»:
Ազատեան նաեւ խօսեցաւ յառաջիկայ ժողովէն բխելիք մարմնին ունենալիք օրինականութեան մասին եւ ըսաւ, որ «ո՛չ հայրենի իշխանութեանց եւ ո՛չ այլ շրջանակներու «հովանաւորութիւնը» կրնան երաշխաւորել կազմուելիք մարմնին օրինականութիւնը: Միայն հաւատաւոր անդամակցութեան կամքով եւ նուիրումով կարելի է վերականգնել օրինականութիւնը: Եւ հայրենի իշխանութեանց եւ այլոց կը մնայ յարգել ընդհանուր անդամակցութեան կամքը: Հայրենիքի իշխանութիւնները, ինչպէս սփիւռքեան կառոյցներու առաջնորդները լաւ կը ճանչնան վերականգնումի ղեկավարները: Գուցէ աւելի լաւ՝ քան այժմու իշխանութեան յաւակնորդները»:
Ազատեան, որ դժկամեցաւ պատասխանել մեր հարցին ՝ կապուած յառաջիկայ ժողովին կողմէ ընտրուելիք Կեդրոնական Վարչութեան անուններուն բացայայտման, լաւատեսական շեշտով մը ըսաւ «ճիշդ պիտի չըլլար այս րոպէին անուններ ճշդելը: Միայն յայտնենք, որ վերականգնումի գործընթացը պիտի զուգադիպի սերնդափոխութեան հանգրուանին, հետեւաբար փորձառու տարրեր ձեռք-ձեռքի տուած աւելի թարմ ուժերու հետ պիտի իրականացնեն զոյգ նպատակները: Միայն իմացէք, որ խանդավառութիւնը մեծ է այս հզօր շարժումի մասնակիցներուն»: