«Արմինիըն Թրի Փրոճեքթ»ի («Ծառատունկի հայկական նախագիծ») Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած ընթրիք-հանդիպման իրենց մասնակցութիւնն ու աջակցութիւնը բերած են «System of a down» խումբի մեներգիչ Սերժ Թանքեանը ու գանատացի նշանաւոր դերասան Տէյվիտ Ալպէյը:
Պեւըրլի Հիլզի մէջ 400 հիւրերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է զանգուածային ծառատունկի միջոցով Հայաստանի բնապահպանական համակարգը փրկելու, այդպիսով ալ Հայաստանը փրկելու երեւոյթին։
Սերժ Թանքեան, որ երկար տարիներ կանգնած է «Արմինիըն Թրի Փրոճեք»-ի կողքին եւ մեծ ներդրում ունի Հայաստանի մէջ կազմակերպութեան բնապահպանական ծրագիրներու իրականացման մէջ, ըսած է. «Դժուար է մարդոց փոխանցել այն գիտակցութիւնը, որ Հայաստանի բնապահպանութեան անկումը հայրենիքի անկումն է: «Արմինիըն Թրի Փրոճեքթ»ին կախարդական դերակատարութիւնը այն է, որ ան կը ստիպէ մարդիկը՝ այս իրողութիւնը լաւապէս հասկնալու»: Երգիչը խօսած է «Արմինիըն Թրի Փրոճեքթ»ի եզակի առաքելութեան մասին՝ նշելով, որ կազմակերպութիւնը բնապահպանական զարթօնքի սկիզբ դրած է ո՛չ միայն Հայաստանի քաղաքացիներուն, այլ նաեւ սփիւռքահայերուն գիտակցութեան մէջ:
Երեկոյին երկրորդ հիւրը՝ Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ժապաւէնին մէջ Րաֆֆիին դերը ստանձնած քանատացի դերասան Տեյվիտ Ալպէյ ըսած է, որ մեծապէս տպաւորուած է Հայաստան կատարած իր այցելութենէն եւ ինք կը փորձէ աջակցիլ Հայաստանի բնապահպանութեան: «Ծառ տնկելով՝ մարդ արմատ կը նետէ իր հայրենի հողին մէջ», ըսած է դերասանը։
«Ծառատունկի հայկական նախագիծ» կազմակերպութեան հիմնադիրները նշած են, որ այս տարի Հայաստանի մէջ կրցած են տնկել հինգ միլիոներորդ ծառը: