Լոս Անճելըսի մէջ պիտի նշուի հայ արդի դասական երաժշտութեան ռահվիրայ, ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, ՀՀ ժողովրդական արտիստ, երաշժտահան Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 80-ամեակը: Յոբելինական տարեդարձին առիթով, «Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան համերգաշարը Յունուար 27-ին կազմակերպած է «Վարպետ» խորագիրով համերգային ձեռնարկ՝ ներկայացնելու աշխարհահռչակ մեր հայրենակիցին ստեղծագործութիւնները: Համերգը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի «Զիփր» համերգասրահին մէջ:
«Դիլիջան»-ի գեղարուեստական ղեկավար Մովսէս Պօղոսեանի տեղեկութիւններով՝ ծրագիրը կը ներառէ Մանսուրեանի տարբեր շրջաններու գործերը: «Համերգը պիտի սկսի Մանսուրեանի՝ «Արս Պոէթիքա» երգչախումբի համար գրուած գլուխ գործոցով, որ երգահանի իւրատեսակ յարգանքի տուրքն է իր ամենասիրելի հայ բանաստեղծներէն մէկուն՝ Եղիշէ Չարենցին: Ներառուած են նաեւ Մանսուրեանի կամերային երաժշտութեան երեք լաւագոյն գործերէն՝ «Երեք միջնադարեան տաղ ջութակի եւ հարուածային գործիքներու համար», «Ագնուս դէի»-ն եւ «Լարային քառեակ համար 3» ստեղծագործութիւնը, որ ստեղծուած է 1993-ին՝ Հայաստանի համար ծանր ժամանակաշրջանի մը: Դիլիջան համերգաշարի եւ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան երաժիշտներէն բացի, համերգին պիտի մասնակցին նաեւ հրաւիրուած յայտնի այլ երաժիշտներ, ինչպէս՝ «Գրեմի»-ի մրցանակակիր, ալթահար Քիմ Քաշքաշեանը, որուն համար Մանսուրեանը գրած է բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, հանրածանօթ դաշնակահար Սթիվըն Վանհաուըրտը Պելճիքայէն, թաւջութակահար Մայքլ Քաուֆմանը, տաղանդաւոր քլարինեթիսթ, Լոս Անճելըսի Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի անդամ Պորիս Ալահւերտեանը»,- յայտնած է Մովսէս Պօղոսեան: