Ամերիկաբնակ Նատիա Շահկալտեանը, որպէս նուիրատուութիւն, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնած է եզակի նշանակութիւն ունեցող հնատիպ գիրք մը` Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես եւ վերապրած Օրորա Մարտիկանեանի ընծայագրով, կատարուած` 1920 թուականի Յունիսին: Այս մասին կը հաղորդեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն:
Առաջին հրատարակութիւն հանդիսացող այս հատորը Օրորայի յայտնի յուշագրութեան հիման վրայ նկարահանուած «Հոգիներու աճուրդ» ժապաւէնի բեմագրութիւնն է` «The Auction of Souls», The story of Aurora Mardiganian, the Christian girl who survived the great massacres, scenario by Frederic Chapin, staged by Oscar Apfel, produced by W. Selig, New York, 1919:
Եզակի հատորը ձեռք բերած է Նատիա Շահկալտեանի ամուսինը` «RareBooks» գրախանութէն: Աւելի քան 20 տարի գիրքը, որպէս մասունք, պահուած է Շահկալտեաններու ընտանիքին մէջ:
Օրորա Մարտիկանեանին օրագրութիւնը հրատարակուած է ամերիկեան մամուլին մէջ, 1918-ին, «Յօշոտուած Հայաստան» կամ «Հոգիներու աճուրդ» վերնագիրներով: Նոյն տարուան մէջ յայտնուած է այդ գիրքի հիման վրայ բարեգործական նպատակներով ստեղծուած «Հոգիներու աճուրդ» համր ժապաւէնը: Շարժապատկերին մէջ Օրորան անձամբ խաղացած է իր դերը` այդպիսով դառնալով հայ առաջին շարժադերասանուհին` ցեղասպանութեան սարսափելի պատկերները ցուցադրող առաջին ժապաւէնին մէջ: