City of Smile Կազմակերպութեան Երեկոյթը՝ Ի Նպաստ Հայաստանի Քաղցկեղով Տառապող Երեխաներուն

City of Smile (ժպիտի քաղաք)  բարեգործական կազմակերպութիւնը Հոկտեմբեր 6-ին Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպած էր բարեգործական երեկոյթ՝ օգնելու համար Հայաստանի քաղցկեղով տառապող երեխաներուն։ Երեկոյթը իր ներկայութեամբ պատուեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան՝ ուղեկցութեամբ Նժդեհ քահանայ Քէշիշեանի։ Բացման խօսքէն ետք՝ ամպիոն հրաւիրուեցաւ սրբազանը՝ իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը բերելու։ Առաջնորդը ընդգծեց, որ իր հովուական երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին իր ամենաբարդ եւ զգացմունքային հանդիպումները եղած են քաղցկեղով հիւանդ երեխաներու հետ։ Ան մասնաւորաբար կարեւոր համարեց իւրաքանչիւրիս մասնակցութիւնը վերոյիշեալ ծրագրին, կազմակերպութեան գործունէութիւնը «առաքելութիւն» որակելով։

Իր խօսքի երկրորդ մասով սրբազան հայրը իր գնահատանքի խօսքը բերաւ բարեգործական կազմակերպութեան անդամներուն, Լոս Անճելըսի պատասխանատուներուն եւ բոլոր նուիրատուներուն։

Ապա, երեկոյթի կազմակերպիչները սրբազան հօր փոխանցեցին Հայաստանէն բերուած փոքրիկ Դաւիթի կողմէ նկարազարդուած բաժակը։

Երեկոյթը շարունակուեցաւ ազգային եւ դասական կատարումներով։

 

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ