Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն Ուայոմինկը հանդիսացաւ 45-րդ նահանգը որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Ապրիլ 21-ին, Ուայոմինկի Նահանգապետ Մէթհիու Միտ, գրաւոր յայտարարութեամբ մը հաստատած է իր վարչակարգին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ե բարձրօրէն գնահատած է ամերիկահայութեան շինիչ մասնակցութիւնը ամերիկեան կեանքին մէջ: Նահանգի ծերակուտականներէն Անթընի Պուշարտ, շնորհաւորած է նահանգապետին՝ բարձր բարոյական դիրքորոշման եւ քաջութեան համար, ընդդէմ Ազէրի բռնակալ նախագահին կաշառաբաշխումներուն, Քրիստոնեայ հայերու գլխատումներուն, Հայոց եկեղեցիներու եւ Ճուլֆայի խաչքարերու քանդումին: Ծերակուտական Պուշարտ աւելցուցած է թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չպատժուած ոճիր մըն է եւ թէ Թուրքիոյ կողմէ ուրացուած այդ ծանր ոճիրը, Հայաստանի ապօրինի շրջափակումը եւ Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ պէտք է անմիջապէս վերջ գտնեն:
Հայ համայնքին անունով Էլէն Ասատրեան եւ Անի Գասպարեան երախտագիտական ելոյթներով շնորհակալութիւն յայտնած են նահանգի Կառավարիչ Միտին, Ծերակուտականներ Պուշարտին եւ Փիթըրսընին ու անոնց գործակիցներուն, որոնք ժամանակ տրամադրած են ճանչնալու ամերիկահայերու եւ ընդհանուր առմամբ հայութեան հարցերուն որպէս աշխարհի առաջին Քրիստոնեայ պետութիւնը: