Միացեալ Նահանգներու մէջ փակցուած են Էրտողանի թիկնազօրի անդամներուն նկարները

Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներու վրայ յարձակում իրականացուցած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնազօրի անդամները Միացեալ նահանգներու մէջ հետախուզման մէջ են:  Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը, ամերիկեան լրատուամիջոցները հեղեղուած են անոնց լուսանկարներով հրապարակումներով. Երկրին մէջ տարածուած են պաստառներ թիկնազօրի անդամներուն նկարներով եւ «Կը փնտռուին» գրութեամբ:

Նման պաստառ փակցուած եղած է այն մամուլի սրահին մէջ, ուր Յունիս 15-­ին Ուաշինկթընի մէջ քաղաքապետ Մուրիըլ Պոուսըր եւ ոստիկանապետ Փիթըր Նիւշըմ յայտարարեցին, որ Մայիս 16-­ին խաղաղ ցուցարարներուն վրայ յարձակում իրականացուցած` Էրտողանի կողմնակից խումբի 12 անդամի ձերբակալութեան հրաման տրուած է:

«Ինչպէս աւելի առաջ յայտնած եմ արդէն, կը դատապարտեմ այս յարձակումը: Ատիկա կը հակասէ մեր արժէքներուն, քանի որ յարձակում էր ամերիկացիներու հիմնարար իրաւունքներուն դէմ: Մենք կոչուած ենք պաշտպանելու եւ պահպանելու այդ իրաւունքները»,- ­ ըսած էր Ուաշինկթընի քաղաքապետը` աւելցնելով, որ կը ցանկան յստակացնել իրենց դիրքորոշումը:

Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ձերբակալուած են երկու անձիք, որոնք նոյնպէս մասնակցած են Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութեան առջեւ հայ, քիւրտ, յոյն եւ ամերիկացի ցուցարարներու դէմ իրականացուած յարձակման: Անոնցմէ մէկը շինարարական ընկերութեան սեփականատէր Էյուփ Եըլտըրըմն է Նիւ Ճըրսիէն, միւսը` Վըրճինիա նահանգի բնակիչ Սինան Նարինը:

Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած խաղաղ ցոյցի մասնակիցները խումբ մը թուրք ազգայնամոլներու կատաղի յարձակման ենթարկուած էին: Քանի մը վիրաւորներ արիւնաթաթախ հիւանդանոց տեղափոխուած են: Յայտնի դարձած է, որ յարձակումը իրականացուցած են Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները: Աւելի ուշ յայտնուած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէս Էրտողանը ցուցարարներուն վրայ յարձակելու հրահանգը կու տայ:

Ցոյցը կազմակերպուած էր Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբի, Ամերիկայի Հելենական խորհուրդի եւ շարք մը այլ` քրտական, ասորական եւ յունական կազմակերպութիւններու կողմէ: Կատարուածը դատապարտած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ նախարար Թիլերսըն` անընդունելի համարելով թրքական հաշուեյարդարը Ուաշինկթընի կեդրոնին մէջ, Ուաշինկթընի քաղաքապետը եւ խումբ մը քոնկրեսականներ նոյնպէս դատապարտած են արարքը։