ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՍԵՒ ԳՈՅՆԸ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Նստած եմ Երեւանի Ազգային գրադարանի ընթերցասրահին մէջ ու բացած եմ գիրք մը, որուն ընթերցումը յաճախ կ՛ընդհատեմ ու կ՛ընկղմիմ ջղալլկիչ ապրումներու գիրկը:
Գիրքը կը կոչուի «Մեծ եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները» , տպուած Պոսթոն 1957-ին, հեղինակն էՙ Տոքթ. Գ.Մ. Կարոյեան :
Այնքան բան կարդացած եմ ու լսած ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն կատարուած սադայէլեան վայրագութիւններուն մասին, որ այլեւս ուղեղիս մէջ տեղ չկայ նոր վկայութիւններ ընդունելու, բաց աստիՙ անոնց ընթերցումը ահաւոր կերպով կ՛ազդէ ջիղերուս եւ առողջութեանս վրայ. սակայն այս մէկը աչքաթող ընել չհամարձակեցայ, մասնաւորաբար որ այս մասին քիչ բան գիտէի:
Օսմանեան կայսրութեան հլու-հնազանդ մեր հայ բժիշկները, ինչպիսի նուիրուածութեամբ կիրարկած են իրենց մասնագիտութիւնը, որ Հիբոկրադի երդումին հաւատարիմ մնալու կողքին, անսակարկօրէն «Օսմանեան հայրենիքին» ծառայելուն մէջ տեսած են իրենց մարդկային ու քաղաքացիական առաքելութիւնը:
Եւրոպական զանազան համալսարաններէ, կամ Թուրքիոյ Կայսերական բժշկական դպրոցէն շրջանաւարտ մեր բժիշկները եղած են յարաջատարը այս բնագաւառին մէջ, իսկ թուրք բժիշկները շատ բան սորված են անոնցմէ:
Աննշան բացառութիւններով, թուրքը ընդհանրապէս եւ թուրք բժիշկները այս պարագային, անտրամաբանական ատելութեամբ մը լիցքաւորուած եղած են հայերու հանդէպ, տուրք տալով երեւի իրենց կրօնական եւ ազգային զգացումներուն, որոնք քօղարկուած երբ առիթը ներկայացած է, իրենց կապանքներէն շղթայազերծ, կուտակուած լեղին դուրս թափած են, կոխկռտելով ու խողխողելով ամէն մարդկայնութիւն, բարեկամութիւն եւ սրբութիւն:
Օսմանեան կայսրութեան տարածքին եւ յատկապէս Թուրքիոյ մէջ հայ բժիշկներ ինչպիսի նուիրուածութեամբ, ինչպիսի վարպետութեամբ բժշկած են ու մահէն դէպի կեանք վերադարձուցած են անհամար թուրք զինուորներ ու քաղաքացիներ. իսկ այս մարդկային եւ մասնագիտական վեհ վերաբերմունքին որպէս վարձատրութիւն, երբ ներկայացած է առիթը, սպաննուած են իրենց գործընկեր թուրք բժիշկներու եւ նոյնինքն իրենց դարմանած մարդոց ձեռքով:
Կարելի՞ է մոռնալ բժիշկ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի պարագան, որ Գերմանիա մնալու եւ խաղաղ կեանք մը ունենալու առաջարկները մերժեց եւ որպէս յանձնառու բժիշկ եւ զինուորական, նախընտրեց ծառայել «Օսմանեան հայրենիքին» ու իր բժշկած բարձրաստիճան թուրք զինուորական ու քաղաքական դէմքերուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն առողջութիւն պարգեւելուն որպէս երախտագիտութիւն, զինք ալ միւսներուն հետ սպաննեցին:
Երախտագիտութեան սեւ գոյնը…
(Թէեւ վիպական, սակայն փաստագրական տուեալներու վրայ երկնուած երկու արժէքաւոր գիրքեր մանրամասնօրէն կը նկարագրեն այս եղերաբախտ բանաստեղծին կեանքն ու մահը. Ա. Ծառուկեանի «Սէրը Եղեռնի մէջ» եւ Ալ. Թոփճեանի «Եւ անգամ մահից յետոյ»):
Թուրքիոյ մէջ նահատակուած հայ բժիշկներու եւ բուժաշխատողներու ընդհանուր թիւը անցած է 200-ը: Բծաւոր տենդի շիճուկի փորձարկութեան պատրուակով հազարաւոր հայեր եւ անոնց մէջ նաեւ բժիշկներ զոհ գացած են: Այդ ապերախտ ու ճիւաղ բժիշկներէն կը յիշուին անունները Համիտ Սուատի, Թեվֆիք Սալիմի, Մեհմէտ Ռէֆի. Ֆեթհի, Սուլէյման Նոման Փաշայի եւ ուրիշներու:
Տոքթ. օպերատոր Հայտար Ճեմալ 23 դեկտ. 1918-ին նամակ մը գրած է Ներքին գործոց նախարարութեան, ուր ըսած է. «Տոքթ. Թ. Սալիմ հայերու վրայ (բծաւոր տենդի շիճուկի) փորձեր կ՛ընէ եւ անոնք կը մեռնին»…
Տոքթ. Ճելահէտտին հաստատած է անոր վկայութիւնը եւ ըսած. «…արդարեւ, մարդկութեան եւ բժշկութեան համար ամօթալի եղող այս դէպքերուն եթէ բուն պատասխանատուները մէկ առ մէկ երեւան հանուին, արատաւորուած թուրք բժշկութիւնը մեծ բեռէ մը ազատած կ՛ըլլայ»:
Սակայն, ինչ օգուտ, երբ ամբողջ ցեղասպանութիւնը ծրագրող ու իրագործողները Տոքթ. Նազըմի, Տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Տոքթ. Ռէշիտ Պէյի նման գազաններ էին:
Եւ մարդ կը տարուի մտածելու, թէ կրօնք ըսուածը, որ առաջին հերթին մարդոց անասնական կիրքերը սանձելու համար մէջտեղ եկած է, մարդկութիւնը դէպի բարեգործութիւն, սէր ու համերաշխութիւն ուղղելու համար է, դաժանութեան եւ անասնական կիրքերու ինչպիսի աղբիւր կը դառնայ ու ինչ ոճիրներ կը գործուին իր անունով.
Այսօր ալ պատկերը նոյնը չէ՞: Թող գիտութիւնը քառասմբակ արշաւէ. թող ամէն օր, ամէն ժամ նորութիւններով ողողուի աշխարհը… ի՞նչ օգուտ, երբ մարդուն ներքին գազանը գլուխ ցցէ:

«ԱԶԳ»