(Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԱՐԱՅ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆԻ)
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Հայրենիքը կարելի չէ մասնատել` ոչ ժամանակով ոչ ալ հողամասով։ Հայրենիքի գաղափարը առնչուած է անոր յաւիտենական բնոյթով. զայն նսեմացնելու ձեւը նախախորհրդայինը հակադրելն է Խորհրդային Հայաստանին կամ Խորհրդային Հայաստանը` այսօրուան անկախ Հայաստանին։ Բոլոր ժամանակներուն ալ Հայաստանը մե´րն է եւ մենք Հայաստանինը։
Առաջին հանրապետութեան օրերուն երբ մենատիրութիւն հաստատուած էր երկրին մէջ ամենէն աւելի օժանդակութիւն կը հասնէր ռամկավար-բարեգործական շրջանակներէն (վկայ` Ա. Խատիսեանի յուշերը)։ Խորհրդային շրջանին երբ հայաստանանուէր ճակատը մենաշնորհը ունէր կամուրջ հաստատելու հայրենիքին եւ սփիւռքի միջեւ այդ կամուրջը բոլորին համար էր, բոլոր հատուածներուն, բոլոր յարանուանութեանց համար։ Այսօր, երբ լայն բացուած են անկախ Հայաստանի դռները ալ ոչ ոք մենաշնորհեալի իրավիճակին մէջ կը գտնուի։
Բոլոր ժամանակներուն ալ, թանձր հատուածապաշտութիւնը տիրապետող էր ճշմարիտ հայրենասէրները իրարու սրտակից էին` եթէ ոչ անպայման գործակից։
Այդ իրաւ հայրենասիրութենէն մէկը Արայ Գաբրիէլեանն էր, որուն մեկնումով մեծ անջրպետ մը պիտի մնայ համայնքի կեանքին մէջ։
Անձնական ճամբով մեր ունեցած բարեկամութիւնը աւելի կ’ամրագրուէր հայրենիքի յաւերժականութեան մասին մեր ունեցած հասարակաց հաւատքով։
Քառասունքն էր նիւ եորքահայ ծանօթ ազգային ու հասարակական ու կրթական գործիչ դաշնակցական Դոկտ. Արայ Գաբրիէլեանի։ Մեր հոգեմտաւոր բարեկամութիւնը կ’երթայ մինչեւ գոնէ 35 տարիներ առաջ, երբ դեռ նոր կը հաստատուէի Նիւ Եորք։ Ինք արդէն ծանօթ էր այս գաղութին մէջ որպէս ՀՅԴ ղեկավարութեան անդամ։
Այդ օրերուն, Խորհրդային Հայաստանի հետ մշակութային կապերը վստահուած էին Թէքէեան Մշակութային Միութեան։ Հայրենիքէն եկող մեր բոլոր ծանօթ մտաւորականները, գրագէտներն ու արուեստագէտները անպայմանօրէն իրենց ելոյթները կ’ունենային ԹՄՄի հովանաւորութեամբ։ Այդ օրերուն ալ, ես ստանձնած էի ատենապետի պաշտօնը Մեծագոյն Նիւ Եորքի մեր մասնաճիւղին։ Ընդհանրապէս, Երկրորդ Պողոտայի վրայ եղող մեր առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի «Գավուքճեան» հանդիսասրահին մէջ կ’ունենայինք մեր ձեռնարկներն ու հանդիպումները հայրենիքէն եկած հիւրերուն հետ։ Անոնք ըլլային` Սիլվա Կապուտիկեան, Սերօ Խանզադեան, Մհեր Մկրտչեան, Լուսինէ Զաքարեան, Վարդգէս Պետրոսեան, Շաքէ Վարսեան, Ռայիսա եւ Պելլա, Պատալեան եւ Մաթեւոսեան թէ Շահէն Խաչատուրեան, Յակոբ Յակոբեան ու Խանճեան ։ Ի~նչ անուշ օրեր էին, անկասկած երբ հարազատ էր հայու երգը, հայ գրականութիւնը, հայ մշակոյթը. եւ այս խորհրդային կարգերուն իսկ օրով։
Արան, ինչպէս դաշնակցական, ուրիշ մտաւորական տղաք` Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, Ռուբէն Պարսումեան, Արիս Սեւակ, Ժիրայր Աթթարեան … ներկայ կը գտնուէին մեր կազմակերպած բոլոր այդ հանդիպումներուն, եւ ձեռնարկներէն ետք, կ’ուզէին մասնակից ըլլալ մեր ընկերական հաւաքոյթներուն։ Մենք յաճախ սրտբաց ընդունած ենք անոնց ներկայութիւնը մեր հաւաքոյթներուն յարգելով անոնց մտաւորական տաղանդը. սակայն հայաստանցի մեր հիւրերը նկատելով անոնց ունեցած հակախորհրդային քաղաքականութիւնը, զգուշաւոր էին. բացասական կեցուածք կը ցուցաբերէին անոնց մասնակցութեան նկատմամբ։ Հասկնալի էր անոնց պատճառաբանութիւնը։
Ամէն պարագայի, ես միշտ ալ առիթներ կը ստեղծէի տանս մէջ հիւրասիրելու զանոնք, որպէսզի անոնք կարենային անկաշկանդօրէն յայտնել իրենց զգացումները։ Հայրենի մտաւորականներէն շատեր իմ տան հիւրերն էին եղած, երբեմն` նոյնիսկ շաբաթներով։ Իմ տան այդ այցելուներէն էր նորոգ հանգուցեալ իմ ազնիւ բարեկամս` Արան։
Եւ այսպէս տարիները անցան եւ Հայաստան ունեցաւ իր երրորդ հանրապետութիւնը` Խորհրդային Միութեան փլուզումէն անմիջապէս ետք։ Ունեցանք Հայաստան մը, որ Խորհրդային Հայաստանի հիմքերուն վրայ ծնունդ առաւ։ Խորհրդային Հայաստան մը, որ Հայրենական Մեծ Պատերազմին` Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին ցուցաբերած էր իր մարտական առնական յաջողութիւնները, Հայաստան մը՝ որ հիմնած էր Ակադեմիա, Հայաստան մը որ բարձրացուցած էր Ծիծեռնակաբերդը, Հայաստան մը որ ճանչցած էր Սարդարապատի պայքարը եւ վերջապէս Հայաստան մը՝ որ յաղթականօրէն կը յառաջանար իր գիտութեամբ, արուեստներով ու ազգային մշակոյթով։ Ահա´ այս էր այն Հայաստանը, որ կը ստանձնէր մեր երրորդ հանրապետութիւնը։
Յաճախ Արային հետ այս հարցով խօսած էինք եւ վերջապէս ան ընդունած էր որ Խորհրդային Հայաստանը տուաւ մեզի` սփիւռքահայուս ազգային պարծանք ու հպարտութիւն իր աւելի քան երեք միլիոն ազգաբնակչութեամբ։
Այս էր մեր վերջին զրոյցը, որ ունեցանք Նիւ Եորքի Դաշնակցութեան Հայ Կեդրոնին մէջ ու այնպէս ալ բաժնուեցանք։ Այրին` Արեւիկը հարազատ ծնունդը Հայաստանին, արդարօրէն կ’արժեւորէր այս ամէնը։
Մահուան գոյժը երբ ստացանք,ես արդէն պիտի մեկնէի դէպի Ափրիկէ։
Սակայն, քառասունքին առիթով ընկերական պարտականութիւն կը նկատէի ներկայ գտնուիլ։
Առաւօտ կանուխ մուտք գործեցի եկեղեցիէն ներս:
Հոգեհանգստեան արարողութիւններէն ետք երկու բան զարմացուց զիս։ Իրապէ´ս։ Առաջինը, որ յաճախ իմացած էի ուրիշներէն` նշումը Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Կիլիկիոյ Աթոռի Արամ Ա.ի։ Իսկ երկրորդը` Մեսրոպ Քհնյ. Լաքսեանի, որուն նկատմամբ մի´շտ ալ յարգանք ունեցած եմ, այն յայտարարութիւնը որ այսօրուան հանրապետութիւնը հիմնուած է Մայիս 28, 1918ի առաջին հանրապետութեան հիմերուն վրայ … ո՞ւր մնաց սիրելի տէր հայր, աւելի քան այդ 70 տարիներ բազում յաջողութիւններ արձանագրած Խորհրդային Հայաստանը…։ Ան անշուշտ կը կրկնէր իր եկեղեցին հովանաւորող ու առաջնորդող քաղաքական կազմակերպութեան վարկագիծը` Չճանչնա՞լ Խորհրդային Հայաստանը։ Այս ամօ´թ մըն է շպրտուած մեր ազգի ազնիւ նկարագրին։
Վստահ եմ որ Արան պիտի մերժէր նման արտայայտութիւն մը։ Հակառակ որ ան Ցուրտ Պատերազմի բովանդակ տարիներուն ծառայեց այն գաղափարախօսութեան թէ խորհրդային կարգերը վնասակար էին Հայաստանի ազգային ձգտումներուն, ազգային գիտակցութեան ու հայրենասիրական ոգիին, սակայն ան արդէն իր կեանքի մայրամուտին ընդունած էր Խորհրդային Հայաստանի իրականութիւնը։
Դարադարձէն ետք կը գտնուինք նոր անկիւնադարձի մը առջեւ։ Ըլլանք զգօն եւ զգոյշ ու չվերադառնանք նոր Ցուրտ Պատերազմի մը … որովհետեւ կ’իմանանք թէ հակառակ միասնական պայքարի լոզունգներուն, կարգ մը կազմակերպութիւններ դարձեալ կ’ուզեն մենատիրութիւն հաստատել Հայ Սփիւռքէն ներս, ցոյց տալու հայրենի իշխանութիւններուն թէ իրենք են տէ´րը արտասահմանի։ Անոնք կը սխալին չարաչար։
Անոնք տակաւին չեն կրցած գնահատել այն ժողովուրդին մեծամասնութեան զգացումները որոնք կը մնան ամրօրէն կապուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր թեմերուն ու նաեւ` այն ազնիւ կազմակերպութիւններուն, որոնք մնացին հաւատարիմ հայրենասէրները որքա´ն առաջին եւ նոյնքա´ն երկրորդ ու երրորդ հանրապետութեանց։
Առաջին Հանրապետութիւնը Մայիս 28ով ծնունդ առաւ Սէյմի քայքայումով միայն։
Երկրորդ Հանրապետութիւնը ծնաւ Առաջին հանրապետութեան քայքայումով։
Երրորդ հանրապետութիւնը ծնունդ առաւ Խորհրդային Հանրապետութեան փլուզումով։
Արան այս ամէնը լաւ գիտէր։