«Մեր Պատմութիւնը Դաժան Է…»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ապրիլ 28 2015: Քաթարէն աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնիմ Թոքիօ: Առաջին անգամն է, որ Ճափոն պիտի այցելեմ: Բնականաբար կը հետեւինք Ճափոնի ճարտարարուեստական յառաջխաղացքին եւ գիտենք, որ այդ երկիրը իր արտադրութիւններով ողողած է աշխարհի շուկան, բայց նաեւ կարդացած եմ պատմութեան ընթացքին անոր սխրագործութիւններուն մասին: Անոր անցեալի նուաճողական եւ որոշ համեմատութեամբ նաեւ «բռնատիրական» ախորժակները լեցուցած են պատմութեան էջերը: Բայց նաեւ փոքր տարիքէս միշտ ալ մեծ պաստառին վրայ դիտած ենք պատերազմական ժապաւէններուն մէջի ճափոնական սխրագործութիւնները: Այսպիսով ներկայի ու անցեալի անոր «նուաճողական» իրավիճակները, տարբեր բովանդակութիւններով, Ճափոնի նկատմամբ որոշ տրամադրութիւն ստեղծած են մտապատկերիս մէջ:
Քաթարէն մինչեւ Թոքիօ թռիչքը պիտի տեւէր մօտաւորապէս տասը ժամ: Երկար թռիչքներու ընթացքին ընդհանրապէս պէտք է ձեւով մը զբաղիլ, գէթ չզգալու համար, թէ կը գտնուիս «օդը»` դատարկութեան մէջ, եւ թէ տարբեր տրամադրութիւններ եւ հոգեվիճակներ կը ծագին ճամբորդողին ներաշխարհին մէջ:
Այդ երկար թռիչքին ընթացքին, չեմ գիտեր զուգադիպութեամբ թէ բախտով, յիսունէ աւելի ժապաւէններու շարքէն ընտրեցի հատ մը, որուն նիւթը կը վերաբերէր Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքի ճափոնական մեկուսացման բանտի մը մէջ ամերիկացի բանտարկեալներու կեանքին:
Ժապաւէնը կը նկարագրէր ամերիկացի ողիմպիականի մարզիկ եւ ախոյեան Լուիս Զամբերինիին կեանքը: Ան համաշխարհային մրցանակներ եւ մրցանիշեր հաստատելէ ետք կը զինուորագրուի ամերիկեան բանակին մէջ եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին գերի կը բռնուի ճափոնցիներուն կողմէ:
Ժապաւէնը մէկ կողմէ կը նկարագրէ ամերիկացի գերեվարուած զինուորներու տաժանակիր կեանքը, իսկ միւս կողմէ կը կեդրոնանայ Լուիսի պարագային եւ ճափոնցի բանտապահին հետ, որ բռնակալ մըն էր, անոր յարաբերութեան վրայ:
Ժապաւէնը լեցուն էր Լուիսի կրած զրկանքներով ու անոր նկատմամբ եղած վիրաւորանքներով, Լուիսի ներաշխարհի վերիվայրումները. կը ներկայացուի բանտապահին դաժան ու բիրտ վերաբերումը Լուիսի նկատմամբ` ճզմելու համար անոր ապրելու ձգտումն ու կամքը (քանի որ բանտապահը գիտէր, թէ Լուիս ախոյեան էր): Կան նաեւ Լուիսի վիրաւորուած ու վրիժառուի նայուածքները եւ մտորումները բանտապետին նկատմամբ. «Օր մը քեզ պիտի սպանեմ»:
Ժապաւէնը լրիւ դիտեցի, եւ ինչպէս որոշ ժապաւէններ, այս ալ իր ազդեցութիւն ունեցաւ ներաշխարհիս վրայ, ու մէջս սկսած ծագիլ մտմտուք մը. «Ես արդեօք ո՞ւր կ’երթամ»:
«Մեզի համար շատ կարեւոր է հաւաքական կեանք հասկացողութիւնը»: Ճիւնն է խօսողը` Ճափոնի մեր ընկերութեան գործադիր տնօրէնը: «Մեր պատմութիւնը լեցուն է արիւնով ու դաժանութեամբ, եւ այլեւս չենք ուզեր այդ մէկը կրկնել: Կ’ուզենք նոր կեանք մը կերտել որպէս երկիր եւ հաւաքականութիւն»:
Ճափոնի մէջ իմ քանի մը օրերու այցելութեանս ընթացքին ես վայելեցի այս «նոր կեանք»-ը: Ճափոնցիք կրցած էին տեսնել, թէ իրենց պատմութիւնը «դաժան» եղած էր եւ «սխալներով» լեցուն: Ուստի` որպէս երկիր եւ հաւաքականութիւն, տենդագին կերպով լծուած են այդ «դաժան»-ը ու «սխալ»-ը սրբագրելու: Մէկ կողմէ կ’ապրիս Ճափոնի յառաջխաղացքը, բայց նաեւ մարդկային կենցաղը, մարդոց նկատմամբ ճափոնցիներուն ունեցած յարգանքը ու տրուած արժէքին կարեւորութիւնը: Անոնք «դաժան»-ը եւ «սխալ»-ը սրբագրելով ստեղծած են նոր դաստիարակութիւն, որուն վրայ հիմնած են իրենց հաւաքական կեանքերը եւ այս` նոր գրաւականով: Անոնց հաւաքական այս կեանքերն են, որ այսօր յառաջխաղացքի մէջ են:
«Հայկական գաղութը կը հաշուէ մօտաւորապէս հարիւր հայ»: Դոկտ. Կրանտ Պօղոսեանն է խօսողը` Հայաստանի դեսպանը Ճափոնի մէջ: «Չունինք գաղութի դրուածք, այնպէս որ դեսպանատունը նաեւ դարձած է հայութիւնը քով-քովի բերող հաւաքավայր»: Դոկտ. Պօղոսեան քսանհինգ տարիներէ ի վեր կ՛ապրի Թոքիօ: Եկած է որպէս համալսարանի դասախօս եւ ամպիոնի վարիչ, կը տիրապետէ ճափօներէն լեզուին: Ներկայիս Հայաստանի դեսպան նշանակուած է: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ հրատարակած է գրքոյկներ ճափօներէն լեզուով` տեղացի ժողովուրդին ներկայացնելու համար հայուն արհաւիրքը: «Ճափոնցի ժողովուրդը ապրած է եւ գիտէ ցաւը, այնպէս որ կրնայ հասկնալ հայուն ենթարկուած Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը», շարունակեց դոկտ. Պօղոսեան:
Այդ ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը եւ անոր հետեւանքները կը տեւեն մինչեւ այսօր: Սփիւռքը եւ հայուն կոտորակուած ու աշխարհով մէկ տարածուած իրավիճակն է: Ռազմիկ Պալեանը Իրանէն անցած է Անգլիա եւ ներկայիս կ’ապրի Թոքիօ: «Կը փորձենք ամէն ձեւով հայ մնալ», Ռազմիկն է խօսողը: «Տունը հայերէն կը խօսինք, որպէսզի զաւակներս վարժուին եւ սորվին: Ուրիշ գաղութներու նման կազմակերպուած չենք, որպէսզի կարենայինք 100-ամեակին առիթով պատշաճ կերպով նախաձեռնութիւններ կատարել», ըսաւ ան: Բայց Ռազմիկ ունէր «հպարտութիւն» մը, զոր բաժնեց ինծի հետ: «Տղաս, որ տեղական դպրոց կը յաճախէ, իր դասապահերու մէկուն որպէս նիւթ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը», եզրափակեց Ռազմիկ:
Հայը ամէն տեղ իր «ցաւը» կը դրսեւորէ որպէս յիշեցում, բայց նաեւ պահանջատիրութիւն:
Ապրիլ 30-ին Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեր պատմութիւնը դաժան է: Կարելի չէ ժամանակին ընթացքը փոխել եւ վերադառնալ բռնութեան օրերուն ու չընել ինչ որ եղած է: Ես իմ յարգանքս եւ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ ամերիկացի ժողովուրդին եւ անոր բոլոր նահատակներուն, որոնք ինկան Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին…»: Ու տակաւին, վարչապետը «համեստութիւնը» ունեցաւ խօսելու պատմութեան ընթացքին իր երկրին «սխալներուն» մասին` տարածաշրջանի երկիրներուն նկատմամբ: «Մեր արարքները միայն դժբախտութիւն բերին ասիական երկիրներու ժողովուրդներուն»:
Եւ անպայմանօրէն կը սկսիս հարց տալ: Ե՞րբ պիտի գայ այն օրը, որ Թուրքիան ալ «յանդգնութիւն»-ը եւ «համեստութիւն»-ը պիտի ունենայ` յար եւ նման Ճափոնի, ընդունելու, թէ իրենց պատմութիւնն ալ «դաժան» է, եւ թէ իրենք ալ «միայն դժբախտութիւն բերին տարածաշրջանի երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն»: Եւ դժբախտութիւնը մարդկային նահատակներն են, հողային կլանումը ու աւելին®
Բայց կը վերադառնամ օդանաւին մէջ դիտած ժապաւէնիս: Համաշխարհային պատերազմը կ՛աւարտի, Ճափոն կը յանձնուի, ու գերիները ազատ կ՛արձակուին: Այս պայմաններուն մէջ Լուիս պէտք էր ընտրութիւն կատարէր:
Լուիս չսպանեց ճափոնցի բռնապետը, այլ որոշեց իր «վրէժ»-ը լուծել «նոր կեանքեր» կերտելով: Ան իր կեանքը նուիրեց հոգեւոր եւ մարդասիրական առաքելութեան` նոր կեանքեր եւ հաւաքականութիւններ ստեղծելով…:
Եւ հայուն պատմութեան փորձն ալ այդպէս էր: Ցեղասպանութենէն ետք «նոր»-ը շինելով է, որ հայը վերապրեցաւ եւ ոչ թէ սպաննելով, այդ «նոր»-ն է, որ հայուն կու տայ ուժը եւ վճռակամութիւնը շարունակելու իր «աւանդ»-ը քիչ մը ամէն տեղ եւ մինչեւ Թոքիօ: Այդ «նոր»-ին ուժով է, որ Ռազմիկին զաւակը ու բոլոր հայ մանուկները պիտի շարունակեն ներկայացնել ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը` յիշելով եւ պահանջելով…:
Իսկ այսօ՞ր: Հայը պիտի շարունակէ իր երթը հարիւրամեակէն անդին, պիտի շարունակէ «նոր» կեանքեր կերտել ամէն տեղ, որովհետեւ «նոր» կեանքեր կերտելով է, որ հայը պիտի կրնայ զօրաւոր կերպով յիշել, յիշեցնել, պահանջել ու տակաւին պահանջատէր ըլլալ թէ` Թուրքիոյ «պատմութիւնը դաժան» է, պէտք է «սրբագրուի», բայց նաեւ «նոր»-ը հատուցուի…: