Որպէսզի կանխատեսե՛նք գալիքը

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը հանգրուան մըն է։
Հարիւրամեակի առթիւ ստեղծուած համագործակցական ոգին, յառաջացած միացեալ յանձնախումբերը ու հաւաքաբար իրականացած եւ իրականացող նախաձեռնութիւնները լաւ սկիզբ մը ու խարիսխ մը կրնան հանդիսանալ լաւապէս օգտուելու համար այս հանգրուանէն ու պատրաստուելու համար մեր ազգային կեանքի յաջորդ փուլին։ Պահ մը կանգ առնելու, թէ՛ ետ նայելու եւ թէ՛ առաջ նայելու համար։ Ինքնաքննումի՛ համար։ Ծրագրումի՛ համար։ Վերազարթնումի համար մանաւանդ։
Ինքնաքննութիւնը պարտադիր է։ Ի՞նչ ըրինք, ինչպէ՞ս ըրինք, ի՞նչը յաջողեցաւ, ի՞նչը՝ ոչ։ Ինչո՞ւ չյաջողեցաւ։ Ու այսպէս ամբողջ շարք մը հարցումներու, որ պարտաւորենք տալու մենք մեզի եւ ազգովին փնտռելու անոնց պատասխանները։ Որո՞նք էին մեր առաւելութիւնները, որո՞նք՝ մեր պակասութիւնները, ինչի՞ մէջ կը կայանար մեր ուժը, ինչի՞ մէջ՝ մեր տկարութիւնը։
Որքա՞ն կրցանք մեր պատգամը տեղ հասցնել։ Որքա՞ն նոր զօրավիգ կրցանք ձեռք ձգել ի նպաստ մեր Դատին, մեր Հայրենիքին, մեր Ազգին։
Ի՞նչ արտաքին ազդակներ օգնեցին մեզի տեղական, շրջանային թէ համաշխարհային առումով, ի՞նչ ազդակներ՝ խանգարեցին, մանաւանդ թշնամիին կողմէ։ Որքա՞ն կրցանք օգտուիլ դրական ազդակներէն, որքա՞ն կարողացանք դիմադրել բացասականներուն։
Այս բոլոր հարցադրումները չեն կրնար սահմանափակուիլ լոկ հարիւրամեակի ծիրին մէջ եւ այդ առթիւ տեղի ունեցած եւ տակաւին ունենալիք աշխատանքներու պարագային։ Հարիւրամեակը հանգրուան մըն է համազգային առումով, հայութեան ապրած բովանդակ կեանքի ընթածիրին վրայ։ Չենք կրնար զայն քննել առանց նաեւ քննելու այդ կեանքի բոլոր երեսները, յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները ընդհանրապէս, որոնց արդիւնքը հանդիսացաւ, ի միջի այլոց, նաեւ այս հանգրուանը։
Իսկ ո՞ւր պիտի երթանք ասկէ անդին։ Ահա ուրեմն ծրագրումի անհրաժեշտութիւնը։ Եթէ արդարօրէն կրնանք հպարտանալ, որ ի վերջոյ յաջողեցանք համախմբուիլ ազգային մէկ ընդհանուր տեսիլքի մը շուրջ, որ բանաձեւուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի հռչակագրով, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ազգային ռազմավարութիւնը այդ տեսիլքը իրականութեան վերածելու համար։  Իսկ այդ ռազմավարութիւնը չի կրնար ընդգրկել միայն Մեծ եղեռնի ոգեկոչումները՝ եկող տարի, հինգ տարի ետք, տասը կամ քսանհինգ… Հռչակագիրը կը վերաբերի մեր ազգային գոյութեան, այդ գոյութիւնը պահելու մեր կամքին, մեր գոյամարտի՛ն։ Կը գիտակցի՞նք, որ այս հանգրուանէն ետք ազգային միասնութեան սկզբունքէն նահանջող իւրաքանչիւր քայլ ձախողութիւն մըն է, պարտութիւն մըն է… ամօթալի պարտութիւն մը, որուն պատասխանատուն պիտի ըլլանք մենք, եւ ոչ թէ թշնամին։
Այդ ծրագրումը, հայութեան բոլոր մասերուն մասնակցութեամբ, ներառեալ՝ պետութիւն, եկեղեցիներ, կուսակցութիւններ, միութիւններ ու հաստատութիւններ, այլեւ անհատ ազգայիններ, ձեւ պէտք է առնէ նկատի առնելով թէ՛ Հայաստան-Արցախ-Ջաւախք տակաւին հայաբնակ մեր Հայրենիքը, թէ՛ մեծ մասամբ հայաթափուած մեր բռնագրաւուած հողերը, թէ՛ հետզհետէ դեռեւս ընդլայնող Սփիւռքը։ Նկատի առնելով քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ բոլոր ոլորտները։ Նկատի առնելով մեր ամբողջ ներուժը՝ մարդկային թէ նիւթական։
Այս ինքնաքննութիւնն ու ծրագրումը ինքնանպատակ չեն ի հարկէ։ Անօգուտ եւ անիմաստ ալ կրնան թուիլ, եթէ վերազարթնումը չըլլայ մեր գալիք փուլի առաջնահերթութիւնը։
Հարուածը աննախընթաց ծանրութեամբ իջաւ մեր գլխին հարիւր տարի առաջ։ Կրցանք վերապրիլ։ Նոյնիսկ այդ վերապրումը կրնանք հարցականի տակ դնել, ի տես մեր ներկայ վիճակին՝ հետզհետէ հայաթափուող, այսինքն նոր եղեռնի մը ենթարկուող հայրենիքով մը, հետզհետէ ձուլուող, այսինքն հայութենէ հեռացող գաղթօճախներով, հետզհետէ անհետացող կամ աղճատուող լեզուով մը, հետզհետէ իր ինքնուրոյնութիւնը զիջող մշակոյթով մը։
Սակայն մենք սովոր չենք յուսահատելու, զէնքերը վար դնելու։ Մենք՝ հազար տարիէ իվեր, հինգ թէ տա՛սը հազար տարիէ իվեր։ Դիմանալու եւ վերընձիւղուելու մեր բազմահազարամեայ ունակութիւնը վերստին պէտք է ի յայտ գայ ու մեզ մղէ այս արեւին տակ մեր տեղը չզիջելու վճռակամութեան։
Հարիւրամեակը կրնայ այդ վճռակամութեան նախանշանը ըլլալ։
Այս մասին ալ յաջորդիւ՝ փակելու համար այս շարքը։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ