Միթէ՞ շատ քալեր ենք Տէր Զօրի ճամբաներուն վրայ եւ այն պատճառով յոգներ ու զզուեր ենք արդէն քալելէն:
Արդեօ՞ք շատ ենք պահանջեր հարիւր տարիներու ընթացքին եւ արդէն մաշեր է մեր ձայնը:
Իսկապէ՞ս շատ եղաւ տասը հազար հոգի Հարիւրամեակի բողոքին առթիւ եւ բաւարար՝ մեր խիղճի խայթը հանդարտեցնելու համար:
Ու՞ր էին Գանատացի քառասուն հազար հայերը Հարիւրմէկամեակի Մայիս 8-ին:
Ահ… գիտեմ…«Մայրերու Օր» էր…: Մեր մայրերը չէին կրնար սպասել չորս կամ հինգ ժամ ունենալու համար իրենց զաւակներուն եւ թոռնիկներու այցելութիւնը, նուէրները, գուրգուրանքը: Մեր, փառք Աստուծոյ ողջ մայրերը, 2016 Մայիս 8-ին կը դառնան աւելի սուրբ քան 1915-ի զոհուած մայրերը…, եւ յատկապէս՝ ճիշտ այդ 4 կամ 5 ժամերու ընթացքին:
Աւաղ…: Թերեւս պէտք էր ձեր ներկայութիւնը՝ հայորդինե’ր:
Ու՞ր էին հազարաւոր նոր հասած սուրիահայերը, որոնց համար լման գաղութը
կազմակերպուեցաւ իրենց դպրոցներով, եկեղեցիներով, ակումբներով:
Ահ… գիտեմ… դժուար է երթեւեկի հարցը:
Ամէն մարդու համար ալ ընդհանրապէս օդը ցուրտ էր…: Այս ցուրտին ալ գայլարշաւ կ’ըլլա՞յ:
Աւա՜ղ… թերեւս պէտք էր բոլորիս ջերմութիւնը:
Անձնապէս երբէք չեմ աշխատած քաղաքական գետնի վրայ: Պարզապէս մշակութային գործիչ մըն եմ: Բայց կեանքը ինքը քաղաքականութիւն է:
Երբ ժամանակը կու գայ արտայայտուելու իբր ազգ, անընդունելի կը գտնեմ այսպիսի
տկարութիւններ մեզի նման ժողովուրդի մը համար:
Կը բաւէ՛ այլեւս մեղադրելէ մեր կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն:
Ամէն մէկ անհատ պարտաւոր է, հաւանաբար զրկուելով իր հանգիստէն, օժանդակութիւն բերելու եւ մասնակցելու այլ միութիւններու կատարած գործունէութեան, մանաւանդ երբ ան կը կատարուի տեղական (օտար) քաղաքական մակարդակի վրայ:
Ու՞ր էին բոլոր անոնք որոնք կը քարոզեն միասնականութիւն, երբ օրինակելի ձեւով կը կազմակերպուի այսպիսի ցոյց մը: Ու՞ր բոլոր անոնք, որոնք facebook-ներու վրայ կը ողբան Արցախի մեր մարտիկներուն մասին, կամ կը հպարտանան անոնցմով:
Ահ… գիտեմ…:Այս մէկ ցոյցն ալ միայն հայերուն համար չէր…:
Այս մէկ ցոյցը բոլոր Ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ էր: Այո՛, այս մէկ ցոյցը մարդկութեան մասին էր:
Աւա՜ղ…: Մոռցեր ենք թէ մարդկութեան մաս կը կազմենք: Այդքա՞ն խորունկ են մեր վէրքերը:
Աւաղ եւ ուշադրութիւ՛ն: Ցեղասպանը կը շարունակէ ոչնչացնել մեզ:
Հարիւր տարիներ պահանջեցինք որ աշխարհը մեր կողքին կանգնի: Մայիս 8-ին ներկայ էին մեզի պէս ուրիշներ, մեզի նման ուրիշ ազգերու ներկայացուցիչ խումբեր: Հոն էին նաեւ պետական անձնաւորութիւններ:
Անցեալ տարուայ տասը հազարը պէտք էր քսան հազար ըլլար այս տարի:
“Marche pour l’humanité et pour la prevention des genocides” կը պատկանէր բոլորիս, բոլորի՛ս:
Նանսի Իսսա Թորոսեան