ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՏԵՍԱԿԷՏՆԵՐ

ԿԱՇԱՌԱԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԴէՄ ՊԱՅՔԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

 

 

Կաշառակերութիւնը, կամ փտախտը (corruption) համատարած ախտ մը կը թուի ըլլալ աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ, առաւել կամ նուազ չափով: Միայն վերջին տարիներուն է որ այս հարցը կ’ուսումնասիրուի գիտական եւ առարկայական մօտեցումով ու անոր նոյնիսկ մասնակի դարմանումով կը յուսացուի որ ժողովուրդներու, եւ յատկապէս թերաճ երկիրներու մէջ, ապրուստի մակարդակը պիտի բարձրանայ:

Անցեալ շաբաթ, Երեւանի մէջ համաձայնութիւն մը ստորագրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Գործակցութեան (USAID) Երեւանի Գրասենեակի տնօրէնին եւ Հայաստանի Պետական Պաշտօնէութեան տնօրէնին միջեւ, իրագործելու համար 2015-2018 տարիներուն ընթացքին փտախտի դէմ պայքարի ծրագիր մը, որուն համար պիտի կազմուին մասնագէտներու յանձնախումբեր  կրթական, հանրային ծառայութեան, եկամուտներու, առողջապահական եւ ոստիկանական ծառայութեան վերաբերեալ, որոնք պիտի ապահովեն անոնց գործունէութեան թափանցիկութիւնը: Այս ծրագրին համար USAID-ը կը յատկացնէ 750,000 տոլար: Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յայտնած է թէ կա’յ հակա-փտախտի յստակ ծրագրի մը իրագործման քաղաքական կամքը, նպատակ ունենալով իրագործելու թափանցիկութեան, հաշուետուութեան եւ գործնական փոփոխութիւններ,  որոնք պիտի յառաջացնեն Հայաստանի մէջ ապրուստի մակարդակի բարձրացումը:

Հարց կրնայ ծագիլ թէ կաշառակերութեան արգելք ըլլալու նման ճիգերու համար երբ խոշոր գումարներ կը տրամադրուին, արդեօ՞ք չի քաջալերուիր իւրացումի փորձութինը, երբ «ոչխարներու պահապան նշանակուի գայլը»: Տեղին է պատմական տուեալները վերանայիլ եւ յստակացնել:

«Միջազգային Թափանցիկութիւն» (Transparency International -TI) կազմակերպութիւնը 1993-ին կազմուեցաւ Գերմանիոյ մէջ որպէս ոչ-պետական եւ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւն, որու  առաքելութիւնը եղաւ՝ բացայայտել հեղինակութեան մը վստահուածին չարաշահումը (abuse) ՝ սեփական շահի համար, որ պիտի վնասէ անոնց որոնք կախեալ են հեղինակութեան դիրքի վրայ եղողին անեղծութենէն (integrity): Նախ որոշուեցաւ չզբաղիլ անհատական փտախտի պարագաներով, այլ համայնքային ընկերակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ կառավարութիւններու հետ, թափանցիկութեան հասկացողութեամբ (perception): Ապա հաստատուեցաւ  Corruption Perception Index ցուցանիշը, անով հետապնդելու եւ տարուէ տարի հետեւելու աշխարհի 167 երկիրներու այդ ցուցանիշով ցոլացող թափանցիկութեան աստիճանը: Օրինակ՝ 2016-ի բարձրագոյն ցուցանիշ ունեցող երկիրը Տանիմարքան է: Հայաստանը 95-րդն է, Միացեալ Նահանգները՝ 16-րդը, Թուրքիան՝ 66-րդը, Ռուսիան՝ 119-րդը, Իրանը՝ 130-րդը, եւլն.:

TI-ը իր մասնաճիւղերը ունի մօտ 100 երկիրներու մէջ ուր ան կը հետապնդէ (monitor) եւ կը հրատարակէ խոշոր ընկերակցութիւններու, հանրային պաշտօնատարներու, քաղաքական կազմակերպութիւններու, միջազգային զարգացման կազմակերպութիւններու տուեալները ու ձայն կուտայ փտախտի զոհերուն: Ուրեմն, կաշառակերութեան կազմակերպուած գործունէութիւններն են որոնց բացայայտումին միջոցաւ պայքար կը տարուի փտախտի դէմ:

Մօտ շաբաթ մը առաջ ամերիկեան CNN լրատու գործակալութիւնը յայտարարեց Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Օլմէրթի 8 ամիս բանտարկութեան դատապարտուելու լուրը, հետեւանք՝ ամերիկացի գործարարէ մը 25,000 տոլար հնչիւն գումար մը ստացած ըլլալուն համար: Նոյն անձը 6 տարուայ բանտարկութեան ենթարկուած էր, որպէս Երուսաղէմի քաղաքապետ խնդրայարոյց շինարարութեան ծրագրի մը իր դերին կապակցութեամբ:

Եթէ նոյն օրինակով Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնատարներու բացայայտումը կարելի ըլլայ կատարել, քանի՞ պաշտօնակատար պիտի մնայ երկիրը կառավարելու համար:

 

Տոքթ. Յ. Արզումանեան