ԱՅՍ ԲԱՂՁԱԼԻ «ՊԱՏՈՒՀԱՍ»Ը`… ՏԵՄՈՔՐԱՍԻՆ

Տե­մոք­րասիի կամ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ար­մատ­նե­րը կ՛եր­կա­րին մեր թուար­կու­թե­նէն առաջ, մին­չեւ վե­ցե­րորդ դա­րու Աթէնք, Սոկ­րա­տէն, Պղա­տոն եւ Արիս­տո­տէլ, սա­կայն պատ­մա­գէտ­ներ կը հա­ւա­տան, որ անոր ար­մատ­նե­րը շատ աւե­լի խոր թաղ­ուած են պատ­մու­թեան ծալ­քե­րուն մէջ:

Հին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներն ու պե­տու­թիւն­նե­րը ին­չո՞ւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան այս ձե­ւին դի­մած են ինք­նա­կա­ռա­վար­ման հա­մար. ին­չո՞ւ մեր­ժած են մէկ հոգիի որո­շու­մին են­թարկուիլ եւ նա­խընտ­րած են խմ­բա­յին որո­շու­մը, այ­սինքն` ժո­ղո­վա­կան­նե­րը բո­լո­րը հա­ւա­սար իրա­ւունք­ներ պէտք է վա­յե­լեն, իսկ որե­ւէ որո­շում խմ­բա­յին ըլ­լա­լու է կամ մե­ծա­մաս­նա­կան:

Եր­կու­քու­կէս կամ երեք հա­զա­րամ­եակ ետք, այս օրե­րուն, տա­կա­ւին անոր անհ­րա­ժեշ­տու­թեան չհա­ւա­տա­ցող­ներ կան` մաս­նա­ւո­րա­բար իշ­խա­նա­տենչ մար­դիկ: Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան մու­նե­տիկ­նե­րը մե­զի կը հա­ւաստ­ի­աց­նեն, որ տե­մոք­րա­սին մարդ­կա­յին քա­ղա­քա­կան միտ­քի զար­գաց­ման գա­գաթ­նա­կէտն է եւ կ՛աշ­խա­տին բո­լոր ազ­գե­րը մղել որ­դեգ­րե­լու կա­ռա­վար­ման այս եղա­նա­կը, իսկ եթէ անոնք ընդ­դի­մա­նան, իրենք պատ­րաստ են, յա­նուն տե­մոք­րասիի տա­րած­ման, եր­կիր ներ­խու­ժել եւ բռ­նի ու­ժով պարտադրել զայն, նոյ­նիսկ եթէ եր­կի­րը քանդ­ուի եւ մար­դիկ զոհ­ուին… Թող հայ­կա­կան առա­ծը ըսէ որ` «Լուի մը հա­մար, ամ­բողջ գոր­գը չեն այ­րեր»… Կ՛այ­րեն ու շուրջ­բո­լորն ալ ծու­խով կը ծած­կեն. կա­րե­ւո­րը «լուն» սպան­նելն է:

–Բայց, բա­րե­կա՛մ կամ ան­ծա­նօ՛թ «բա­րե­րար», ես այդ  լուին հետ վարժ­ուած եմ ապ­րիլ եւ կր­նամ այդ­պէս ալ շա­րու­նա­կել, ալ ին­չո՞ւ ամ­բողջ գոր­գը այ­րեմ…

–Մի­ա­միտ, ան­ծա­նօ՛թ բա­րե­կամ, լուե­րը շատ վտան­գա­ւոր են, անոնք արագ կ՛աճին ու կը տա­րած­ուին եւ մար­դոց արիւնը կը ծծեն, այն­պէս որ պէտք է զա­նոնք ոչն­չաց­նել:

–Բայց «հո­գա­տար ու ցաւ­սիրտ բա­րե­կամ», չէ՞ որ ձեր «բա­րե­գոր­ծու­թեան» ըն­թաց­քին ո՛չ ժո­ղո­վուրդ կը ձգէք որ վա­յե­լէ ձեր բա­րի­քը, ոչ ալ գորգ, որուն վրայ մարդ ապ­րի:

–Սա­կայն «գա­ղա­փա­րը» կ՛ապ­րի:

–Որո՞ւն հա­մար:

–Ինքն իրեն հա­մար:

Այս շին­ծու ման­րա­թատ­րո­նը թէ­եւ շատ բան կ՛ըսէ, սա­կայն ժո­ղովըր­դա­վա­րու­թիւնը իս­կա­պէս լաւ գա­ղա­փար է: Այո՛ «գա­ղա­փար» է, զոր կի­րա­ռե­լը դժ­ուար է եւ սա­կայն օգ­տա­կար է, եթէ ան­շուշտ ճիշդ կի­րառ­ուի: Իսկ անոր ճիշդ կի­րառ­ուե­լուն գրա­ւա­կա­նը ի՞նչ է. քա­ղա­քակրթը­ւա­ծու­թի՞ւն, զար­գա­ցո՞ւմ, գի­տակ­ցու­թի՞ւն… Ո՞վ պի­տի կա­րե­նայ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ անիշ­խա­նու­թեան մի­ջեւ գտ­նուող մա­զի թե­լը պա­տի վե­րա­ծել. ո՞վ… թէ չէ պի­տի շա­րու­նա­կենք տե­մոք­րասիի անու­նով միլի­ոն տե­սակ մեղք գոր­ծել. չէ՞ որ խօս­քի ազա­տու­թիւն կայ, չէ՞ որ կար­ծի­քի ազա­տու­թիւն կայ…  ու ամէն տե­սակ սր­բու­թիւն ոտ­նա­կոխ կ՛ըլ­լայ, նա­խա­գահ­ներ կ՛ան­ուա­նարկուին ամե­նագ­ռե­հիկ ածա­կան­նե­րով, հան­րօ­գուտ կա­ռոյց­ներ եւ սե­փա­կան գոր­ծա­տե­ղի­ներ եւ վա­ճա­ռա­տու­ներ քան­դու­մի ու թա­լա­նի կ՛են­թարկ­ուին, արիւն կը թա­փի եւ այս բո­լո­րը իրենք զի­րենք տե­մոք­րասիի կն­քա­հայր կար­գած պե­տու­թիւն­նե­րու մէջ:

Երբ այս մա­սին կը խօ­սէի եր­կու ամե­րի­կա­հա­յե­րու հետ, մատ­նանը­շե­լով Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու տե­մոք­րա­սիին, անոնք քի­թեր­նուն տա­կէն թե­թեւ մը ժպ­տա­ցին:

 

Յակոբ Միքայէլեան