ԱՆԷԾՔ

Շահան Շահնուր

«Դուն հայու լակոտ, դուն ամէնէն շուտը կը փոխուիս անասունի,

եթէ օր մը իսկ մնաս առանց վիշտի»:

 

Այ­սօր, սուր­ի­ա­հա­յե­րու նոր գող­գո­թան տես­նե­լով, կը մտա­ծեմ Շահ­նու­րի գրա­ծին մա­սին «Նահանջը առանց եր­գի» վէ­պին մէջ` «Դուն հա­յու լա­կոտ…»: Մենք հա­րիւր տա­րի առանց վիշ­տի կ՛ապ­րէ­ինք, անա­սու՞ն դար­ձած էինք, որ նոր վիշ­տի մը մատ­նե­ցին մեզ…

Ին­չու՞ Շահ­նու­րի այս բնու­թագ­րու­մը, որ անէծ­քի կը նմա­նի: Իս­կա­պէ՞ս այդ­պէս է, թէ Շահ­նու­րի ծա­նօթ ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րէն մէկն է, ինչ­պէս Նա­րե­կացիի մա­սին գրա­ծը:

Շահ­նու­րի ամ­բողջ կեան­քը տա­ռա­պանք էր, ֆրան­սա­յի ան­կե­լա­նոց­նե­րէն մէ­կուն մէջ, տասնամեակ­նե­րով ան­կո­ղի­նին գամ­ուած, ահա­ւոր ցա­ւե­րու մէջ: Այդ վի­ճա­կին մէջ, պարզ է, որ մարդ չա­րա­նայ աշ­խար­հին դէմ, մար­դոց դէմ, ինչ­պէս Պ. Դուր­եան չա­րա­ցաւ ու Աս­տու­ծոյ անի­ծեց մահ­ուան ան­կող­ինին մէջ, երբ ան ըն­դա­մէ­նը քսան տա­րե­կան էր:

Վի՞շտն է, որ մեզ պի­տի զգաս­տաց­նէ, մարդ­կայ­նաց­նէ, ապա թէ ոչ անա­սու­նի՞ կը վե­րած­ուինք. բայց ին­չու՞:

Նպա­տակս մեր մե­ծա­գոյն գրող­նե­րէն մէ­կուն, Շա­հան Շահ­նու­րի միտ­քի ար­գա­սի­քը քն­նար­կել չէ. սուր­ի­ա­հա­յե­րուս այս դժո­խա­յին վի­ճա­կին մատն­ուե­լու մա­սին մտո­րում­ներ ընե­լու ճա­նա­պար­հին, վեր­յի­շե­ցի այս ցն­ցող տո­ղե­րը:

Ար­դէն պա­տե­րազ­մի հին­գե­րորդ տար­ուան մէջ ենք եւ վե­րա­քա­ղը ընել անց­նող տա­րի­նե­րու ընթաց­քին պա­տա­հած­նե­րուն, կը նշա­նա­կէ սեւ ու սպի­տակ, արիւ­նով ու ար­ցուն­քով գր­ուած էջերու վե­րըն­թեր­ցու­մը կա­տա­րել, սա­կայն վասն ին­չի՞. ցա­ւե­լու՞, ափ­սո­սա­լու՞, մեր սնա­մէջ համոզում­նե­րուն հա­մար ամօ՞թ զգա­լու: Այս պա­րա­գա­յին ան­թեղ­ուած կրա­կը վե­րար­ծար­ծե­լը, բաց ու կոտ­տա­ցող վէր­քին վրայ աղ ցա­նել պի­տի նշա­նա­կէ: Իսկ փա­կել այդ էջերն ու փոր­ձել ջն­ջել ժամա­նա­կա­հատ­ուած մը մեր հա­մա­տեղ կեան­քէն, յան­ցա­գոր­ծու­թիւն պի­տի ըլ­լար պատ­մու­թեան դէմ:

«Ին­չու՞»նե­րը շա­տոնց դադ­րած են պա­տաս­խան ու­նե­նա­լէ. «Ին­չու՞ սկ­սաւ այս պա­տե­րազ­մը, որո՞նք ծրագ­րե­ցին ու հրահ­րե­ցին, ի՞նչ էր անոնց նպա­տա­կը, Սուր­իոյ նման խա­ղաղ ու բա­րե­բեր եր­կիր մը քան­դե­լը, հա­րիւր հա­զար­նե­րով մարդ­կա­յին զո­հերն ու միլի­ոն­նե­րու գաղթն ու արտագաղ­թը, որու՞ կամ որո՞նց շա­հե­րուն կը նպաս­տէ, վերջ ու­նի՞ այս պա­տե­րազ­մը, թէ տակաւին եր­կար պի­տի տե­ւէ…»: Մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ` շա՛տ, սա­կայն լուրջ ու սպա­ռիչ պատաս­խան չկայ: Նոյ­նիսկ պա­տե­րազ­մը ձեռ­նար­կող­նե­րը ի վի­ճա­կի չեն գիտ­նա­լու, քա­նի ար­դէն ծրագր­ուա­ծը ձեռ­քէ ելած է ու տի­րո­ղը հի­մա քա­ոսն է:

Սուր­ի­ա­հա­յե­րու տա­րան­ջատ­ուի­լը լուրջ մտա­հո­գու­թեան առար­կայ է, հայ­կա­կան Սփիւռ­քի տեսան­կիւ­նէն դիտ­ուած. Հա­լէ­պը սո­վո­րա­կան գա­ղութ մը չէ, որ­պէս­զի ցա­ւինք անոր քայ­քայ­ման ի տես, ո՛չ, Հա­լէ­պը հայ­կա­կան Սփիւռ­քի ամե­նա­կա­րե­ւոր, ամե­նա­տո­կուն ու ամե­նա­հայ եր­կու ամրոց-յե­նա­րան­նե­րէն մին եղած է ու տա­կա­ւին է՛, Պէյ­րու­թի կող­քին. անոր փլու­զու­մը պա­տու­հաս է, անոր փլու­զու­մով կը կա­ղայ Սփիւռ­քը:

Չա­փա­զան­ցու­թիւն մի՛ նկա­տէք, ո՛չ ալ ան­պա­տաս­խա­նա­տու ինք­նա­գո­վու­թիւն. Հա­լէ­պը չի փոխարին­ուիր ո՛չ Լոս Ան­ճե­լո­սով, ոչ ալ այլ հայ գա­ղութ­նե­րով: Հա­լէ­պը հա­րիւր տարիէ ի վեր դեռ կը շա­րու­նա­կէ աւան­դա­պա­հը ըլ­լալ Կո­րուս­եալ Դրախ­տին, Էրկ­րի՛ն, Էրկ­րացիի՛ն, անոր բարքերուն ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն, անոր հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր ու մտա­ւոր արժէք­նե­րուն:

Հա­լէ­պի մէջ հա­սակ կ՛առ­նեն հա­յա­խօս, ազ­գան­ուէր սե­րունդ­ներ. Հա­լէ­պի մէջ խմոր­ուած են գաղթաշ­խար­հի շատ մը կար­կա­ռուն ղե­կա­վար դէմ­քեր, մտա­ւո­րա­կան­ներ, գիտ­նա­կան­ներ, արուես­տա­գէտ­ներ: Բա­ցի Լի­բա­նա­նէն, արա­բա­կան ոչ մէկ երկ­րի մէջ, ուր հայ­կա­կան գա­ղութ կայ, հա­յե­րը այս­քան իրա­ւունք­ներ կը վա­յե­լեն, որ­քան Սուր­իոյ:

Հարկ կա՞յ կրկ­նե­լու, թէ միայն Հա­լէ­պի մէջ տա­սէ աւե­լի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ ու­նինք, (ունէինք), որոնց­մէ հին­գը երկ­րոր­դա­կան, նոյն­քան ալ հայ երեք յա­րան­ուա­նու­թիւն­նե­րուն պատկա­նող եկե­ղե­ցի­ներ, նոյն­քան ալ ակումբ­ներ, միու­թիւն­ներ եւ ան­հա­շիւ մշա­կու­թա­յին, բարեսի­րա­կան, մար­զա­կան, սկաու­տա­կան ձեռ­նարկ­ներ. նոյ­նիսկ հի­մա, պա­տե­րազ­մի այս տարինե­րուն, ուր թէ­եւ քա­նա­կա­կան առու­մով շատ բան կորս­ուե­ցաւ, սա­կայն որա­կը եր­բեք չնահան­ջեց, մնաց նոյ­նը եւ աւե­լի՛: Գա­ղու­թը նօս­րա­ցաւ, մնա­ցող­նե­րուն կրկ­նա­կին գաղ­թեց ակամայ, սա­կայն մնա­ցող­նե­րը կեան­քի ու կեն­ցա­ղի ամե­նա­տար­րա­կան պա­հանջք­նե­րու բացակա­յու­թեան, ընկր­կում չու­նե­ցան, ընդ­հա­կա­ռա­կը, աւե­լի՛ կարծ­րա­ցան, աւե­լի՛սեղ­մե­ցին իրենց գօ­տի­նե­րը եւ ոյ­ժը տուին բա­րե­սի­րա­կան, կրօ­նա­կան, կր­թա­կան, մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան, սկաու­տա­կան եւ այլ ձեռ­նարկ­նե­րու, սրահ­ներ բեր­նէ բե­րան լեց­նե­լով, ար­հա­մար­հե­լով ամէն վայրկ­եան սպառ­նա­ցող վտան­գը:

Եթէ եկե­ղե­ցին մեր ցա­ւե­րը ամո­քե­լու հա­մար «Աստ­ուած մեր համ­բե­րու­թիւնը կը փոր­ձէ Յո­բին պէս» ըսէ, կար­ծեմ հինգ տա­րին բա­ւա­րար է փոր­ձին ար­դիւն­քը գիտ­նա­լու հա­մար: Իսկ Շահ­նու­րի «Անէծք»ն ալ եթէ տա­կա­ւին իր հն­չե­ղու­թիւնը չէ կորսն­ցու­ցած, անոր ալ պա­տաս­խա­նենք, որ հա­յը եր­բեք «լա­կոտ» չէ եւ եր­բեք ալ նոր վիշ­տե­րու պէտք չու­նի մարդ­կայ­նա­նա­լու հա­մար:

Աշ­խար­հի վրայ պա­տե­րազմ չէ եղած որ չէ վեր­ջա­ցած. օր մը ան­պայ­ման այս ան­նա­խա­դէպ պատե­րազմն ալ իր աւար­տը կ՛ու­նե­նայ. այն ատեն հա­լէ­պա­հա­յը կը նս­տի հաշ­ուե­յար­դա­րի. կը հաշ­ուէ իր կորսն­ցու­ցածն ու պահ­պա­նա­ծը եւ ամե­նա­կա­րե­ւո­րը, հաշ­ուի կը նս­տի սուր­ի­ա­հայ գաղու­թի յե­նա­րան­նե­րը քան­դել տուող թուր­քին հետ:

Աշ­խար­հը նոյ­նը չի մնար, հա­յուն սահ­մա­նա­փակ կա­րո­ղու­թիւն­ներն ալ նոյ­նը չեն մնար. գո­ռոզ Թուրք­ի­ան ալ կը փոխ­ուի, կը փո­խե՛ն, անոր մա­գիլ­նե­րը կը տա­շեն. այն ատեն վա՜յ է եկեր սուլթանա­կան պատ­մու­ճա­նի մէջ փաթթ­ուա­ծին. այն ատեն յայտ­նի կ՛ըլ­լայ, թէ «Լա­կոտ»ը որու՞ յար­մար մակ­դիր է:

 

Երեւան

Յակոբ Միքայէլեան