«ԱՊՐԷ՛ ՀԱԼԷՊ»… ՏՈԿԱ՛, ԴԻՄԱՑԻ՛Ր

Երէկ, երեք ամիս առաջ սպանուած հայ զինուոր մը հողին յանձնեցինք, երկու օր առաջ վերջին հրաժեշտ տուեր էինք անոր ընկերոջ:
Ամիսէ մը ի վեր hալէպահայերս դիմատետրի էջերը կը լեցնենք «Ապրէ՛ Հալէպ» վերնագիրը կրող նկարներով եւ տեղեկութիւններով, որոնք մեծ մասամբ կը ներկայացնեն մեր կազմակերպութիւններուն զանազան հանրային գործունէութիւնները, որպէս վկայութիւն մեր կեանքին կառչած մնալուն: Իրապէ՛ս, այս բոլորը կը վկայեն, որ hալէպահայութիւնը տակաւին կ’ապրի, պիտի շարունակէ ապրիլ եւ գոյատեւել:
Այո՛, այս «Ապրէ՛ Հալէպ»ները այնչափ կարեւոր են, մեզի թթուածին տալուն կը նմանին: Ամէն անգամ որ տեսնենք տեղ մը ձեռնարկ մը կատարուած է կ’ուրախանանք, կը զգանք որ կայ Հալէպը, կայ հալէպահայ գաղութը, եղած like-երէն կ’եզրակացնենք նաեւ, թէ Հալէպէն հեռացածներուն ալ սիրտերը տակաւին մերիններուն հետ կը բաբախեն…
Քիչ ետք սակայն բոլորս դարձեալ կ’իյնանք յուսախափութեան գիրկը, դուրսէն դարձեալ կը սկսին այպանող խօսքերը. «Դեռ ի՞նչ կ’ընէք հոն…» , դարձեալ կը սկսին 300 տոլարով հալէպահայու մը կեանքը փրկելու կոչերը, դարձեալ քանի մը ընտանիքներ ճամբայ կ’իյնան՝ դէպի հոն ուր կրնան…
Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ մենք այնքան էական «Ապրէ՛ Հալէպ»ները ակամայ կը վերածենք ջայլամութեան, որովհետեւ կարծէք կը ջանանք ամէն ինչ վարդագոյն ցոյց տալ, մինչդեռ իրականութիւնը այնպէս չէ: Մենք սուտ չենք խօսիր, սակայն ամբողջ ճշմարտութիւնը չըսելը կեղծելու կը նմանի, եւ որոշ ժամանակ ետք կը դադրի ցանկալի արդիւնքը տալէ, կը դադրի հոս մնալու քաջալերիչ ազդակ հանդիսանալէ:
Հալէպը պահպանելու, հալէպահայ գաղութը պահպանելու միակ ձեւը ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ մնալն է, գիտնալ որ տակաւին ամէն վայրկեան կրնան հրասանդ-հաուներ տեղալ, պէտք է գիտակցինք որ ամէն րոպէ կրնանք զոհեր տալ, ամէն րոպէ մեզմէ մէկն ու մէկը կրնայ զոհուիլ, եւ թէ անհատ զոհերը, որքան ալ թանկագին ըլլան անոնք, որքան ալ անփոխարինելի կորուստներ ըլլան անոնք, պէտք չէ մեզ ընկճեն, որովհետեւ գաղութի գոյութեան կը ծառայեն, եւ ասիկա բնական արդիւնքն է մեր հոս մնալուն:
Ես կը հաւատամ որ ճշմարտութիւնը պէտք է բարձրաձայն ըսենք, արդէն կ’ըսենք, բան չենք պահեր, չենք ալ կրնանք պահել, սակայն «Ապրէ՛» մը արձանագրած պահուն մոռացութեան տալ կը ձեւացնենք իրականութեան միւս՝ դառն երեսը, նոյնն ալ կ’ընեն, հալէպահայ գաղութի գոյութեան վերջակէտ դնելու կողմնակիցները, երբ միայն մեր կեանքի սեւ երեսը ցոյց կու տան:
Համոզուած եմ, հոս մնացողներս աւելի կը կառչինք Հալէպին երբ գիտակցաբար մնանք, այսինքն՝ դժուարութիւններուն հետ դէմ յանդիման կանգնինք. օրինակ ըսենք.
«12 Նոյեմբեր կէսօրուայ ժամը 12-ին, Լատինաց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ զոհուած հայորդիի մը թաղման արարողութիւնը, նոյն այդ ժամանակ 97 նորընծայ խաչուհիներ երդման արարողութիւն կատարելով կը միանային Սուրիոյ Օգնութեան Խաչին: Ապրէ՛ Հալէպ»:
Անշուշտ ամէն դժբախտութեան չի համընկնիր ուրախ դէպք մը, ինչպէս որ հակառակն ալ չի համընկնիր, սակայն ամենակարեւորը գիտնանք որ հոս պէտք է մնանք գիտակցաբար, համոզուած ըլլալով որ մեզմէ զոհեր կը պահանջուին եւ ճիշդ պիտի ըլլայ
ԱՊՐԷ՛ ՀԱԼԷՊ-Ը
Կարդալ.
ՏՈԿԱ՛ ՀԱԼԷՊ:
Երէկ կէսօրին հայորդիի մը թաղման արարողութեան ներկայ գտնուեցայ: Մինչեւ հիմա ականջիս մէջն է անոր անմխիթար մօր սուր ճիչը, աչքերուս առջեւն է անոր ուշագնաց վիճակը:
Այս կորուստը հաւասարապէս բոլորիս է:
Նոյն երեկոյեան ներկայ գտնուեցայ «Ադամեան» թատերախումբի «Ծիծաղի երեկոյ»ին:
Երէկ ես լացի սգալով հայրենակցիս կորուստը:
Երէկ ես խնդացի բաժնեկցելով հալէպահայ գաղութի կենսունակութիւնը:

Մանուէլ Քէշիշեան
Հալէպ, 13 Նոյեմբեր 2016