Շատ գրողներ փորձած են խտացնել Հայու կերպարը բառերու մէջ, անոր դրական ու բացասական կողմերը նշելով. թէեւ աւելի առաջ քշած են անոր դրականը, սակայն, երբեք սպառիչ չէ եղած այդ բնութագրումը, որովհետեւ Հայուն նկարագրային գիծերը անպարփակելի են:
Ջերմաչափի ստորոտէն մինչեւ գագաթ կը տարուբերին գնահատականները, մարդկային ամենաազնիւ նկարագրային գիծերէն, մինչեւ ամենայոռին ունին հայերը: Եւ ասիկա տարօրինա՞կ է… երբե՛ք. բոլոր ազգերն ալ ունին այս աստիճանաչափը, սակայն որոշ ազգերու մօտ, մէկ կողմը աւելի գերակշիռ կ՛ըլլայ` դրական կամ բացասական:
Ըստ մեզի, մեր դրականը աւելի կը կշռէ: Ըստ մեզի. եւ իրաւունք ունինք ինքնագովութեամբ արբենալու, սակայն երբեմն ալ բացասականը գլուխ կը ցցէ ու ակամայ կը մտածենք, որ ճի՛շդ կ՛ընէինք, երբ ինքնագովութեամբ գլուխ կը բարձրացնէինք:
Օրինակ, խօսինք մեր Ցեղասպանութեան դարադարձի նշումներուն մասին. աշխարհով մէկ. Այո՛, աշխարհո՛վ մէկ. ոչ մէկ ուրիշ ազգ ցարդ այսպիսի համաշխարհային յուշահանդէս կամ տօնակատարութիւն չէ ունեցած: Ապրի՛նք մենք. մե՛նք ըրինք ու մեր իրաւունքն է ուրիշներէ առաջ գնահատել մեր ըրածն ու հպարտանալ: Ապրի՛նք մենք` ազգովին, Հայաստանով, գաղթօճախներով, պետական ու եկեղեցական կառոյցներով եւ համայն ժողովուրդով:
Հարիւրամեակի վազքէն ետք, իրաւունք ունէինք քիչ մը հանգըստանալու եւ վայելելու մեր ձեռքբերումները բոլոր մարզերէն ներս ու ծրագրելու, թէ այս Ապրիլին Ցեղասպանութեան հարիւրեւմէկերորդ ամեակը ինչպէ՛ս նշելու ենք, երբ գրեթէ սպառած են մեր բոլոր զէնքերը, խօսքի դրամագլուխը եւ զուգահեռ միջոցները:
Սակայն, պատճա՞ռ կը պակսի եւ ահա՛ դէմ յանդիման ենք Արցախեան պատերազմին:
Կարծես Սուրիոյ հնգամեայ պատերազմը չէր բաւեր յուզելու ամբողջ աշխարհի հայութիւնը, վրայ հասաւ Արցախի պատերազմը: Ի՞նչ է, Ապրիլը մեր խա՞չն է, զոր պէտք է կրենք ակամայ:
Ու դարձեալ աշխարհի հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ զօրակցելու Ղարաբաղին: Ահա մեր դրականներուն ամենադրականը… Յուզիչ է. արդէն մենք նշանաւոր ենք մեր յուզական ունակութեամբ եւ ընդունակութեամբ. առաջին քանի մը օրերու այդ յուզումնախառն վիճակը սկսաւ գունափոխուիլ, բարի տրամադրութիւնները սկսան չարանալ, երբ աջէն-ձախէն մարդիկ սկսան քննադատել ու քարկոծել Հայաստանի եւ ԼՂՀ-ի իշխանութիւնները, թէ արդիական զինամթերքի տրամադրուելիք գումարները գրպանուած են ու Արցախը կռուած է անցեալ դարու ութսունականներու հնաոճ զէնքերով եւ ատոր համար ալ բաւական մեծ թիւով զոհեր տուինք… Տեսա՞ք… ահա՛ եւ մեր բացասականը…
Կոչ ըրինք, որ պատերազմի այս օրերուն զուսպ ըլլանք, մեր տկար կողմերը ցոյց չտանք թշնամիին, քննադատութիւնները յետաձգենք, սակայն պատահեցաւ հակառակը. քննադատութիւնները սաստկացան ու աւելի գունաւորուեցան. բան մը, որ եթէ մեզ կը յուզէ, ապա թշնամիին քէֆ կը պատճառէ:
Որքան ալ որ իրական ըլլան քննադատութիւնները, որքան ալ որ դիմատետրի էջերուն նկարուի սեւ Մերսէտէսներու շարասիւնը հարսանիքի մը առթիւ եւ կոչ, որ անոնց համար ծախսուած գումարներով ահագին նոր զէնքերով կրնային զինել Ղարաբաղի բանակը, կամ հիմա ծախեն այդ թանկարժէք մեքենաները եւ զէնք գնեն. բան չի փոխուիր, ո՛չ անոր տէրը իր Մերսէտէսը կը ծախէ, ոչ ալ իշխանաւորներ ետ կը վերադարձնեն իրենց գողցած միլիոնները:
Այս Ապրիլին հանգստանալու իրաւունք չունինք: Ո՛չ այս Ապրիլին, ոչ ալ որեւէ Ապրիլի. Ապրիլը մեր խաչն է երեւի ու պիտի կրենք մինչեւ Գողգոթա, որմէ ետք, յուսանք, կու գայ յարութեան ժամանակը:
Յակոբ Միքայէլեան