Արցախի մէջ տեղի ունեցած եւ աղէտալի հետեւանքներ ունեցած 44-օրեայ պատերազմէն ետք նոր խնդիրներ կուտակուեցան հայութեան համար։ Այդ խնդիրներուն մէջ կարեւոր տեղ կու գար գրաւել Արցախի, մասնաւորաբար գրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական յուշակոթողներուն ճակատագիրը ու այդ մասին ալ օրերս յատուկ՝ «Ապագայ»ին համար հարցազրոյց մ՚ունեցայ Րաֆֆի Քորթոշեանին։ Մեր ընթերցողներուն յիշեցնեմ, որ հետ Րաֆֆի Քորթոշեանը հայրենադարձ (արմատներով ՝ Հալէպէն) ճարտարագէտ է ուսումնասիրող, եւ հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխ տնօրէն։
Պրն. Քորթոշեան, վերջերս մասնակից եղած էք Վիէննայի մէջ կայացած միջազգային գիտաժողովի մը, որ նուիրուած էր Արցախի մէջ՝ հայոց պատմական-մշակութային կոթողներուն եւ ժառանգութեան պաշտպանութեան կարեւորագոյն խնդիրին։ Որո՞նք էին կազմակերպիչները, մասնակիցները եւ Հայաստանն ու հայութիւնը այս համաժողովին ներկայացնողները, եւ ի վերջոյ ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները այդ համաժողովէն։
«Մշակոյթը հակամարտութեան մէջ․ Հարաւային Կովկասն այսօր» խորագրով գիտաժողովի (Վիեննա՝ Weltmuseum Wien, 13-14 Մայիս) կազմակերպիչներու շարքին էին Սալզպուրկի համալսարանի՝ Քրիստոնեայ Արեւելքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի, Հայագիտութեան բաժինը, տնօրէն՝ Եասմին Տում-Թրակուդին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերով գրասենեակը, տնօրէն՝ Հոգշ. Տէր Գարեգին վարդապետ Համբարձումեանի գլխաւորութեամբ:
Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հիմնախնդրին առնչուող հարցերը քննարկող այս գիտաժողովը ունէր խորհրդատուական բնոյթ: Օտար մասնակիցներուն հիմնական խնդիրն էր, հայ մասնակիցներուն ներկայացնել հակամարտութեան գօտիներուն մէջ գտնուող յուշարձաններու պահպանութեան միջազգային փորձը, իսկ հայ մասնակիցներունը՝ անոնց ներկայացնել համամարդկային ժառանգութեան մասնիկ՝ Արցախի Հայկական յուշարձաններու իւրայատկութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց սպառնացող ոչնչացման վտանգները:
Զեկոյցներով հանդէս եկած մասնակիցներէն կրնամ յիշել Քարլ Հապսպուրկ-Լոթրինկընը (միջազգային «Կապոյտ Վահան» կազմակերպութեան նախագահ եւ Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան Աւստրիական ընկերութեան փոխնախագահ), Ֆրանչէսքօ Ռոմանօն (Ժընեւի համալսարանի Արուեստի իրաւաբանական կեդրոնի գլխաւոր քննիչ), Միխայէլ Պէզէնտորֆըրը (գնդապետ, Աւստրիոյ զինուած ուժերու իրաւաբան), Լանտօ Գիրշմայրը (Ազգային եւ միջազգային հանրութեան գծով՝ ընկերային գիտութիւններու եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժնի փրոֆեսոր, Գերմանիոյ զինուած ուժերու համալսարան, Միւնխըն), Եասմին Տում-Թրակուդին, Գարեգին վարդապետ Համբարձումեանը, Լոռի Խաչատուրեանը (Քոռնէլ համալսարանի Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու բաժնի օգնական փրոֆեսոր), Անի Աւագեանը (ICOM Հայաստանի նախկին նախագահ), Սոնա Պալոյեանը (Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի միջազգային յարաբերութիւններու աւագ մասնագէտ) եւ ուրիշներ:
Ինծի համար կարեւոր էր ծանօթանալ յուշարձաններու պաշտպանութեան միջազգային փորձին, յատկապէս՝ հակամարտութեան գօտիներուն մէջ գտնուող: Օտար մասնակիցներու՝ այդ հարցերուն վերաբերեալ զեկոյցները լսելով՝ աւելիով համոզուեցայ, որ Ատրպէյճանի մէջ, հայկական յուշարձաններուն ոչնչացումը (աւելի վաղ՝ նաեւ Թուրքիոյ մէջ), նմանօրինակը չունի ամբողջ աշխարհի մէջ: Հետեւաբար, շատ կարեւոր էր նաեւ հայկական կողմի ներկայութիւնը. մենք փաստագրուած զեկոյցներով կրցանք մեր օտար գործընկերներուն ցոյց տալ, որ գործ ունինք մշակութային ցեղասպանութեան հետ, ուր ոչ միայն յուշարձանները կ՚ոչնչացուին հակամարտող կողմերու շփման գիծի հարեւանութեամբ, այլեւ անկէ շատ աւելի հեռու վայրերու մէջ: Վերջիններս կ՚ոչնչացուին, իբրեւ հայ ժողովուրդին պատկանող սրբավայրեր կամ կառոյցներ, որոշ դէպքերու մէջ նաեւ՝ պատմական իրականութիւնները համակարգուած ձեւով խեղաթիւրելու նպատակով՝ միտումնաւոր կ՚ոչնչացուին անոնց մէկ մասին հայերէն արձանագրութիւնները:
Չէք կրնար պատկերացնել այդ մեծ ցաւը եւ հայկական յուշարձաններու պաշտպանութեան միտուած վճռակամութիւնը, որուն մասին կ՚արտայայտուէին մեր օտար գործընկերները գիտաժողովի աւարտին: Ես կը կարծեմ՝ այս առումով, գիտաժողովը յաջողած է:
Դուք նոյնպէս հանդէս եկած էք այդ համաժողովին, եւ ձեր ելոյթը, ինչքան գիտենք, կապ ունէր Արցախեան պատերազմէն ետք ստեղծուած ընդհանուր դրութեան եւ հայկական կողմի մտավախութիւններուն հետ։ Գլխաւոր կէտերը ի՞նչ էին ձեր ներկայացուցած դասախօսութեան։
Զեկոյցիս խորագիրն էր՝ «Արցախի կամ Լեռնային Ղարաբաղի յուշարձանները եւ անոնց ոչնչացման վախի հիմքերը»: Այստեղ ներկայացուցի անցնող 30 տարիներու ընթացքին, Ատրպէյճանի իրականացուցած քաղաքականութիւնը՝ հայկական յուշարձաններու ոչնչացման, ձեւափոխման, ալպանացման, պատմութեան խեղաթիւրման եւ այլն: Ապա ցուցադրելով Արցախի հրաշալի յուշարձանները՝ մատնանշեցի անոնց սպառնացող վտանգները: Զեկոյցիս ամբողջական նիւթը եւ լուսանկարները կրնաք տեսնել հետեւեալ յղումով
http://raa-am.com/vienna/
Գիտենք նաեւ, որ Հայոց Առաքելական Եկեղեցին, գլխաւորութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին ու անոր գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց հայրապետին, կարեւոր ճիգեր կ՚իրականացնէ Հայոց ժառանգութիւնը պաշտպանելու համար։ Ի՞նչ կարելի է ըսել այդ առումով։
Յատկապէս կրօնական ազատութեան տեսանկիւնէն դիտուած, շատ կարեւոր է Արցախի յուշարձաններու պաշտպանութեան գործին մէջ Մայր Աթոռին ներգրաւուածութիւնը, որուն սերտ կապերը քոյր եկեղեցիներուն եւ քրիստոնէական տարբեր կառոյցներուն հետ կրնան նպաստաւոր արդիւնքներու յանգեցնել։ Քանի որ Արցախի՝ յատկապէս վանքերը եւ եկեղեցիները պէտք չէ դիտարկել միայն իբրեւ ճարտարապետական կոթողներ, այլ իբրեւ սրբատեղիներ՝ մեր ժողովուրդին համար, ուր պէտք է անխափան կատարուին արցախահայութեան հազարամեայ ծէսերն ու կրօնական արարողութիւնները, որոնք իրենց հերթին՝ մարդու հիմնական իրաւունքներէն կը համարուին։
Կան տեղեկութիւններ, որ Պաքուն մեծ ներուժ օգտագործեց, որպէսզի խափանէ այս համաժողովը: Այդ մասին տեղեկութիւններ կա՞ն։
Գիտաժողովէն առաջ, տեղի ատրպէյճանական դեսպանատունէն նամակներ յղուած էին միջոցառման հիմնական կազմակերպիչ՝ Սալզպուրկի համալսարանի տնօրէնութեան, դասախօսներուն եւ հայագիտութեան բաժինի տնօրէնին, գիտաժողովի վայրին՝ Վիէննայի Weltmuseum-ի տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ պետական կառոյցներուն՝ պահանջելով չեղարկել գիտաժողովը: Չստանալով ակնկալուածը՝ Ատրպէյճանի դեսպանը անձամբ մեկնած էր Սալզպուրկ եւ հանդիպած համալսարանի տնօրէնին՝ արեւելեան, տարբեր՝ շողոմ ձեւերով փորձած է յորդորել, որ չեղարկուին ե՛ւ գիտաժողովը, ե՛ւ անոր հետ առնչուող երկու ցուցահանդէսները: Ի պատիւ Աւստրիոյ գիտական եւ պետական այրերուն՝ Ատրպէյճանի բոլոր ջանքերը ապարդիւն անցան:
Ի դէպ, մեզի յայտնի է նաեւ Ատրպէյճանի դեսպանատան կողմէ ուղարկուած նամակին բովանդակութիւնը՝ ատրպէյճանական կեղծիքներու ողջ շարան մը՝ խնդրանքներով, յորդորներով եւ սպառնալիքներով համեմուած:
Ձեր տեսակէտով Եւրոպական ընտանիքը, որ բաւականին իրազեկուած է Պաքուի կողմէ Հայոց ժառանգութեան դէմ տեղի ունեցող վանտալիզմին եւ պղծումներուն վերաբերեալ, պիտի կարողանա՞յ ինչ-որ քայլեր ձեռնարկել պահպանելու համար մեր ժառանգութիւնը, թէ այդ մասին խորհիլն անգամ միամտութիւն է։
Եւրոպական ընտանիք ըսելով՝ չենք կրնար միակազմ համակարգ մը պատկերացնել: Տարբեր են մօտեցումները՝ հասարակ ժողովուրդին, գիտական հասարակութեան եւ պետական մարմիններուն: Սակայն յստակ կրնամ ըսել, որ անկաշառ գիտնականը կամ պետական այրը չի կրնար հանդուրժել Ատրպէյճանի վարքագիծը, ինչպէս նաեւ չի կրնար անտեսել Արցախի բնիկ ժողովուրդին իրաւունքները, որ կը փորձէ գոյատեւել իր պատմական հայրենիքի փոքր հատուածին վրայ եւ որու հայրենի հողին վրայ խաղաղ ստեղծագործելու իրաւունքը ներկայիս վտանգուած է: Բայց եւ այնպէս, մենք պէտք է հասկնանք, որ Եւրոպական կողմը, առ ի պաշտպանութիւն հայկական յուշարձաններուն, լաւագոյն պարագային մեզի կրնայ տալ բանաձեւեր եւ որոշումներ, ինչպէս որ Միջազգային արդարադատութեան դատարանը, Եւրոխորհրդարանը եւ այլ կառոյցներ ըրին: Անշուշտ, անոնք կարեւոր են դանդաղեցնելու համար Ատրպէյճանի մշակութակործան քաղաքականութեան ընթացքը, սակայն մենք պէտք է հասկնանք, որ Հայկական մշակոյթի միակ պաշտպանը այս տարածաշրջանին մէջ, այդ մշակոյթը ստեղծող ժողովուրդի անխաթար ապրելու իրաւունքի ամրագրումն է՝ իր իսկ պատմական հայրենիքին մէջ, որուն միակ երաշխիքը, իր որդիներուն մտքի եւ բազուկի ուժն է:
Այսօրուան դրութեամբ ի՞նչ թարմ տեղեկութիւններ կրնաք փոխանցել մեր ընթերցողներուն. ի՞նչ կը կատարուի Արցախի գրաւեալ տարածքներուն մէջ, եւ իրողապէս մտահոգիչ երեւոյթներ կա՞ն։
Պատահական չէ, որ Արցախը վերջնականապէս իւրացնել ցանկացող Ատրպէյճանը, իբրեւ մեր բնօրրանը սեփականեցնելու քաղաքականութիւն, հիմնովին կ՚ոչնչացնէ հայկական բազմադարեան մշակութային ժառանգութիւնը, որ իսկական տէրերը մատնանշող վկայ է, հետեւաբար՝ թշնամի։ Բազմաթիւ փաստեր ցոյց կու տան, որ 2020 թուականին բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ, վերջին 30 տարիներու ընթացքին կառուցուած հայկական յուշարձաններու ոչնչացումը աւարտին մօտեցած է։ Մեծ չափով ոչնչացուած են նաեւ Խորհրդային ժամանակաշրջանին կառուցուած, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին նուիրուած յուշակոթողներն ու անուանի հայերու յուշարձանները։ Քանդուած են նաեւ բազմաթիւ գերեզմանատուներ, պղծուած են մինչեւ պատերազմը գործող բոլոր եկեղեցիները: Կան նաև փաստեր, որ իբրեւ ալպանական ներկայացնելու նպատակով՝ կ՚ոչնչացուին անոնց մէկ մասի հայերէն արձանագրութիւնները: Սա շարունակութիւնն է այն մշակութակործան քաղաքականութեան, որ Ատրպէյճանը կ՚իրականացնէ 1991 թուականէն սկսեալ եւ որուն հետեւանքով ոչնչացուած են հազարաւոր հայկական յուշարձաններ՝ Նախիջեւանի, Շահումեանի, Հիւսիսային Արցախի եւ Բուն Աղուանքի մէջ: Ցաւօք, այս քաղաքականութիւնը կը շարունակուի, բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներու բացայայտ քարոզչութեամբ: Յիշեմ ընդամէնը երկու օրինակ.
- Հայկական խաչքարերու ոչնչացումը արդարացնելու համար, Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար՝ Անար Քարիմովը յայտարարած է, որ հայերը՝ խաչքար տեղադրելով, հայացուցած են նոյնիսկ ատրպէյճանական Շահպուլաղի բերդը։
- Հայերէն արձանագրութիւններու ոչնչացումը արդարացնելու համար, Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը, Հադրութի Ծաղկավանքէն յայտարարած է, որ վանքի հայերէն շինարարական արձանագրութիւնը կեղծ է։
Առաջին դէպքին պարագային, պարզեցինք, որ զեղծարար նախարարի կողմէ, իբրեւ փաստ ներկայացուած նկարները ոչ թէ Շահպուլաղի բերդէն էր, այլ Վրաստանէն` Ախալցխա քաղաքի բերդէն։
Երկրորդ դէպքի պարագային, Իլհամ Ալիեւը նոյնիսկ չի պատկերացներ, որ Ծաղկավանքի 17-րդ դարու արձանագրութիւնը տարբեր գիրքերու մէջ հրատարակուած է, իր ղեկավարած պետութեան ստեղծումէն շատ տարիներ առաջ` 19-րդ դարէն սկսեալ:
Տարբեր առիթներով Ատրպէյճան առաջ կը քաշէ այն թէզը, որ Արցախի մէջ եղած ու ապրած են միայն Ուտի համայնքի ներկայացուցիչներ։ Այս թէզը ինչքանո՞վ ընդունելի կը դառնայ Արեւմուտքի կողմէ եւ այս մօտեցումներով (այլ առիթներով ալ խօսելով, որ Արցախի մէջ եղող բնիկները հայեր չեն, այլ Ուղղափառ-Օրթոտոքսներ) ի՞նչ նպատակ կ՚ուզէ իրականացնել Պաքուն։ Ինչքանո՞վ ձեզի՝ որպէս պատմաբանի կը մտահոգեն այդ մօտեցումները։
Ուտի ժողովուրդի բնօրրանը Բուն Աղուանքն է՝ Կուր գետի ձախ ափը եւ ոչ թէ աջ, ուր Արցախն է: Սա պատմական անհերքելի փաստ է: Աւելի քան մէկուկէս հազարամեայ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդ մեր Ուտի եղբայրները, այսօր պատանդ են Ատրպէյճանի իշխող վերնախաւի ձեռքին մէջ, իսկ անոնց ներկայացուցիչները վախի եւ սպառնալիքներու պայմաններու մէջ կ՚ապրին:
Չունենալով պատմական որեւէ հիմք՝ Ատրպէյճանը 30 տարիէ աւելի՝ առաջ կը տանի Արցախի ալպանացման քաղաքականութիւնը (սկսած Խորհրդային Ատրպէյճանի տարիներէն), որուն վերջնական նպատակը Արցախի իւրացումն է: Սա զուտ քաղաքական թէզ է, եւ ինքզինք յարգող ոչ մէկ գիտնական կրնայ գիտականօրէն վերարտադրել այս մօտեցումը։
Նմանատիպ իւրացման քաղաքականութիւն կը տարուի նաեւ Վրաստանի ատրպէյճանաբնակ շրջաններուն մէջ, ուր մեզի հանդիպած թուրքերը, իրենց գիւղերուն մէջ գտնուող եկեղեցիները կ՚անուանէին ալպանական եւ կ՚ըսէին, որ Պաքուէն եկած գիտնականները այդ մասին վկայած են:
Կը կարծեմ՝ այլոց ինքնութիւնը մերժող եւ մշակոյթը սեփականացնող Ատրպէյճանի այս քաղաքականութիւնը մտահոգիչ պէտք է ըլլայ ոչ միայն մեզի, այլեւ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար, քանի որ հերթը, օր մը անոնց ալ կը հասնի:
Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի