Տեղ գիւղի սադրանքը
Անցնող օրերուն Հայաստանի մէջ գերակայ օրակարգ կը դառնար սահմաններու անվտանգութեան հիմնահարցը։
Բոլորիս համար ակներեւ է, որ Պաքուի բռնապետ՝ Ալիեւի կողմէ լսելի դարձած սպառնալիքները կը շարունակուին ու Ալիեւի բանակը առիթ չի փախցներ այդ սպառնալիքները գործնական գետին տանելու։ Այսպէս անցեալ տարուան Սեպտեմբերին հայրենի Ջերմուկ բնակավայրին ուղղութեամբ եղած ռազմական գործողութիւններէն ետք, այս անգամ Գորիս բնակավայրի Տեղ գիւղը կը դառնար ուշադրութեան առանց։ Ատրպէյճանեան ուժեր, որոնք գրեթէ երկու շաբաթ առաջ տեղակայուած էին այդ տեղանքներուն վրայ կը յառաջանային դիրքերու ամրացման աշխատանքներ կատարող հայոց բանակի կէտերուն։
Ընթացք կ’առնէր լեզուակռիւ, որն արագօրէն կը վերածուէր փոխ-հրաձգութեան։ Հայկական կողմը կու տար նահատակ, իսկ Ատրպէյճանի յայտարարուած զոհերուն թիւը կը հասնէր 3-ի։ Յայտարարուած կ’ըսեմ, որովհետեւ բոլորին համար աւելի քան բացորոշ է, որ նման դէպքերու պարագային Պաքու «սիսթեմաթիք» կերպով կը շարունակէ թաքցնել իր կրած կորուստներուն իրական թուաքանակը։ Այստեղ հարկաւոր է նաեւ նշել, որ ի տարբերութիւն տարի մը առաջ եղած մարտերուն, այս անգամ Ատրպէյճան բախած էր զինուորական քաջարի դիմադրութեան ու այդ մասին ալ տարբեր մակարդակի վերլուծութիւններ հնչեցին հայրենի մէկէ աւելի լրատուական հարթակներէ։
Ճիշդ յստակ չէ, թէ հայոց բանակը, ինչ տիպի զէնքեր (կամ նոյնիսկ ԱԹՍ-ներ) գործի մղած է, սակայն ուրախալին է այն, որ ՀՀ Զինուած Ուժերուն մօտ դրական շարժ մը երեւելի է, որն ամբողջ փոխկապակցուած է բանակը ոտքի հանելու, վերակազմակերպելու ու ամենակարեւորը արդիական դարձնելու հիմնադրոյթներուն հետ։
Ճիշդ է, որ Հայաստան աշխարհն ու հայութիւնը սգացին ինկած կորուստներուն ցաւը, սակայն պարզ դարձաւ, որ Հայկական կողմէն եղած պատասխան-կրակին հետեւանքով էր միայն, որ ատրպէյճանցիք դադրեցուցին իրենց կրակը։
Այստեղ անշուշտ մէջտեղ կը հանուին մի քանի կարեւոր վարկածներ, որոնք ցարդ կը շարունակեն գրաւել վերլուծող շրջանակներու ուշադրութիւնը։
Եւ այդ կէտերը ամփոփելով կարելի է հարց տալ
Ա.) Արդեօ՞ք Պաքուի կողմէ եղած այս սադրանքը միտումնաւոր սադրանք մըն էր, կամ հետեւանք էր այդ պահուն եղած լարումին։
Բ.) Ի՞նչ համարձակութիւն պիտի ունենային ատրպէյճանեան ուժերը նման սադրանքի մը «վազելու», երբ ամբողջ աշխարհը տիւ եւ գիշեր հակամարտող կողմերը «կը խրատէ», որ ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու միակ իրական ճանապարհը բանակցութեանց սեղանն է։
Գ.) Այս բոլորին զուգահեռ, ի՞նչ է ռուսական խաղաղապահներու «իրական» դերն ու ըսելիքը։
Դ.) Եւ վերջին, արդեօ՞ք եղած դէպքերը պարզապէս կը նպատակադրէին կասկածի տակ առնել, կամ նոյնիսկ վարկաբեկել եւրոպացի դէտերու հարցը։
Այս դիտարկումներուն վրայ հարկ է աւելցնել նաեւ այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճան նման քայլերով եւ միտով բանիւ կը փորձէ հասկնալ հայկական կողմին «իրական» վիճակը։ Պաքուին համար, արդեօ՞ք հնարաւոր է դիմել «սողացող» պատերազմի մը սկզբունքներուն ու յառաջանալ ու նոր դիրքեր ամրացնել Հայաստանի հետ սահմանի ողջ երկայնքով։ Վերջնական պատասխան մը չկայ, մասնաւորապէս վերջին վարկածին ու մտահոգիչն այն է, որ հայկական սահմաններէն ներս եղած թափանցումները մինչեւ այս պահը չեն յանգեցուցած վերջնական լուծման. Բան մը, որ կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան իր ունեցած «ձեռքբերումներ»ը ամէն գնով պիտի փորձէ դնել բանակցութեանց սեղանին ու նաեւ հնարաւորինս օգտուիլ այդ «միաւորներ»էն։
Քաղաքական ընդհանուր դրութիւն
Հարաւային Կովկասի մէջ այս օրերուն ստեղծուած համապատկերը ամբողջական կապ ունի Ուքրանիոյ զարգացումներուն հետ։ Աւելի քան յայտնի է, որ Ռուսաստան ըլլալով բաւականին «խառն» դրութեան մը մէջ, վերատեսութեան ենթարկած է իր առաջնահերթութիւնները ու պարզապէս կը շարժի այդ դրոյթներով։
Միւս կողմէ Պաքուի ղեկավարութիւնը հաշուի առնելով այս բոլորը, ոչ միայն խաղի նոր կանոններ կը փորձէ կիրառել, այլ նաեւ գործի կը դնէ գործընթացները արագացնելու նոր մեթոտ մը, որն ամբողջութեամբ ի վնաս հայկական կողմին է։
Այս երկու դրոյթներէն անդին կայ անշուշտ իրանեան մօտեցումը, որ խորքային կերպով դէմ է Ատրպէյճան-թրքական կողմէն մէջտեղ հանուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի մը խնդրին։ Եւ գուցէ այս պատճառով է նաեւ, որ Պաքու փոխելով իր «քաղաքական թնդանօթներ»ուն ուղղութիւնը տագնապին հումքը դարձեալ կը վերադարձնէր դէպի Արցախ։
Ու այդ կանոնով շարժուելով Ատրպէյճան արդէն աւելի քան 120 օր փակուած կը շարունակէ պահել Արցախը Հայաստանին կապող միակ ցամաքային ճանապարհ հանդիսացող՝ «Լաչինի միջանցք»ը։
Այս է անշուշտ ընդհանուր պատկերը ու այս բոլորէն բացի խնդրին վրայ կարող ենք աւելցնել Ռուս-ամերիկեան մեծ հակամարտութեան մի քանի շեշտերը, որոնք անմիջականօրէն ալ կը կապուին Արեւմուտք-Իրան հակամարտութեան մեծ ուղեծիրին հետ։
Պաքու, որ բաւական հմտօրէն առաջ կը տանի իր «խաղ»ը, որ խորքին մէջ միայն իր խաղը չէ, կը զարնուի բաւական կուռ դիմադրութեան մը, ի մասնաւորի իրանեան կողմէն ու ատոր դիմաց ալ արդէն իսկ կը հասնի համոզման մը, որ այս փուլին ռազմական մեծ գործողութիւն մը սկսիլը գրեթէ «խելագարութիւն» է։
Կայ անշուշտ Թուրքիոյ գործօնը, որ ըստ երեւոյթին այս փուլին պատրաստ չէ ամբողջական ու սպառիչ կերպով խաղին մէջ մտնել, այն պահուն, երբ Էրտողանի համակարգը կանգնած է բաւական բարդ դրութեան մը առջեւ։
Մէկ կողմէ աւերիչ երկրաշարժը, եւ միւս կողմէ յառաջիկայ Մայիսին սպասուած ընտրութիւնները Թուրքիան դրած են աւելի մեղմ դերով մը հանդէս գալու հարկադրանքին տակ, որ գուցէ նոյնութեամբ ալ կրնայ ազդել ՝ Ատրպէյճանի ռազմատենչ ռազմավարութեան վրայ։
Այս բոլորին զուգահեռ կայ անշուշտ հայկական գործօնի վերստեղծման կամ ամրացման կարեւորութիւնը, որ պէտք է ըլլայ, ոչ միայն դիւանագիտական կնիքով, այլ մասնաւորապէս ռազմական մօտեցումով՝ բանակի արդիականացումով։
Մեր առաջ դրուած հիմնահարցը այսօր միայն ժամանակ շահիլը չէ, ոչ ալ խաղաղութեան պայմանագրին վրայ ժամանակ վատնելը, այլ սահմաններու ամրացումը։
Վստահօրէն պաշտօնական Երեւան լծուած է դիւանագիտական բաւականին մեծ ճիգերու, որուն զուգահեռ ալ առկայ է բանակը ամրացնելու մեծ ճիգը։ Այս երկու դրուածքներուն ամրացման հետ, կայ նաեւ ներքին կայունութեան շեշտակի կարեւորութիւնը, որ ցաւալիօրէն կը շարունակէ կաղալ։
Իշխանափոխութեան խնդիրը, ու նաեւ արտաքին ազդակներէն օգտուելու, կամ սահմանի բարդութիւնները միաւոր դարձնելու ճիգերը կը շարունակեն մնալ երեւելի, հակառակ անոր, որ Երեւանի մէջ հանրային ուժեղ փափաք մը, կամ ներուժ մը չկայ իշխանափոխութիւնը յաջողցնելու։ Ու հոս է կարեւոր ամրագրումը, որ ներքին վէճերու մէջ ինքզինք սպառող ընդդիմութիւնը, եւ միւս կողմէ ներքին պառակտման ջրաղացին ջուր լեցնող իշխանութիւնը, պարտաւոր են հասկնալ, թէ այս փուլը պէտք է անցնել նուազագոյն կորուստներով։
Քաղաքական կեանքին տալ իրական ընթացք, պատրաստուիլ գալիք ընտրութիւններու եւ այդ բոլորի կողքին ապահովել սահմաններու անվտանգութիւնը։
Այս բոլորէն բացի կայ անշուշտ Արցախի խնդիրը, որն ունի բազում երեսակներ, որոնց ամէնաէակնն այն է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ ռուսական ներկայութեան դրուածքն է, որ հակառակ բոլոր մակարդակի տատանումներու կարեւոր յանձնառութիւն է Մոսկուայի համար, որմէ դժուար թէ Ռուսաստան, այսքան հեշտ հրաժարի։
Սագօ Արեան