Արեւելք-Արեւմուտք խաղը կը շարունակուի. Տուժողը միայն Հայաստանն է

Տարբաղադրումները, սպասումները եւ Հայաստանի շուրջ գոյացած մեծ հետաքրքրութիւնը պայքար է բեւեռներու միջեւ։ Ու այդ պայքարին մէջ նոյն խաղի թելերուն վրայ իրենց «գոյութիւն»ը կ’ապահովեն եւ Հայաստանի անփորձ իշխանութիւնները եւ ալ հեռանկար չունեցող ընդդիմութիւնը, որ արդէն քանիերորդ անգամն ըլլալով կը համարուի «տապալած ընդդիմութիւն» մը։

Հեռանկարներու եւ արեւելումներու առումով ուշագրաւն այն է, որ հակառակ իրենց ունեցած «նախասիրութիւններ»-ուն իշխանութիւնները եւ յատկապէս Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ «խաղալ» Մոսկուայի խաղը այն վառ յոյսով, որ այդ կերպ պիտի շարունակէ իր իշխանութիւնը կամ աւելի կոպիտ ըսած՝ աթոռը։ Ճիշդ է, որ գործող իշխանութիւնները տարբեր մակարդակներու վրայ փորձեցին ստեղծել այն կարծիքը, որ իրենք արեւմտամէտ են, սակայն անոնք անկեղծ չեղան ու անկեղծ չեն արեւմուտքի հետ։

Ի հարկէ, երբ արեւմուտք կ’ըսեմ կ’ակնարկեմ Միացեալ Նահանգներուն, որ մասնաւորապէս անցեալ Սեպտեմբերին Ջերմուկի ուղղութեամբ եղած Ատրպէյճանեան գրոհը, ոչ միայն սաստեց այլ լռեցուց Պաքուի մասնայատուկ ուժերու կողմէ բացուած կրակը։

Այդ քայլը գուցէ խորքային քայլ մը չէր այն առումով, որ ոչ Հայաստանցիներս, ոչ ալ Արցախցիք «իրական» նեցուկ մը տեսանք ՝ Միացեալ Նահանգներէն։

Եղածը ձեւական նեցուկ մըն էր, որ արտայայտութիւն գտաւ ԱՄՆ Գոնկրէսի նախկին նախագահ Նէնսի Փելոսիի Երեւան տուած այցով, ուր ան «զօրաւոր» սլաքներ նետեց Իրանին հանդէպ ու նաեւ տեղ մըն ալ իր «կարապի երգ»-ին հայկական տարբերակը ներկայացուց…։

 

Ընդհանուր պատկերը եւ այսօր ստեղծուած դրութիւնն անշուշտ կը շարունակեն մնալ մտահոգիչ։ Մեզի համար, նոյնիսկ որպէս դիտարկողներ, ոչ մէկ յստակութիւն կայ, որ Փաշինեան ինչի մասին կը բանակցի ռուսներուն հետ, ու ոչ միայն այն տակաւին ոչ մէկ կերպ յստակ է, որ Մոսկուա կրնա՞յ վերջ տալ Ալիեւի հռետորաբանութեան ու դրական քանի մը կարեւոր քայլերու ճանապարհ մը բանալ։

Այդ կարեւոր հիմնահարցերը միայն Արցախեան պատերազմին գերի ինկածներուն հիմնադրոյթը չէ, այլ աւելի վատը այն է, որ Ատրպէյճանցիք ներթափանցած են Հայաստանի հողերէն ներս «թքած ունենալ»-ով ոչ միայն Հայաստանի «սիրելի» դաշնակից՝ Ռուսաստանին, այլ «Միջազգային հանրութիւն» կոչուածին վրայ։ Այս թէժ պատկերը հաշուի առնելէ անդին, տակաւին մեզի համար ալ անյստակ կը մնայ, որ արդեօք Արեւմուտքը եւ նոյնինքն Միացեալ Նահանգները պատրաստ ե՞ն անկեղծ եւ իրաւարար դեր մը կատարելու, կամ թէ Ուաշինկթընի միակ եւ հիմնական «տարտն ու փորացաւ»-ը Իրանի հետ հարցերն են ու նաեւ անոնք կը փնտռեն իրական «առիթաւորում» յոյս մը, որպէսզի կարողանան Երեւանի վրայով ինչ որ «մէսըճներ» ուղղել ներքին բարդ վիճակներու մատնուած Թեհրանին։

 

Այս բոլորը կարեւոր հարցադրումներ են անշուշտ, սակայն խնդրի ամենակարեւոր կէտն այն է, որ Հայաստանը ունի ժամանակի լուրջ խնդիր եւ ցանկացած ռազմական գործողութեան պարագային կրնայ շատ աւելի վատ դրութեան մը մէջ յայտնուիլ, քան ինչ շատերը կը մտածեն։

Ռուսաստան ըստ երեւոյթին դեռ երկար ժամանակով զբաղուած պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ տագնապով ու ատոր համար ալ պիտի փորձէ նօսր ճիգեր գործի դնել կանխելու համար Ալիեւի վարչակարգին նոր եւ ցաւոտ ըլլալիք ցանկացած արկածախնդրութիւն։ Միւս կողմէ սակայն նոյն Մոսկուան չունի բաւարար ներուժ, որպէսզի դուրս մղէ Ատրպէյճանը հայկական տարածքներէն ու այս պատկերին դիմաց ներկայ պահու դրութեամբ Հայաստանի համար կարեւոր յոյսի մը պատուհան կը հանդիսանան Իրանը (անվտանգութեան տեսակէտէ) եւ Միացեալ Նահանգները խնդիրներուն քաղաքական եւ երկարաժամկէտ լուծումներ բերելու համար։

Ամէն պարագայի տակ, աւելի յստակ պատկերացում մը կազմելու համար, թէ ինչ կը մտածեն Ամերիկացիք, ինչո՞ւ յաւելեալ ճնշումներ չեն գործադրեր եւ ի վերջոյ ի՞նչ յոյսեր ունենալ անոնցմէ, ստորեւ կը ներկայացնեմ ամերիկացի քաջ լրագրող՝ Մայքըլ Ռուպընի հայկական խնդրին նուիրուած եւ «Պայտըն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Պլինքըն թոյլ պիտի տա՞յ այն կրկնել» խորագրուած յօդուածին կարեւոր մասերը։

 

 

Ռուպըն կը գրէ՝

«Ամերիկայի հայկական սփիւռքը ողջունեց, երբ նախագահ՝ Ճօ Պայտըն կատարեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր նախընտրական խոստումը։ Երկու օր ետք, առանց որեւէ նախազգուշացում տալու ծերակուտականներուն եւ այդ հարցով առաւել ներգրաւուած ներկայացուցիչներուն, պետական քարտուղար՝ Էնթընի Պլինքըն որոշեց շրջանցել «Ազատութեան աջակցութեան օրինագիծի» 907-րդ բանաձեւը: Այդ կէտը, ըստ էութեան, կ’արգիլէր ռազմական օգնութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին, քանի դեռ այն չէ ցուցադրած իր յանձնառութիւնը Հայաստանի հետ ընթացիկ վէճերը դիւանագիտական ​​ճանապարհով լուծելու հարցով: Թէեւ յաջորդական վարչակազմերը երկար ժամանակ հրաժարած էին 907-րդ կէտէն՝ Ատրպէյճանը որպէս Իրանի դէմ դաշնակից աճեցնելու համար, 2021 թուականի Ապրիլի հրաժարումը եւ անոր յաջորդած հրաժարումը անցեալ Յունիսին զարմացուց դիտորդները, քանի որ անոնք բացայայտօրէն կը խախտէին օրէնքը:

 

Պլինքըն, հաւանաբար, կը գիտակցի այդ, բայց ճիշդ կը կարծէր, որ Քոնկրէսը զինք պատասխանատուութեան պիտի չենթարկէ: Ան թերեւս կը հաւատայ նաեւ, որ 907-րդ բանաձեւէն հրաժարումը կը թուլցնէ այն զայրոյթը, որ Պաքուն եւ Անգարան կրնան զգալ Ուաշինկթընի հանդէպ՝ պատմական փաստը ճանչնալու համար։

 

Պլինքընի «երկկողմանի քաղաքականութեան» (bothsidesism) խնդիրն այն է, որ այն կը խրախուսէ ծայրայեղութիւնները: Հրաժարումէն յետոյ Ատրպէյճանի բռնապետ՝ Իլհամ Ալիեւ կառուցեց յուշահամալիր, որ կը յիշեցնէ Սատամ Հուսէյնի պատերազմի ժամանակուայ քարոզչութիւնը: Ալիեւ նաեւ բազմիցս հերքած է Հայաստանի գոյութեան իրաւունքի օրինականութիւնը եւ պահանջներ ներկայացուցած Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանը գտնուող քաղաքներու նկատմամբ: Միացեալ Նահանգները հիմնականին մէջ կը լռէ, երբ Ատրպէյճանը համակարգուած կերպով կը ջնջէ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը: Այսօրուան ատրպէյճանական հռետորաբանութիւնը եւ հայերու ապամարդկայնացումը (dehumanization) կը յիշեցնէ Ռուանտան հակաթութսիական ցեղասպանութենէն անմիջապէս առաջ կամ Չինաստանը՝ Ույղուր փոքրամասնութեան եւ մշակոյթի առումով: Մինչ Պետական բաժանմունքը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Կովկասի հակամարտութիւններուն կը մօտենայ որպէս դիւանագիտական ​​խնդիր, որու լուծումը ստեղծագործ դիւանագիտութեան եւ փոխզիջումներու մէջ է, անոնք կ’արժեզրկեն գաղափարախօսութեան դերը: Անոնք կ’անտեսեն, օրինակ, այն փաստը, որ 2020 թուականի Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ներխուժումը հայկական կողմէն վերահսկուող Լեռնային Ղարաբաղ տեղի ունեցաւ բնօրինակ ցեղասպանութեան ֆոնին Օսմանեան կայսրութեան Հայաստան ներխուժման 100-րդ տարելիցին օրը: Բռնապետները հեշտութեամբ չեն հրաժարիր գաղափարախօսութենէ, երբ անիկա ներքին տարաձայնութիւններէն, տնտեսական ձախողութենէն եւ իշխող ընտանիքի փտածութենէն շեղելու գործիք կը հանդիսանայ:

 

Այսօր պարզ դարձաւ Պլինքընի «երկկողմանի» քաղաքականութեան հակումի եւ Ալիեւի հրահրումը անտեսելու միտումնաւոր որոշումի գինը: Մինչ ատրպէյճանական կուսակցականները կը պնդեն, որ ատրպէյճանական ուժը իրաւասու է դադրեցնելու հայկական ինքնակառավարումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ այս մօտեցումին իբրեւ օրինակ ատրպէյճանական ուժերը կը յարձակին ոչ թէ այդ Ղարաբաղի հայկական տարածքներուն, այլ կը խախտեն Հայաստանի միջազգային ճանաչում ունեցող սահմանները եւ կը գրոհեն Հայաստանի ուղղութեամբ։

 

Այս իրավիճակին մէջ յաղթողներ չկան։ Հայերը կ’ենթարկուին ցեղային զտումներու եւ վայրագութիւններու, որոնք նման են անոր, ինչ կրած են 107 տարի առաջ: Ատրպէյճանցիները կը տառապին իրենց անկախութեան հետագայ անբարոյականութեամբ (բնագրով՝ պոռնկութեամբ) յօգուտ Թուրքիոյ եւ այն փաստին, որ Ալիեւ կ’օգտագործէ ռազմական ճգնաժամերը՝ յետաձգելու համար այդքան անհրաժեշտ բարեփոխումները: Ռուսիան կը շահի որպէս միջնորդ, ԱՄՆ-ի որեւէ լուրջ ջանքերու բացակայութեան պայմաններուն տակ։ Անկեղծ խօսինք, ԱՄՆ-ի մէջ ատրպէյճանական լոպպին նոյնպէս կը նպաստէ Ռուսիոյ դիրքորոշման՝ հաշուի առնելով, որ Ռուսիոյ տնտեսական գործընկերութիւնն Ատրպէյճանի հետ այսօր կը գերազանցէ Հայաստանի հետ գործընկերութիւնը:

 

Ցեղասպանութիւնը կրնայ տեղի ունենալ արագ, կամ կրնայ իրականացուիլ տարիներու ընթացքին: Ալիեւն այսօր կը հաշուարկէ, որ Ուաշինկթընի մէջ լրջութեան բացակայութիւնը ձեռնտու է իրեն։ Ան կը հաւատայ, որ կրնայ աւելի լաւ խաղալ եւ աւելի խելամիտ ըլլալ, քան Պլինքըն: Այն, ինչ Ատրպէյճանը կրնայ չաւարտել կայծակնամարտով, կրնայ իրականացնել դանդաղ ընթացքով: Անկախ արագութենէն՝ թէ՛ հռետորաբանութիւնը եւ թէ՛ գործողութիւնները ցոյց կու տան անոր իրական նպատակը։

 

Եթէ Պլինքըն չի ցանկար ըլլալ այն քարտուղարը, որու հսկողութեան ներքոյ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կ’աւարտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ուրեմն ժամանակն է ուժային պատասխան տալու։ Վերջ տուէք 907-րդ կէտէն հրաժարման: Ատրպէյճանի դէմ շատ աւելի լայն պատժամիջոցներ սահմանեցէք: Խթանէք արեւելեան միջերկրածովեան կազի ու նաւթի արտահանումը Իսրայէլէն, Կիպրոսէն եւ Յունաստանէն, որպէսզի չդառնանք մէկ այլ բռնապետական ռեժիմի պատանդը, որ հեգնանքով կը փորձէ ինքզինք որպէս այլընտրանք ներկայացնել ռուսական կազին՝ միաժամանակ պահանջելով ռուսական ներդրումներ: Հրաժարեցէք Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ճանաչումէն, որ աւելի շատ Իոսիֆ Սթալինի ցինիզմի հետքն է, քան «պատմական» իրականութիւն։ Ամենաիմաստուն քարտուղարները կը ճանչնան իրենց սխալները եւ կը վերադասաւորեն իրենց գործողութիւնները:

Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանին, ապա ըսեմ, որ այդ առումով Պլինքըն վաղուց ուշացած է»։

 

 Սագօ Արեան